ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճան եւ Թուրքիա արդէն իսկ միասնական բանակ մը ձեւաւորելու գործընթացին մէջ են. Երկուշաբթի, Օգոստոս 5ին այսպէս յայտարարած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի Ապահովութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Զահիտ Օրուճ: Ան աւելցուցած է, թէ վերջերս տեղի ունեցած երկու երկիրներու միացեալ ռազմափորձերը կը փաստեն, որ երկու պետութիւնները կ՛ուզեն միասնական կեցուածք մը որդեգրել տարածաշրջանային խնդիրներու ուղղութեամբ, եւ այդ յարաբերութիւնները՝ «տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական հիմքեր ունենալու կողքին, կը ստեղծեն նաեւ իրենց ամենակարեւորը՝ ռազմական բաղադրամասը», ընդգծած է Օրուճ:
Օրուճ աւելցուցած է, թէ համագործակցութեան սահմանումը պէտք է ըլլայ ոչ թէ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» ձեւաչափով, այլ՝ «Մէկ ազգ, միասնական բանակ» սկզբունքով:
«Այդ ուղղութեամբ, գոյութիւն ունին բանակները կատարելագործելու կարելիութիւններ՝ ՆԱԹՕի ձեւաչափերու օգտագործումով: Ատրպէյճանի ուժին աճով պիտի աւելնայ նաեւ տարածաշրջանին մէջ անոր ազդեցութիւնը: Այդ ոլորտէն ներս, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը ձեռնարկեն համատեղ ռազմավարական քայլերու: Այսուհետեւ, ընդլայնելով հնարաւորութիւնները՝ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել միեւնոյն առաքելութիւնը իրականացնող ռազմական միաւորներ: Այս բոլորին համար առկայ են քաղաքական կամք, բաւարար քանակութեամբ պաշարներ», եզրակացուցած է խորհրդարանական յանձնախումբի անդամը:
Leave a Reply