7. Ուխտագնացի նօթեր (է). Հողին ուժը

yesayiԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ընդհանուր նկատողութիւններ

Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ

Յոգնած ենք արդէն: Շատեր կը քնանան:

Պահ մը կը փորձեմ ամփոփել մեր տեսածներուն հիմնական եւ ընդհանուր երեւոյթները. փորձեմ ամփոփել:

Ա.- Հայկական վիլայէթներուն մէջ այժմ կ՛ապրին քանի մը միլիոն քիւրտեր: Թուրքերը հիմնականին մէջ Էրզրումի մէջ կեդրոնացած են: Կան նաեւ մեծ թիւով իսլամացած հայեր:

Բ.- Մեծ քաղաքներ են Վանն ու Կարինը , մնացեալները փոքր քաղաքներ են, ինչպէս՛ Կարսը, Սարիղամիշը, Իգտիրը, Պայազետը , Խորասանը Դատվանը, Պիթլիսը, Մուշը, Դերջանը, Արտահանը  …

Գ.- Շրջանի բնակչութեան հիմնական եկամուտը անասնապահութիւնն ու հացահատիկներու մշակումն են: Առեւտուրը կեդրոնացած է քաղաքներուն մէջ:

Դ.- Հակահայ տրամադրութիւնները աւելի զգալի են Կարնոյ եւ Իգտիրի մէջ:

Ե.- Բացառիկ սուտեր կը  ներկայացնեն  թրքական զբօսաշրջային նախարարութեան բացատրութիւնները՛ որեւէ տեղ հայերը չյիշելով:

Ե.- Վերջին տարիներուն շրջանը սկսած է զարգանալ: Ճամբաները բարեկարգուած են եւ շրջանային օդակայանները աւելի գործունեայ դարձած են՛ Վան, Կարին, Կարս, Իգտիր:

Զ.- Բոլոր քաղաքներուն մէջ կան բաւական թիւով  գործող պանդոկներ, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ շրջան կ՛այցելեն բաւական մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ:

Է.- Ամէն տեղ կան հայկական հետքեր եւ ծածուկ հայեր: Բոլոր քաղաքներուն մէջ կարելի է գտնել հայկական թաղամասեր, հայկական լքուած տուներ:

Ը.- Ամէն տեղ զետեղուած են թրքական դրօշակներ, լեռներուն վրայ՛ թրքական մահիկ, թրքերէն հայրենասիրական խօսքեր:

Թ.- Թուրք պետութեան կողմէ ձեռք առնուած վերանորոգումի աշխատանքները, փոշի ցանելու համար են, յատկապէս՛ եւրոպացիներու աչքին: Կը նորոգեն աչքառու կառոյցներ այն շրջաններուն մէջ, ուր շատ այցելուներ կան, մինչդեռ միւս շրջաններուն մէջ քանդումը կը շարունակուի: Յիշենք երկու ամիս առաջ քանդուած Մարութայ սարի Ս. Աստուծածին  մատուռը…

Խառն մտքեր ու ապրումներ կ՛ընդհատեն    վերաքաղը: Կը մտածեմ. այս բոլորը տեսնելէ ետք կա՞յ բան մը, որ վերատեսութեան ենթարկելու կարիք չունի…

Զգալի է այն, որ մեր ամբողջ էութիւնը ցնցուած է մէկ շաբթուան ընթացքին, եւ կ՛ապրինք ուրախութիւն մը, որ անբացատրելի է. ի վերջոյ տեսած ենք մեր ԵՐԿԻՐԸ եւ զգացած` հողին  ուժը:

Մեր միտքը, սակայն, պատասխան կը փնտռէ՛ ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆՔ ԵՐԿԻՐԸ…

Պահ մը ուխտաւորները կ՛արթննան: Աշխուժ զրոյց կը սկսի: Կը քննարկենք մեր ժողովուրդին տկար եւ ուժեղ նկարագրային յատկանիշները:

Կը հաւատանք, թէ հայ ժողովուրդը ուժեղ է, որովհետեւ՛

Ա.- Հայը խելացի  է եւ կրնայ  կանխատեսել: Այս մէկը փաստուեցաւ, երբ հայերը կրցան ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիրանալ: Առանց մտային բարձր կարողութեան եւ տեսիլքի՛ կարելի չէ ճատրակին մէջ յաղթել:

Բ.- Հայը ֆիզիքապէս տոկուն է: Ծանրաբարձութեան եւ ըմբշամարտի  մրցումներուն հայերը միշտ առաջին դիրքերու վրայ եղած են, շատ անգամներ հանդիսանալով աշխարհի ախոյեաններ:

Գ.- Հայը քաջ եւ կռուող է՛ վկայ մեր պատմութիւնը: Մամիկոնեան սպարապետներէն, Գայլ Վահանէն անցնելով՛ մինչեւ մեր ֆետայիներն ու Արցախի հերոսները փաստը տուած են մեր ժողովուրդի փառաւոր սխրագործութիւններուն:

Դ.- Հայը շինարար է եւ աշխատասէր: Ուր որ հաստատուած է, շէնցուցած է շրջանը: Մեր դարաւոր վանքերը, բերդերը, եկեղեցիները, կամուրջները եւ դպրոցները կենդանի փաստեր են:

Ե.- Հայը  որպէս ազգ գոյատեւելու համար ունի բոլոր անհրաժեշտ տուեալները, ինչպէս՛ մայրենի  լեզու, հայերէն գիրեր, ազգային եկեղեցի եւ մշակոյթ: Ազգային արժէքներ, որոնք  աւելի քան բաւարար են:

Զ.- Հայը ունի մեծ ընդունակութիւն՛ յարմարելու բոլոր պայմաններուն եւ հակամէտ է նորութիւնները ընդունելու , սեփականացնելու եւ զարգացնելու:

Է.- Հայու մեծագոյն առաւելութիւններէն մէկը դժուար պահերուն համախմբուիլն է՛ մէկդի դնելով բոլոր անհասկացողութիւններն ու քինախնդրութիւնները:

Համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդը տկար է, որովհետեւ՛

Ա.- Հայը օտարամոլ է: Ան օտարը միշտ աւելի կը գնահատէ, քան՛ իր զաւակը (միշտ յիշենք Յակոբ Պարոնեանի բանաստեղծին օրինակը):

Բ.- Հայը անմիաբան: Չենք յաջողած ամուր կեդրոնական իշխանութիւն ստեղծել, որովհետեւ միշտ եղած են կեդրոնախոյս ուժեր, որոնք թիկունք չեն կանգնած այդ իշխանութեան: Միշտ յիշենք Արշակաւանի օրինակը:

Գ.- Հայը տկար է իր դաստիարակութեան մէջ: Ընդհանրապէս  մեր սերունդները չեն ունեցած ամուր  ազգային դաստիարակութիւն: Ազգի հոգերը ինկած են փոքր թիւով մարդոց ուսերուն, մինչ մեծամասնութիւնը մնացած է անտարբեր…

Դ.- Հայը բնոյթով արկածախնդիր է, միշտ նորութիւններ փնտռող, որ զինք դարձուցած է կեանքէն չգոհացող եւ միշտ աւելին փնտռող ,որ պատճառ հանդիսացած է իր երկիրը ձգելու եւ գաղթելու:

Ե.- Հայը միամիտ է եւ անվճռական: Ճակատագրական պահերուն դանդաղող եւ սպասող: Ա. Համաշխարհային պատերազմին նախօրեակը վառ օրինակ է:

Զ.- Հայերուն մէջ միշտ վնասակար եղած են խանգարող տարրերը եւ անոնց հանդէպ թոյլ մօտեցումը: Միշտ վասակներ, վեստսարգիսներ ու մատնիչներ վնաս հասցուցած են ժողովուրդին:

Է. հայը արագ խանդավառուող եւ արագ յուսահատող նկարագիր ունի, որ օգտակար չէ յարատեւելու եւ անվհատ պայքարելու համար:

Ը.- Հայերը միշտ փորձած են ուրիշներուն վրայ մեծ յոյս դնել, ինչպէս՛ Եւրոպայի, Ռուսիոյ դաշնակիցներու՛  փոխանակ վստահելու իրենց սեփական ուժերուն:

Նկարագրային յատկանիշներու կողքին, բոլոր ուխտաւորներն ալ համամիտ էին, որ Հայաստանը միշտ ենթարկուած է բռնութիւններու եւ հալածանքներու: Հայ ժողովուրդը շատ քիչ անգամ առիթ ունեցած է խաղաղ ապրելու եւ զարգանալու: Հայերը ստիպուած եղած են գաղթելու:

Բնականաբար բուռն վէճ կը ստեղծուի ուխտաւորներուն միջեւ հայու նկարագրային յատկանիշներուն շուրջ: Ոմանք կը կարծեն, որ չկան ընդհանուր նկարագրային հասարակաց գիծեր հայերուն մէջ, մինչ ուրիշներ հակառակ կարծիքի են :

Հակառակ շատ մը տարակարծութիւններու, սակայն, բոլորն ալ համաձայն են, որ յանցանքն ու թուլութիւնը պէտք է փնտռենք մենք մեր մէջ եւ չփորձենք ամէն բան վերագրել քաղաքական պայմաններուն կամ մեր բախտին

Հանելուկներ

Հիմա արդէն կը մօտենանք լուսաւոր Երեւանին մութ Գիւմրիի շրջանէն:

Բաւական դժուար եղաւ ուխտաւորներուն բաժանումը իրարմէ: Հայրենի հողը չէզոքացուցած էր բոլոր արգելքները, եւ ուխտաւորները դարձած էին հայկական ամուր ընտանիք մը:

Բոլորին մտքերուն մէջ, սակայն, հանելուկներ մնացին, որոնց պատասխանը ձգուած է ընթերցողին:

– Ինչո՞ւ հայերը լաւ կ՛ապրին աշխարհի վրայ ամէն տեղ, բացի Հայաստանի Հանրապետութենէն:

– Ինչո՞ւ հայերը կրնան յաղթել աշխարհին խելացութեան մէջ եւ չեն կրնար կարգ ու կանոն հաստատել իրենց երկրին մէջ:

– Ինչո՞ւ հայերը մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն անհատաբար, սակայն հաւաքական աշխատանքներուն մէջ ընդհանրապէս կը ձախողին:

Սխալ եւ ճիշդ

Սխալ է այն կարծիքը, թէ այս հողերուն վերատիրանալէ ետք հայերը չեն երթար հոն   ապրելու:

Ճիշդ է որ, այսօրուան Հայաստանը ՀՍԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ մնացած փոքր եւ քարքարուտ անկիւն մըն է միայն:

Սխալ է կարծել, որ մեր բռնագրաւուած հողերը լքուած եւ անմարդաբնակ են: Հոն կ՛ապրին քանի մը միլիոն բնակիչներ, մեծ մասամբ, քիւրտեր:

Ճիշդ է որ ԵՐԿԻՐԸ շատ ընդարձակ է եւ շրջաններու միջեւ հաղորդակցութիւնը շատ դժուար եղած է հարիւր տարի առաջ:

Սխալ է կարծել, որ մեր երկրին մէջ հայեր չեն մնացած. հայեր կան ամէն տեղ՛ թէ՛ բացայայտ եւ թէ՛ ծածուկ:

Ճիշդ է, որ ժառանգութիւնը չի փոխուիր: Քիւրտերը նոյնն են, ինչպէս էին հարիւր տարի առաջ: Անոնց հիմնական եկամուտը տակաւին անասնապահութիւնն է:

Սխալ է կարծել, թէ մենք մեծ թիւով վանքեր եւ եկեղեցիներ ունինք, սակայն՛ քիչ թիւով բերդեր: Երկրի բոլոր քաղաքներու կեդրոններուն մէջ բերդերը տակաւին կանգուն են:

Ճիշդ է՛ ՎԱՆ ԵՐԿԻՐ ԴՐԱԽՏԱՎԱՅՐ բնորոշումը: Հրաշք է Վանայ լիճը իր կղզիներով, հրաշք է Վանի ուրարտական բերդը, հրաշք է Ս. Խաչը…

Սխալ է այն համոզումը, որ Երկրին կարելի է ծանօթանալ քարտէսով, նկարներով, google-ով: Երկիրը պէտք է աչքով տեսնել, պէտք է թափառիլ շրջանէ շրջան, եւ ամէնէն կարեւորը՛ պէտք է զգալ հողին ուժը, ինչպէս Արշակ թագաւորը:

Փոխան վերջաբանի

Մէկ շաբթուան ուխտագնացութիւնը աւարտած է: Փորձեցինք ընթերցողները մասնակից դարձնել մեր ուխտագնացութեան եւ ներկայացնել մեր տեսածն ու զգացածը :

Տեսած ենք Երկրին կարեւոր մէկ բաժինը եւ ցնցուած ենք. Շ՜ատ, շա՛տ բան կորսնցուցած ենք, անբացատրելի եւ անհասկնալի` բոլոր անոնց համար, որոնք Երկիրը տեսած չեն:

Ի՜նչ լաւ է, որ երբեմն երազիս մէջ Մուշ եմ կամ Վան:

Հաւատքս եւ յոյսս մեծ է, որ Երկրի վրայ մեր ներկայութիւնը երազէն պիտի փոխուի իրականութեան, այն ատեն փաստած պիտի ըլլանք, որ հայ ազգի նկարագրային ուժեղ կէտերը միշտ պիտի չէզոքացնեն տկարութիւնները, եւ մեր ժողովուրդը միշտ յաղթող պիտի ըլլայ:

Կը ներէք, որ պիտի աւարտեմ:

Հիմա արդէն նորէն Երկիր երթալու մասին կը մտածեմ…

Այնճար
20 նոյեմբեր, 2012

http://www.aztagdaily.com/archives/100554

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ