Քիւրտերը Անգարայէն քայլեր կը պահանջեն սեպտեմբեր 1էն առաջ

ՔիւրտերՔրտական «Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վերջերս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի տեղակալ ընտրուած Ճեմիլ Պայըք յայտնած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը սեպտեմբերէն առաջ պէտք է քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ շօշափելի քայլեր որդեգրէ, այլապէս՝ պիտի դիմագրաւէ զինեալ գործողութեանց վերադարձի վտանգը:
«Սեպտեմբեր 1ը պայմանաժամն է: Եթէ մինչեւ Սեպտեմբեր քայլեր չառնուին, ապա պիտի հասկցուի, թէ նպատակը խաղաղութիւնը չէ: Այդ պարագային՝ ազատութեան շարժումն ու քիւրտ ժողովուրդը իրենք զիրենք պիտի պաշտպանեն», ընդգծած է Պայըք:
Քիւրտ այլ ղեկավարներ նախապէս սպառնացած էին հաշտութեան գործընթացը կասեցնել, եթէ կառավարութիւնը մինչեւ հոկտեմբեր յատկանշական քայլերու չդիմէ:

http://asbarez.com/arm/168963/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ