ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսական «Նեզավիսմայա Կազեթա» թերթին հետ Հինգշաբթի, Մայիս 23ին կատարուած հարազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսած է, թէ տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու առիթները չեն սպառած, սակայն աւելցուցած է, թէ պէտք է ջանքերը կրկնապատկել եւ եռապատկել:
Մամետեարով ըսած է, թէ 2004էն սկսեալ, Հայաստանի այդ օրերու իր պաշտօնակից Վարդան Օսկանեանի հետ հանդիպումներու շարք մը ունեցած է՝ փորձելով յստակացնել տագնապին նկատմամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կեցուածքները:
Ան կարեւոր նկատած է, որ կողմերը իրենց առաւելագոյնը ընեն բարդութիւնները նուազեցնելու համար, նախքան Արցախի վերջնական կարգավիճակը որոշելը՝ ակնարկելով յատկապէս Արցախի յարակից շրջաններուն մէջ հայկական ուժերու ներկայութեան ու գաղթականներու հարցերուն:
Մամետեարով ապա խօսած է Մատրիտեան սկզբունքներուն մասին, որոնց վրայ կեդրոնացած են բանակցութիւնները՝ պնդելով, թէ կողմերը պէտք է նախ թուական մը որոշեն, մինչեւ երբ հայկական ուժերը պէտք է հեռանան Արցախի յարակից 7 շրջաններէն, որուն փոխարէն՝ «հայկական կողմը ոչ միայն ապահովական երաշխիքներ պիտի ստանայ, այլեւ՝ Ղարաբաղի համար ժամանակաւոր կարգավիճակ»:
Մամետեարով կ՛աւելցնէ. «Առաւել, տնտեսութեան բարգաւաճում տեղի պիտի ունենայ, գաղթականները պիտի վերադառնան, հաղորդակցութեան կապերը ու կեանքի բնական պայմանները պիտի վերահաստատուին: Այս բոլորը ներկայիս գոյութիւն չունին Ատրպէյճանի տարածքէն գրեթէ 20 տոկոսին վրայ: Այս պատճառով, կարեւոր է Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշելը, բան մը, որ Ատրպէյճանի շահերէն կը բխի, որովհետեւ այդ տարածքը մերն է՝ «մոխրագոյն գօտին»: Այս բոլորը պատրաստ ենք քննելու հայկական կողմին հետ»:
http://asbarez.com/arm/163303/
Leave a Reply