ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 2ին հաստատեց մէկ օր առաջ «Ակօս» թերթին մէջ բացայայտուած այն տեղեկութիւնը, թէ կառավարութիւնը «ցեղային գաղտնաթիւ»եր կ՛օգտագործէ փոքրամասնութեանց մաս կազմող իր քաղաքացիները զանազանելու համար:
Արդէն իսկ փոքրամասնութեանց նկատմամբ ոչ նախանձելի քաղաքականութիւն վարող երկիրի մը մէջ նման քայլ մը խտրականութեանց առջեւ լայն դուռ կը բանայ եւ ցոյց կու տայ, թէ խտրականութեան արմատները կը հասնին մինչեւ «արդի» Թուրքիոյ հանրապետութեան հաստատման օրերը:
Ըստ «Ակօս»ի՝ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը խիստ կերպով կը հետեւի փոքրամասնական դպրոցներուն, որպէսզի հոն յաճախեն միայն այդ փոքրամասնութեան պատկանող աշակերտներ: Իր հայ զաւակը հայկական դպրոց մը արձանագրելու փորձին ընթացքին, հայ ընտանիքի մը դիմագրաւած դժուարութիւններէն բացայայտուած է, թէ հայերուն վերագրուած «ցեղային գաղտնաթիւ»ը 2ն է, իսկ յոյներուն եւ հրեաներուն վերապահուած են յաջորդաբար 1 եւ 3 թիւերը: Թուրք պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ միայն նշեալ փոքրամասնութեանց անդամները «ցեղային գաղտնաթիւ»եր ունին, մինչ այլ ոչ թուրք քաղաքացիներուն «ցեղային գաղտնաթիւ» չէ «շնորհուած»:
Այս լուրին բացայայտումը քննադատութեանց դուռ բացած է կառավարութեան հասցէին, եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններ կոչ ըրած են, որ անմիջապէս ջնջուի խտրականութեանց առաջնորդող այս դրութիւնը:
«Ցեղային Գաղտնաթիւ»երու Օգտագործումը Նեղ Կացութեան Կը Մատնէ Անգարան
•
Leave a Reply