ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ Անգարայի մէջ կազմակերպուած Ժողովրդավարութեան ու հաշտութեան համագումարին նպատակն էր քննարկել քրտական հարցին մէջ հաշտութեան նոր գործընթացը:
Այս կարեւոր համագումարին ընթացքին հարիւրաւոր գործիչ-ներ ելոյթ ունեցան։ Անոնցմէ մէկն էր նշանաւոր գրագէտ Մուրատհան Մունկան, որ իր ուղերձին մէջ, զանազան հարցերու կարգին, յիշեց նաեւ, որ «հայերուն դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն էր եւ պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայերէն»։
Մունկան ըսաւ, որ այլեւս Թուրքիոյ մէջ պէտք է հնչեն հաշտութեան զանգակները։ Ան մինչեւ այսօր գործուած սխալներու պատասխանատուն նկատեց նաեւ մամուլը, եւ պահանջեց, որ լրագրողներ եւս անցեալի իրենց սխալներուն հետ երես առ երես գան։ «Այս երկիրին մէջ պետական մամուլը միշտ գրգռեց պատերազմը եւ ապականեց միտքերը. հիմա ժամանակն է, որ լրագրողները եւս հաշտուին իրենց ասպարէզին հետ», ըսաւ ան։
Մունկան նաեւ յայտնեց, թէ ինք անցեալին վրայէն բոլոր վարագոյրները բանալու կողմնակից է, որովհետեւ անցեալէն կարելի չէ փրկուիլ։ «Երկիրը կը ջանայ կամաց-կամաց հեռանալու մերժումի եւ ուրացումի մշակոյթէն։ Ասիկա պէտք է ըլլայ առանց վրիժառութեան կամ թշնամանքի։ Հաշտուի՛նք անցեալին հետ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Պէտք է ընդունուի Թուրքիոյ մէջ ապրելու հայերուն եւ բոլոր միւսներուն իրաւունքը»։
Իր կարգին, յայտնի մտաւորական Վետաթ Թիւրքալի, իր պատգամին մէջ ողջունեց քրտական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերը, սակայն յիշեցուց, որ քրտական հարցը միակ հարցը չէ Թուրքիոյ մէջ։ Ան շեշտեց, որ Հայկական հարցը եւս պէտք է լուծուի։
«Այսօր, օրինակ, Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ հայերէն լեզուի դասընթացքներ հաստատեցին։ Անոնք ճիգ կը թափեն, որպէսզի հայերէն լեզուն սորվեցնեն», ըսաւ ան:
Leave a Reply