6. Ուխտագնացի Նօթեր (Զ). Հողին ուժը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սուլուխի կամուրջը

Սուլուխի կամուրջը
Սուլուխի կամուրջը

Կը շարունակենք դէպի պատմական Սուլուխ գիւղն ու կամուրջը, որուն անունը իւրաքանչիւր հայու կը յիշեցնէ Սարերու Ասլան Գէորգ Չաւուշը: Կամուրջը վերանորոգուած է: Ան ապահով անցք է Արածանիի վրայ` իր բազմաթռիչք կամարներով: Այս կամուրջին մօտ է, որ հերոս Գէորգ Չաւուշը 1907-ի մայիսին, ծանր վիրաւորուած ըլլալով, իր հոգին աւանդեց …

Կը շրջինք կամուրջին չորս կողմը, ոմանք կ՛իջնեն գետեզերք: Ամէն մարդ լուր է, մինչ թրքական զինուորական օդանաւերը վիրաւորներ կը տեղափոխեն …

Ցրօնք

Ցրոնքի եկեղեցին
Ցրոնքի եկեղեցին

Շարունակելով` կ՛երթանք ֆետայիներու կարեւոր գիւղերէն Ցրօնք, ուր կը շարունակէ կանգուն մնալ Ս. Գէորգ եկեղեցին: Քիւրտ փոքրիկներ շուտով կը շրջապատեն մեզ եւ, սովորութեան համաձայն, «հելօ, մանի» կ՛ըսեն` դրամ խնդրելով: Այս գիւղը եղած էր ֆետայիներու կարեւոր կեդրոններէն եւ հոս բազմիցս կռիւներ տեղի ունեցած էին:

Հայկական Մուշը

Մշոյ Սուրբ Մարինէ եկեղեցին
Մշոյ Սուրբ Մարինէ եկեղեցին

Կէսօրէ ետք կը շրջինք Մուշի հայկական թաղերուն մէջ, հիմնական տասներկու փողոցներուն մէջ: Հայկական Մուշը լերան ստորոտին է` մինչ այժմու քաղաքը դէպի Մշոյ դաշտ կ՛երկարի:

Կ՛այցելենք Ս. Մարինէ եկեղեցին որ ատեն մը որպէս բանտ ծառայելէ ետք, այժմ աղբանոցի վերածուած է: Իջնելով դէպի ձորի թաղերը` ձորի հանդիպակաց կողմը կը տեսնենք հայկական գերեզմանատան մնացորդները. հոս թաղուած է նաեւ Գէորգ Չաւուշը:

Տակաւին կանգուն եւ բնակելի է նաեւ Հայաստանի ողբացեալ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանին հօրենական տունը:

Կը բարձրանանք բերդին շրջանը, ուրկէ կ՛երեւի քաղաքին համայնապատկերը: Հոս կան տակաւին բնակելի հայկական տուներ. բնակիչները հաւանաբար ոչ հայախօս հայեր են:

Մուշի մէջ կան նաեւ հայախօս հայեր:

Մուշի մէջ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցանք Մուշի պետական համալսարանի անգլերէն լեզուի դասախօս քիւրտի մը հետ: Գիշերը, երբ գլխացաւի համար դեղ կը փնտռէինք, հանդիպեցանք դասախօսին, որուն կրցանք յայտնել մեր խնդրանքը (թրքերէն չգիտնալով չկրցանք անցորդներէն մէկուն հասկցնել մեր փնտռածին մասին): Շատ ազնիւ էր երիտասարդը, որ մեզի ուղեկցեցաւ դէպի ամենամօտիկ դեղարանը: Զրուցելու ընթացքին, երբ իրազեկ դարձաւ մեր հայ ըլլալուն, մեզի հարցուց, թէ Մուշը սիրեցի՞նք, թէ՞ ոչ: Մեր դրական պատասխանին յաջորդեց իր հետեւեալ հարցումը`

– Էրզրումը տեսա՞ծ էք:

Երբ յայտնեցինք, թէ յաջորդ օր պիտի երթայինք Էրզրում, դասախօսը բառացիօրէն ըսաւ,

– Մեր քաղաքը քրտական է: Թուրք կառավարութիւնը շատ  հոգ չի տանիր հոս: Էրզրումը, սակայն, թրքական քաղաք է եւ անոր համար հոն աւելի  հոգատար են: Մի՛ մոռնաք, որ մենք երկրորդ կարգի քաղաքացի ենք

Դէպի Դերջան

Աքքարիի մեծագոյն խաչքարը
Ապրանից վանքի մեծագոյն խաչքարը

Մուշէն ճամբայ ելանք Պինկէօլի (Բիւրակնեան) լեռներուն վրայէն դէպի Կարնոյ շրջանը, որ 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Շրջանը շատ տարածուն է` շուրջ 25,000 քառակուսի քիլոմեթր: Առանց Կարին մտնելու շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Երզնկայի շրջան` Դերջան հասնելու համար, որ 100 քիլոմեթր հեռու է Կարինէն:

Դերջանը շատ փոքր քաղաք է շուրջ 6500 բնակիչներով: Քաղաքին մէջէն անցնելով, կը թեքինք դէպի լեռները` հասնելու համար Ապրանից Ս. Գրիգոր վանքը, որ հռչակաւոր է իր հսկայական խաչքարերով, որոնք աշխարհի մեծագոյններն են:

Ապրանից վանքը ունեցած է չորս եզակի խաչքարեր, որոնք ունեցած են աւելի քան վեց մեթր բարձրութիւն: Վանքի կողքին տակաւին կանգուն է Ս. Դաւիթ մատուռը, որ ԺԲ. դարու շինութիւն է, որուն մօտիկ կանգնած խաչքարերը նոյն ժամանակաշրջանէն են:

Դժբախտաբար այսօր կանգուն են միայն երկու խաչքարեր, երրորդը գետին ինկած է, իսկ չորրորդը կորսուած է:

Հրաշալի են հսկայական խաչքարերը, որոնք պատրաստուած են 1191 եւ  1194 թուականներուն:

Բլուրէն քիչ մը ցած, ձորաբերանին, կանգուն եւ անեղծ մնացած է Ապրանից վանքը, որ ԺԶ. դարու կառոյց է: Զարմացած են բոլոր ուխտաւորները, թէ այս վանքը ինչպէ՞ս չէ քանդուած միւսներուն նման…

Կը շրջինք վանքին մէջ եւ շրջակայքը. Ի՜նչ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ մեր պապերը կառուցած են այս սրբատեղիները: Կ՛աղօթենք:

Հեռուն Մնձուրի լեռներն են, Տէրսիմի աշխարհը:

Էրզրում` հայկական Կարին

Պատկեր Էրզրումէն
Պատկեր Էրզրումէն

Կը վերադառնանք Էրզրում, որ թրքական քաղաք է` 383,000 Բնակիչներով: Քաղաքը զարգացած է, մաքուր, լաւ դասաւորուած, հարուստ արտաքինով: Իրաւունք ունէր Մուշի քիւրտ դասախօսը: Անհամեմատօրէն աւելի փայլուն է էրզրումը…

Հոս միակ տեղն է, ուր քալելով եւ ազատ-համարձակ չենք շրջիր եռագոյն գլխարկներով եւ հայկական թիշրթներով: Ծայրայեղութիւնը զգալի է հոս: Անդրանիկը կ՛ըսէ, որ հոս Անդրանիկ փաշային ծանօթ են  եւ անոր անունը չեն ուզեր լսել…

Կարինի մայր եկեղեցին մզկիթի վերածուած է: Հայազգի Սինան ճարտարապետին շինած մետրեսէն կը շարունակէ օգտագործուիլ:

Կը բարձրանանք բերդ: Բերդէն կարելի է տեսնել Համշէնի լեռնաշղթան: Քաղաքը ընդարձակ է: Բերդին կողքին կանգուն է հայկական թաղամասը: Կ՛երեւին նաեւ հայկական տուներ` փողոցներուն մէջ, որոնք լքուած են: Հոս ալ կան ծածուկ հայեր:

Քաղաքէն դուրս ելած ատեն, եղանակը անակնկալօրէն փոխուեցաւ, աշնանային ցուրտ քամին փչեց` յիշեցնելով, որ շուտով ձմեռը կը ժամանէ:

Դէպի Բասէն

Բասէնի բերդը
Բասէնի բերդը

Կարինէն դուրս գալով` կը մեկնինք դէպի Բասէն, որ եկար ճանապարհ է: Հազիւ երեկոյեան կրնանք մուտք գործել Բասէն քաղաքը:

Փոքր քաղաք է Բասէնը` նշանաւոր իր պատմական բերդով, որ բաւականին լաւ վիճակի մէջ է : Այս բերդն ալ շատ անգամ  ապաստան եղած էր ֆետայիներուն:

Հովիւի կամուրջը

Հովիւի ամուրջը
Հովիւի ամուրջը

Գրեթէ մթննալու սկսած էր, երբ հասանք Արաքսի վրայ կառուցուած եւ տակաւին կանգուն Հովիւի կամուրջը: Աւանդութեան համաձայն, քանի մը անգամ կամուրջը կը շինուի, սակայն կամուրջ չհանդուրժող Արաքսը կը քանդէ զանոնք: Շինարարները կը մտածեն կամուրջին հիմնարկէքը հովիւի մը վստահիլ, որ բարի եւ անմեղ ըլլալով` կրնայ կամուրջին հիմերը աւելի ամուր դարձնել: Այդպէս ալ կը պատահի:

Արշակունիներու օրով եւ առաջին դարուն հովիւի մը կողմէ զետեղուած հիմնաքարով` բազմաթռիչք կամուրջը կը դիմանայ յաջորդող դարերուն: Շատ գեղեցիկ ճարտարապետական շինութիւն է այս կամուրջը: Սիւներուն վրայ հաստատուած հայկական եկեղեցական գմբէթներ կան, որոնց վրայ հանգչած է ճամբան:

Կամուրջը կը վերանորոգուի Պահլաւունի սպարապետին կողմէ:

Վերջերս, սակայն, զայն կը նորոգեն թուրքերը եւ, սովորութեան համաձայն, հայերէն արձանագրութիւն կրող քարերը կ՛անյայտանան, եւ յանկարծ կամուրջը կը դառնայ թուրք խանի մը կառուցածը…

Դարձեալ ՍարիղամիշԵղէգնուտ

Հիմա արդէն բռնած ենք վերադարձի ճամբան: Եղէգնուտի մէջ գիշերեցինք: Կարսի ամարանոցն է Սարիղամիշ-Եղէգնուտը: Կարս գետը ծնունդ կ՛առնէ այս շրջանէն: Հոս ատեն մը ամարանոց ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ ցարը: Շրջանին մէջ եղած են հայկական գիւղեր, որոնց հետքերը կան տակաւին:

Սարիղամիշի մէջ թուրքերը կառուցած են յատուկ յուշարձան` 1914 դեկտեմբեր-1915 յունուարի ընթացքին ռուսերու դէմ մղուած պատերազմի ատեն ինկած զոհերու յիշատակին: Թուրքերը ունեցած են աւելի քան 100 հազար զոհ:

Արտահան եւ վերադարձ

Արդահանի բերդը
Արդահանի բերդը

Հիմա արդէն խումբը պիտի վերադառնայ Երեւան` Արտահանէն անցնելով մտնելով Վրաստան եւ ապա` Հայաստան:

Վերադարձի ճամբուն վրայ կը մտնենք Արտահան: Հոս ալ բերդին մեծ մասը, որ Թ. դարու կառոյց է, կանգուն է: Քաղաքի շուկան խճողուած է: Կանգ կ՛առնենք հայկական տան մը դիմաց, որուն վրայ հայերէն արձանագրութիւն կայ եւ թուական:  Բնակիչները զարմացած են` տեսնելով, որ թուրիսթները իրենց տունը կը լուսանկարեն…

Գուգարքի քաղաքը, որ նախապէս Քաջաց քաղաք կոչուած է, այժմ ունի 25,000 էն 30,000 բնակիչ: Հոս կան նաեւ բաւական թիւով Վրացիներ, որոնք իրենցը կը սեպեն Արտահանը:

Քաղաքին մէջէն կ՛անցնի Կուր գետը:

Ժամանակին հոս բնակիչներուն 70 առ հարիւրը հայեր եղած են…

20 նոյեմբեր 2012
Այնճար

http://www.aztagdaily.com/archives/100341

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ