ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Սուլուխի կամուրջը

Կը շարունակենք դէպի պատմական Սուլուխ գիւղն ու կամուրջը, որուն անունը իւրաքանչիւր հայու կը յիշեցնէ Սարերու Ասլան Գէորգ Չաւուշը: Կամուրջը վերանորոգուած է: Ան ապահով անցք է Արածանիի վրայ` իր բազմաթռիչք կամարներով: Այս կամուրջին մօտ է, որ հերոս Գէորգ Չաւուշը 1907-ի մայիսին, ծանր վիրաւորուած ըլլալով, իր հոգին աւանդեց …
Կը շրջինք կամուրջին չորս կողմը, ոմանք կ՛իջնեն գետեզերք: Ամէն մարդ լուր է, մինչ թրքական զինուորական օդանաւերը վիրաւորներ կը տեղափոխեն …
Ցրօնք

Շարունակելով` կ՛երթանք ֆետայիներու կարեւոր գիւղերէն Ցրօնք, ուր կը շարունակէ կանգուն մնալ Ս. Գէորգ եկեղեցին: Քիւրտ փոքրիկներ շուտով կը շրջապատեն մեզ եւ, սովորութեան համաձայն, «հելօ, մանի» կ՛ըսեն` դրամ խնդրելով: Այս գիւղը եղած էր ֆետայիներու կարեւոր կեդրոններէն եւ հոս բազմիցս կռիւներ տեղի ունեցած էին:
Հայկական Մուշը

Կէսօրէ ետք կը շրջինք Մուշի հայկական թաղերուն մէջ, հիմնական տասներկու փողոցներուն մէջ: Հայկական Մուշը լերան ստորոտին է` մինչ այժմու քաղաքը դէպի Մշոյ դաշտ կ՛երկարի:
Կ՛այցելենք Ս. Մարինէ եկեղեցին որ ատեն մը որպէս բանտ ծառայելէ ետք, այժմ աղբանոցի վերածուած է: Իջնելով դէպի ձորի թաղերը` ձորի հանդիպակաց կողմը կը տեսնենք հայկական գերեզմանատան մնացորդները. հոս թաղուած է նաեւ Գէորգ Չաւուշը:
Տակաւին կանգուն եւ բնակելի է նաեւ Հայաստանի ողբացեալ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանին հօրենական տունը:
Կը բարձրանանք բերդին շրջանը, ուրկէ կ՛երեւի քաղաքին համայնապատկերը: Հոս կան տակաւին բնակելի հայկական տուներ. բնակիչները հաւանաբար ոչ հայախօս հայեր են:
Մուշի մէջ կան նաեւ հայախօս հայեր:
Մուշի մէջ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցանք Մուշի պետական համալսարանի անգլերէն լեզուի դասախօս քիւրտի մը հետ: Գիշերը, երբ գլխացաւի համար դեղ կը փնտռէինք, հանդիպեցանք դասախօսին, որուն կրցանք յայտնել մեր խնդրանքը (թրքերէն չգիտնալով չկրցանք անցորդներէն մէկուն հասկցնել մեր փնտռածին մասին): Շատ ազնիւ էր երիտասարդը, որ մեզի ուղեկցեցաւ դէպի ամենամօտիկ դեղարանը: Զրուցելու ընթացքին, երբ իրազեկ դարձաւ մեր հայ ըլլալուն, մեզի հարցուց, թէ Մուշը սիրեցի՞նք, թէ՞ ոչ: Մեր դրական պատասխանին յաջորդեց իր հետեւեալ հարցումը`
– Էրզրումը տեսա՞ծ էք:
Երբ յայտնեցինք, թէ յաջորդ օր պիտի երթայինք Էրզրում, դասախօսը բառացիօրէն ըսաւ,
– Մեր քաղաքը քրտական է: Թուրք կառավարութիւնը շատ հոգ չի տանիր հոս: Էրզրումը, սակայն, թրքական քաղաք է եւ անոր համար հոն աւելի հոգատար են: Մի՛ մոռնաք, որ մենք երկրորդ կարգի քաղաքացի ենք…
Դէպի Դերջան

Մուշէն ճամբայ ելանք Պինկէօլի (Բիւրակնեան) լեռներուն վրայէն դէպի Կարնոյ շրջանը, որ 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Շրջանը շատ տարածուն է` շուրջ 25,000 քառակուսի քիլոմեթր: Առանց Կարին մտնելու շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Երզնկայի շրջան` Դերջան հասնելու համար, որ 100 քիլոմեթր հեռու է Կարինէն:
Դերջանը շատ փոքր քաղաք է շուրջ 6500 բնակիչներով: Քաղաքին մէջէն անցնելով, կը թեքինք դէպի լեռները` հասնելու համար Ապրանից Ս. Գրիգոր վանքը, որ հռչակաւոր է իր հսկայական խաչքարերով, որոնք աշխարհի մեծագոյններն են:
Ապրանից վանքը ունեցած է չորս եզակի խաչքարեր, որոնք ունեցած են աւելի քան վեց մեթր բարձրութիւն: Վանքի կողքին տակաւին կանգուն է Ս. Դաւիթ մատուռը, որ ԺԲ. դարու շինութիւն է, որուն մօտիկ կանգնած խաչքարերը նոյն ժամանակաշրջանէն են:
Դժբախտաբար այսօր կանգուն են միայն երկու խաչքարեր, երրորդը գետին ինկած է, իսկ չորրորդը կորսուած է:
Հրաշալի են հսկայական խաչքարերը, որոնք պատրաստուած են 1191 եւ 1194 թուականներուն:
Բլուրէն քիչ մը ցած, ձորաբերանին, կանգուն եւ անեղծ մնացած է Ապրանից վանքը, որ ԺԶ. դարու կառոյց է: Զարմացած են բոլոր ուխտաւորները, թէ այս վանքը ինչպէ՞ս չէ քանդուած միւսներուն նման…
Կը շրջինք վանքին մէջ եւ շրջակայքը. Ի՜նչ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ մեր պապերը կառուցած են այս սրբատեղիները: Կ՛աղօթենք:
Հեռուն Մնձուրի լեռներն են, Տէրսիմի աշխարհը:
Էրզրում` հայկական Կարին

Կը վերադառնանք Էրզրում, որ թրքական քաղաք է` 383,000 Բնակիչներով: Քաղաքը զարգացած է, մաքուր, լաւ դասաւորուած, հարուստ արտաքինով: Իրաւունք ունէր Մուշի քիւրտ դասախօսը: Անհամեմատօրէն աւելի փայլուն է էրզրումը…
Հոս միակ տեղն է, ուր քալելով եւ ազատ-համարձակ չենք շրջիր եռագոյն գլխարկներով եւ հայկական թիշրթներով: Ծայրայեղութիւնը զգալի է հոս: Անդրանիկը կ՛ըսէ, որ հոս Անդրանիկ փաշային ծանօթ են եւ անոր անունը չեն ուզեր լսել…
Կարինի մայր եկեղեցին մզկիթի վերածուած է: Հայազգի Սինան ճարտարապետին շինած մետրեսէն կը շարունակէ օգտագործուիլ:
Կը բարձրանանք բերդ: Բերդէն կարելի է տեսնել Համշէնի լեռնաշղթան: Քաղաքը ընդարձակ է: Բերդին կողքին կանգուն է հայկական թաղամասը: Կ՛երեւին նաեւ հայկական տուներ` փողոցներուն մէջ, որոնք լքուած են: Հոս ալ կան ծածուկ հայեր:
Քաղաքէն դուրս ելած ատեն, եղանակը անակնկալօրէն փոխուեցաւ, աշնանային ցուրտ քամին փչեց` յիշեցնելով, որ շուտով ձմեռը կը ժամանէ:
Դէպի Բասէն

Կարինէն դուրս գալով` կը մեկնինք դէպի Բասէն, որ եկար ճանապարհ է: Հազիւ երեկոյեան կրնանք մուտք գործել Բասէն քաղաքը:
Փոքր քաղաք է Բասէնը` նշանաւոր իր պատմական բերդով, որ բաւականին լաւ վիճակի մէջ է : Այս բերդն ալ շատ անգամ ապաստան եղած էր ֆետայիներուն:
Հովիւի կամուրջը

Գրեթէ մթննալու սկսած էր, երբ հասանք Արաքսի վրայ կառուցուած եւ տակաւին կանգուն Հովիւի կամուրջը: Աւանդութեան համաձայն, քանի մը անգամ կամուրջը կը շինուի, սակայն կամուրջ չհանդուրժող Արաքսը կը քանդէ զանոնք: Շինարարները կը մտածեն կամուրջին հիմնարկէքը հովիւի մը վստահիլ, որ բարի եւ անմեղ ըլլալով` կրնայ կամուրջին հիմերը աւելի ամուր դարձնել: Այդպէս ալ կը պատահի:
Արշակունիներու օրով եւ առաջին դարուն հովիւի մը կողմէ զետեղուած հիմնաքարով` բազմաթռիչք կամուրջը կը դիմանայ յաջորդող դարերուն: Շատ գեղեցիկ ճարտարապետական շինութիւն է այս կամուրջը: Սիւներուն վրայ հաստատուած հայկական եկեղեցական գմբէթներ կան, որոնց վրայ հանգչած է ճամբան:
Կամուրջը կը վերանորոգուի Պահլաւունի սպարապետին կողմէ:
Վերջերս, սակայն, զայն կը նորոգեն թուրքերը եւ, սովորութեան համաձայն, հայերէն արձանագրութիւն կրող քարերը կ՛անյայտանան, եւ յանկարծ կամուրջը կը դառնայ թուրք խանի մը կառուցածը…
Դարձեալ Սարիղամիշ–Եղէգնուտ
Հիմա արդէն բռնած ենք վերադարձի ճամբան: Եղէգնուտի մէջ գիշերեցինք: Կարսի ամարանոցն է Սարիղամիշ-Եղէգնուտը: Կարս գետը ծնունդ կ՛առնէ այս շրջանէն: Հոս ատեն մը ամարանոց ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ ցարը: Շրջանին մէջ եղած են հայկական գիւղեր, որոնց հետքերը կան տակաւին:
Սարիղամիշի մէջ թուրքերը կառուցած են յատուկ յուշարձան` 1914 դեկտեմբեր-1915 յունուարի ընթացքին ռուսերու դէմ մղուած պատերազմի ատեն ինկած զոհերու յիշատակին: Թուրքերը ունեցած են աւելի քան 100 հազար զոհ:
Արտահան եւ վերադարձ

Հիմա արդէն խումբը պիտի վերադառնայ Երեւան` Արտահանէն անցնելով մտնելով Վրաստան եւ ապա` Հայաստան:
Վերադարձի ճամբուն վրայ կը մտնենք Արտահան: Հոս ալ բերդին մեծ մասը, որ Թ. դարու կառոյց է, կանգուն է: Քաղաքի շուկան խճողուած է: Կանգ կ՛առնենք հայկական տան մը դիմաց, որուն վրայ հայերէն արձանագրութիւն կայ եւ թուական: Բնակիչները զարմացած են` տեսնելով, որ թուրիսթները իրենց տունը կը լուսանկարեն…
Գուգարքի քաղաքը, որ նախապէս Քաջաց քաղաք կոչուած է, այժմ ունի 25,000 էն 30,000 բնակիչ: Հոս կան նաեւ բաւական թիւով Վրացիներ, որոնք իրենցը կը սեպեն Արտահանը:
Քաղաքին մէջէն կ՛անցնի Կուր գետը:
Ժամանակին հոս բնակիչներուն 70 առ հարիւրը հայեր եղած են…
20 նոյեմբեր 2012
Այնճար
http://www.aztagdaily.com/archives/100341
Leave a Reply