Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին սատարող քոնկրեսականներուն թիւը աւելցած է

Արամ ՀամբարեանՄիացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկացումներու յանձնախումբերու յառաջատար քոնկրեսականները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման: Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւին սատարող պաշտօնեաներուն միացած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիոթ Էնկել, յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Նիթա Լուի, պիւտճէի հարցերով ենթայանձնախումբի անդամ Քրիս Վան Հոուլի եւ ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի անդամ Հենրի Վաքսման:

Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող արձանագրութիւն կազմելու: Կը նշուի, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման առանցքը պէտք է կազմեն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հետեւանքներուն հատուցումը, միջազգային մակարդակով ոճիրին արդարացի եւ համապարփակ լուծում տալը: «Մենք կ՛ողջունենք «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւի մուտքը Ներկայացուցիչներու տուն: Ատիկա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրուած նորարարական նախաձեռնութիւն է, որ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն նոր մօտեցում ցուցաբերելու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նկատմամբ», նշեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

http://www.aztagdaily.com/archives/139580

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ