Հայ երիտասարդներ հայրենաճանաչողական այցելութիւն կու տան Արեւմտեան Հայաստան

հայրենաճանաչողական այցՀայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Արժանթինէն 21 երիտասարդներ ուխտագնացութեան մեկնեցան Արեւմտեան Հայաստան:

ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի ու «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այցելութեան ընթացքին, անոնք գտնուեցան Տերսիմ, Էրզրում, Համշէն եւ այլ բնակավայրերու մէջ:

Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան նշեց, որ այս ծրագիրը մէկ բառով կարելի է կոչել հայրենաճանաչողական:

«Պէտք է հասկնալ, որ Արեւմտեան Հայաստան այցելութիւնը բնութիւնը, եկեղեցիները տեսնելը չէ, այլ մտերմանալը Ցեղասպանութենէն ետք հայկական այդ հողերուն մէջ այսօր ապրող հայերուն հետ, որոնք կրցած են գոյատեւել այդ պայմաններուն մէջ», նշեց Սարգիս Մկրտչեան:

Ուխտագնացութենէն տպաւորուած են նաեւ երիտասարդները: Ըստ անոնց, պատմական Հայաստանի մասին գիրքերուն մէջ կարդացած եւ ծնողներէն լսած պատմութիւնները էականօրէն տարբեր են իրականութենէն:

http://www.aztagdaily.com/archives/138719

One response to “Հայ երիտասարդներ հայրենաճանաչողական այցելութիւն կու տան Արեւմտեան Հայաստան”

  1. nare

    վարձքերնիդ կատար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ