Նոյն պատգամը տուաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայան, որ մասնակցած էր Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան գործարարական համախմբումին։ Անցած շաբաթավերջին կայացած ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Չաղլայան ըսաւ. «Մենք նմանօրինակ բոլոր հաւաքներուն ընթացքին կ՛ըսենք, որ մենք մէկ ազգ ենք, երկու պետութիւն։ Ատրպէյճանի ցաւը մեր ցաւն է, Ատրպէյճանի ուրախութիւնն ալ՝ մեր ուրախութիւնը։ Այնքան ատեն, որ հայերը Ատրպէյճանի պատկանող Ղարաբաղի բռնագրաւումը պիտի շարունակեն, այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի հարցին լուծում մը պիտի չգտնեն, Թուրքիա Հայաստանի հետ որեւէ յարաբերութիւն պիտի չհաստատէ։ Շարունակ կը կրկնենք, որ մեր ատրպէյճանցի եղբայրները ասիկա լաւ գիտեն, եւ մեր ռազմավարութիւնը այնքա՛ն ուժեղ է՝ թէ՛ որպէս կառավարութիւն, թէ՛ որպէս պետութիւն։ Հայերուն տեսակէտէն նոյնպէս, օգտակար պիտի ըլլայ ժամ առաջ Ատրպէյճանին վերադարձնել ղարաբաղեան հողամասերը»։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի տնտեսական վերականգնումի նախարար Շահին Մուսթաֆայեւ ըսաւ, որ այնքան ատեն, որ Հայաստան «բռնագրաւման տակ կը պահէ Ղարաբաղը, պիտի չկարենայ օգտուիլ շրջանի երկիրներուն միջեւ առկայ տնտեսական համագործակցութենէն»:
Leave a Reply