ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սապահ» թերթի կայքին վրայ Մեւլուտ Թեզելի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուած մը ուշագրաւ է իր սրտաբաց ինքնաքննադատութեան ոգիով։ Յօդուածագիրը կը պատմէ, թէ Գերմանիոյ «Պայերն Միւնիխ» ֆութպոլի խումբի անդամ, նշանաւոր ֆրանսացի ֆութպոլիստ Ֆրանք (Պիլալ) Ռիպերի, նշանաւոր է ոչ միայն իր ֆութպոլի ձիրքերով, այլ նաեւ այն իրողութեամբ, որ իսլամացած է:
Ռիպերի իր խումբէն խնդրած է, որ մարզադաշտին մէկ անկիւնը իսլամներու համար աղօթատեղի մը բացուի, իսկ ատոր փոխարէն՝ խումբը որոշած է կառուցել մզկիթ մը, որ պիտի օգտագործուի իսլամ խաղացողներու եւ համակիրներու կողմէ՝ տրամադրելով անոր կառուցման ծախսերուն 85 տոկոսը:
Յօդուածագիրը, գովելով գերմանական խումբին լայնախոհութիւնը՝ հարց կու տայ, թէ թուրքերը ի՞նչ կեցուածք պիտի որդեգրեն, եթէ Թուրքիոյ յայտնի մարզադաշտերէն մէկուն վրայ եկեղեցի մը կառուցուէր։ «Ո՜վ գիտէ, քանիներ դէմ պիտի գան այսպիսի լայնախոհ ձեռնարկի մը։ Մինչդեռ Գերմանիոյ մէջ ո՛չ մէկուն միտքէն կ՛անցնի քննադատել զայն, որովհետեւ հոն կը տիրէ իսկական կրօնական լայնախոհութիւն, ոչ թէ խօսքով լայնախոհութիւն, որ կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ», կ՛եզրակացնէ ան:
Եկեղեցինե՞ր թրքական մարզադաշտներուն վրայ
•
Leave a Reply