«Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ ազգերու հաշտեցման կամուրջ»

Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչներՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Չորեքշաբթի, մայիս 29ին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանէն ներս իրականացաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ ազգերու հաշտեցման կամուրջ» խորհրդաժողովը՝ համակազմակերպութեամբ Եւրոխորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին ու Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին: Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Եւրոխորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէօխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Անտրէաս Փիցիլիտիս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն):
Ներկայ էր նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովէն պատուիրակութիւն մը, որ Պրիւքսէլ կը գտնուէր՝ «Եուրոնեսթ»ի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին մասնակցելու համար:
Բացումը կատարեց Թէօխարուսի օգնական Մերի Փանուսի, որ շեշտեց ձեռնարկին եւ անոր խորհուրդին կարեւորութիւնը: Ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց Էլենի Թէօխարուս, որ կեդրոնացաւ հաշտեցման վրայ ու շեշտեց, թէ հայերուն դէմ՝ «մարդոց կողմէ մարդկութեան դէմ» ոճիր մը իրագործուած է, եւ թէ նման ոճիրներ պէտք է կանխարգիլել՝ իսկական եւ իրաւական պայմաններու վրայ հիմնուելով, այլ ոչ թէ անցեալը մոռացութեան մատնելով՝ կեղծ հաշտութեան սիրոյն: Ան նաեւ նշեց, որ հայերէն բացի յոյները եւ ասորիները ջարդելու քաղաքականութեամբ, Միջին Ասիոյ ամբողջ քրիստոնեայ բնակչութիւնն էր, որ ոչնչացման ենթարկուեցաւ: Ան երկար ակնարկ մը նետեց Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ այլամերժութեան, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի գրաւման քաղաքականութեան վրայ:
Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի թագաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ատոնց նշեց, որ հայ ժողովուրդին պայքարը համամարդկային է եւ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու նպատակ ունի: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն անցեալին չի պատկանիր ու կը շարունակուի մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:
Խորհրդաժողովի կեդրոնական պատգամաբերն էր Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացող օրէնքի նախագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէն, որ յատկապէս ըսաւ. «Ֆրանսա պէտք է վաւերացնէ Եւրոպական Միութեան որոշումը, որով կը պահանջուի պայքարիլ օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին, Ֆրանսայի մէջ թուրք եւ ազերի քարոզչութիւնը օրէ օր կը սաստկանայ: Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր երկրին ձայնը պէտք է բարձրանայ՝ պաշտպանելու համար մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու սկզբունքները: Քարիւղը ո՛չ յիշողութիւն, ո՛չ մարդկային իրաւունք կը գնէ»:
Պուայէ աւելցուց. «Օրէնքը, որ կը քրէականացնէ Հրէական Ողջակիզման եւ ոչ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, անհաւասարութիւն կը դնէ զոհերուն միջեւ: Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն չի կրնար պատժել անոնք, որոնք կը հերքեն զայն: Յանցագործութեան հերքումը երկրորդ անգամ կը սպաննէ զոհերը»: Ան նաեւ յայտնեց, որ դէմ է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, որովհետեւ Թուրքիան կը շարունակէ բռնագրաւել այլ երկիրներուն հողերը եւ կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ դասախօս, պատմագէտ փրոֆ. Պեռնար Քուլի, որ պատմական ակնարկ մը կատարեց՝ անդրադառնալով Օսմանեան կայսրութեան փոքրամասնութիւնները հալածանքի ենթարկելու քաղաքականութեան՝ նշելով, որ զոհն ու ոճրագործը չեն կրնար մոռնալ անցեալը:
Ֆրանսայի հայ իրաւաբաններու եւ դատաւորներու միութեան անդամ, իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան, իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ ցեղասպանութիւններու ուրացման քրէականացման իրաւական հիմքերուն՝ նշելով, որ ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն է, եւ թէ այս եւս պէտք է տեղ գտնէ մշակուելիք օրէնքին մէջ:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, որ թուականը նկատի առնելով՝ պէտք է շնորհաւորել ներկաները ՀՀ Առաջին հանրապետութեան կերտման 95ամեակին առիթով, եւ նշեց այդ օրերուն նուաճումները՝ մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարական հասկացողութեան եւ ըմբռնումներու, հասարակական կառավարման յառաջդիմական քաղաքականութեան, կիներու ընտրութեան եւ ընտրուելու իրաւունքի, ինչպէս նաեւ կրթական համակարգի ծիրին մէջ: Իսկ անդրադառնալով խորհրդաժողովի օրակարգին՝ ան շեշտեց, որ Թուրքիան օրուան պատշաճ պատգամը պիտի ստանայ բանախօսներէն, թէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ հատուցումով միայն կարելի է շրջանին մէջ կառուցել հաշտութեան կամուրջ:
ՀՀ պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ նաեւ Վահան Յովհաննիսեան, որ ողջունեց նման խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը Եւրոխորհրդարանին կողմէ, եւ նշեց, թէ միայն ճանաչումով եւ հատուցումով կրնայ իսկական հաշտութիւն գոյութին ունենալ երկու երկիրներուն միջեւ ու տարածաշրջանէն ներս:
Խորհրդաժողովի աւարտէն առաջ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցեր ուղղելու պատգամաբերներուն:

http://asbarez.com/arm/163688/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ