5. Ուխտագնացի նօթեր (Ե). Հողին ուժը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Վարագայ վանք

Վարագա վանքի դուռը
Վարագա վանքի դուռը

Առաւօտեան շարժեցանք դէպի Վարագայ վանք, որ Վանէն շատ հեռու չէ: Վարագայ լեռներու լանջերուն վրայ տակաւին կանգուն է Քրիստոսի խաչափայտին թաղուած կէտին վրայ շինուած Ս. Նշան եկեղեցին: Աւանդութեան համաձայն Ս. Հռիփսիմէին կողմէ հոն թաղուած էր խաչափայտէն կտոր մը:

Վարագայ վանքը հսկայ վանային համալիր եղած է: Ունեցած է դպրոց, ուր դասաւանդած է Րաֆֆին: Հոս է, որ իր գործունէութիւնը ծաւալած է Խրիմեան Հայրիկ` հրատարակելով «Արծիւ Վասպուրական»-ին: Վանքը նաեւ տարբեր շրջաններու եղած էր ֆետայիներու ապաստանարան:

Վանքը այսօր բաւական կանգուն վիճակի մէջ է: Մուտքին մզկիթ մը կառուցուած է, որ աւելի բնակարանի տեսք ունի: Հետաքրքրական է, որ գիւղացիները դիմած են Թուրքիոյ մշակութային նախարարութեան` մզկիթը քանդելու եւ վանքը վերանորոգելու խնդրանքով…

Սրբանկարները շատ վնասուած են:  Գիւղացիներէն մէկը հոգ կը տանի վանքին:

Վերջին լուրերուն համաձայն, ի յայտ եկած է, որ վանքը սեփականութիւնն է «Հապերթուրք»-ի գլխաւոր խմբագիրին, որ ժառանգ մնացած է իրեն իր մեծ հօրմէն` մեղայ աստուծոյ, այդ ինչպէ՞ս կրնայ պատահած ըլլալ…

Կը խօսուի, թէ յոյս կայ վանքը վերանորոգելու:

Մհերի ուռը

Մհերի դուռը
Մհերի դուռը

Վարագայ վանքէն վերադարձի ճամբուն վրայ, Վանէն մեկնելէ առաջ, ուզեցինք տեսնել Մհերի դուռը:

Բարձր ժայռերուն վրայ փորուած, կ՛երեւի Մհերի դուռը: Դուռ մը, որուն բացուելուն կը սպասէ իւրաքանչիւր հայ դարերէ ի վեր, սակայն դժբախտաբար ցարդ չէ բացուած:

Վտանգաւոր էր տարեցներուն համար բարձրանալը հոն, սակայն երիտասարդները բարձրացան եւ տեղաւորուեցան դրան մէջ: Դրան վրայ կան սեպագիր արձանագրութիւններ:

Դէպի Սուրբ Գիւղ, Դատվան եւ Նեմրութի լիճ

Սուբ գիւղի հայկական հին տուներ
Սուբ գիւղի հայկական հին տուներ

Մնաք բարով կ՛ըսենք Վանին եւ Վանայ լիճին եզերքով կը մեկնինք ծովափին գտնուող  հայկական Սուրբ Գիւղը:

Հոս կան հայկական հին տուներ: Գիւղը ունեցած է նաեւ Սուրբ վանք մը, որ քանդուած է:

Հետաքրքրական է նկատել հայկական լքուած տուներու ներկայութիւնը բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ. կարգ մը տեղեր ամբողջական թաղամասեր կը գոյատեւեն այնպէս, ինչպէս ձգած էին զանոնք մեր պապերը  1915-ին…

Խումբը իջաւ մինչեւ ծովեզերք: Տիկին Անահիտը շիշերու մէջ ջուր լեցուց, որպէսզի տանի իր ծնողներու գերեզմանին…

Ճաշեցինք ծովեզերքին վրայ, հրաշալի բնութեան մէջ: Անկրկնելի տեսք ունէր ծովը` շրջապատուած կանաչապատ լեռներով:

Շարժեցանք դէպի Դատվան, որ փոքր քաղաք մըն է Վանայ լիճի եզերքին` 65000 բնակիչներով: Դատվանը շրջապատուած է կանաչապատ լեռներով: Ան հին հայկական բնակավայրերէն է, ուր գոյութիւն ունեցած են հայկական եկեղեցիներ, որոնք քանդուած են: Այս քաղաքը եղած է Բզնունեաց նախարարական տոհմին սեփականութիւնը: Ճամբան շարունակելով` կարելի է հասնիլ Ախլաթ, մենք սակայն դէպի վեր կը բարձրանանք տեսնելու համար Նեմրութ լերան գագաթի լիճը:

Բելի քարացած զինուորները
Բելի քարացած զինուորները

1915-ին Թալէաթի աներձագը եղած է շրջանին նահանգապետը, որ անխնայ կոտորել տուած է հայերը: Այժմ միայն քիւրտեր կը բնակին քաղաքին մէջ:

Կը բարձրանանք Նեմրութ լեռ` անցնելով Շամիրամ հայկական գիւղէն: Գիւղի գլուխին ժամանակին բերդ եղած է, որ այժմ աւերակ է:

Ոլոր-մոլոր ճամբաներով կը բարձրանանք Նեմրութ լերան գագաթը: Բացառիկ համայնապատկեր է Վանի ամբողջ շրջանին:

Հրաշալի է գագաթին բազմած լիճը, որ աշխարհի ամէնէն բարձր լիճերէն է: Լիճը շրջապատուած է ծառերով, որոնք հիմա կ՛երեւին որպէս սարեանական գունաւոր բնանկար…

Վերջին երկրաշարժին պատճառով ճեղքուած են   լիճը շրջապատող բլուրներէն ոմանք: Եթէ այդ ճեղքերը ընդլայնին, լիճին ջուրը կրնայ ողողել ամբողջ շրջանը:

Ցած կ՛իջնենք Նեմրութ սարէն: Ձորին մէջ կանգ կ՛առնենք տեսնելու համար Բէլի քարացած զինուորները…

Աւանդութեան համաձայն, 4500 տարի առաջ Բէլ կը յարձակի Հայկի վրայ անհամար զինուորներով, Հայկ նահապետ կ՛աղօթէ, որ Բէլ չյաղթէ: Նախախնամութիւնը կը լսէ Հայկին աղօթքը եւ Բէլի զինուորներէն մաս մը կը քարանայ…

Հայկին արձակած նետով Բէլ կը տապալի եւ կը թաղուի Նեմրութ լերան վրայ:

Պիթլիս

Կը շարունակենք մեր ճամբան: Կ՛անցնինք Պիթլիս, որ փոքր քաղաք մըն է այսօր  43000 քիւրտ բնակիչներով: Պիթլիսը հեռու չէ Դատվանէն: Կանգ կ՛առնենք բերդին մօտ, որ փակ է այցելուներուն դիմաց`      վերանորոգումներու պատճառով: Թրքական զինուորական օդանաւերը վիրաւորներ կը  տեղափոխեն: Հեռու չենք Հաքիարի (Կորճայք) նահանգէն, ուր վերջին տասնամեակներուն պայքար կը մղեն քիւրտերը:

Պիթլիսի համայնապատկերը
Պիթլիսի համայնապատկերը

Քաղաքին մէջ կ՛երեւին հայկական հին տուները: Եկեղեցին մզկիթի վերածուած է:

Սարսափելի կոտորածներ տեղի ունեցած են հոս 1915-ին:

«Քաղաքին մէջ մէկ հայ կայ, որ ականատես եղած է մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի Պիթլիս կատարած այցելութեան», կ՛ըսէ Անդրանիկը:

Դարձեալ Անդրանիկն է. «1850-ական թուականներուն այս շրջանին մէջ կ՛ապրէին 250 հազար հայեր եւ 150 հազար քիւրտեր: Սխալ է այն կարծիքը, թէ քիւրտերը շատ վաղուց կ՛ապրէին այս շրջաններուն մէջ, անոնք այս շրջանները սկսած են գալ հիւսիսային Իրաքէն,  1514-էն յետոյ միայն»:

Մուշ

Մշոյ կեդրոնական փողոցը
Մշոյ կեդրոնական փողոցը

Պիթլիսէն շարունակելով մեր ճամբան` կ՛ուղղուինք դէպի Մուշի շրջանը:

Երեկոյ է արդէն, կը մտնենք Մուշ քաղաք: Քաղաքը մաքուր է, հանդարտ, շուրջ 72 հազար քիւրտ բնակիչներով: Քաղաքի կեդրոնին վրայ կանգնած է Ալփասլանի արձանը` ձիուն վրայ բազմած: Հոս միակ տեղն է, որ մեր եռագոյն դրօշակը կը ծածանի, Մուշի մայր պողոտային վրայ գտնուող պանդոկին դիմաց: Բոլորս զարմացած ենք եռագոյնին ներկայութեամբ, թէեւ մեզի կ՛ըսուի, թէ այդ մէկը նահանգապետին արտօնութեամբ զետեղուած է: Կը գիշերենք Մուշ` յաջորդ առաւօտ մեր շրջապտոյտին սկսելու համար:

Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ

Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ

Առաւօտ կանուխ կը մեկնինք դէպի Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ վանքը տեսնելու, որ Մշոյ դաշտը շրջապատող լեռներուն վրայ կը շարունակէ գոյատեւել բոլորովին անճանաչելի վիճակի մէջ: Բաւականին հսկայ դաշտ է Մշոյ դաշտը, հարթ, մշակելի եւ բարեբեր հողերով:

Անոր երկայնքը շուրջ 65 քիլոմեթր է:

Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքը եղած է հսկայ վանային համալիր` բազմաթիւ սենեակներով: Հոս է, որ «Առաքել Մուշեղ լեռներից իջան, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ օթեւան գտան»:

Արեւմտեան Հայաստանի մեծագոյն սրբատեղին եւ ուխտավայրն էր Ս. Կարապետը, ուր Աստուածածնայ տօնին հազարաւոր հայորդիներ ուխտի կ՛երթային…

Մեր տեսած հայկական եկեղեցիներուն եւ վանքերուն մէջէն ամէնէն ողբերգական տեսքը Ս.Կարապետ վանքինն էր: Ամբողջովին անճանաչելի, քար ու քանդ:

Եղեռնէն ետք հոս տեղաւորուած են քիւրտեր, որոնք վանքին քարերով շինած են իրենց տուները:

Տուներու պատերուն վրայ կարելի է տեսնել հայերէն արձանագրութիւններ, խաչքարեր, զարդանաշխեր, բոլորն ալ` սրբատաշ քարերու վրայ:

Մասամբ կանգուն է վանքի պարիսպէն բաժին մը, ուր մեզ կը դիմաւորէ Վանայ կատու մը , որ մեզ կը դիտէ ապշած: Մնացած են եկեղեցւոյ պատերէն բաժիններ:

Շատ տխուր է պատկերը, ընդվզեցուցիչ. Ինչի՜ վերածուած է մեր երկրի մեծագոյն սրբատեղին…

Կ՛իջնենք վար եւ Վարդապետի աղբիւրին մօտ կանգ կ՛առնենք ջուր խմելու եւ մեր տեսածին տպաւորութիւնը մեղմելու:

20 նոյեմբեր 2012
Այնճար

http://www.aztagdaily.com/archives/100077

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ