ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Անին Տեսնեմ Ու Նոր Ապրեմ
Վստահաբար շուարած էք, որովհետեւ երգին բառը փոխուած է` ապրեմ, մեռնելու փոխարէն:
Այո՛, Անին տեսնելէ ետք կարելի չէ մեռնելու մասին մտածել: Երգին մէջ անշուշտ որպէս բաղձանք դրուած է, հայու վերջին փափաք, Անին առանց տեսնելու` չմեռնելու համար: Սակայն Անին տեսնելէ ետք անվարան կարելի է ըսել, որ իւրաքանչիւր հայ աւելի հպարտութեամբ եւ բարձրաճակատ պիտի ուզէ ապրիլ եւ շարունակել իր կեանքը:
Հպարտ պիտի ուզէ զգալ անոր համար, որ երբ հայոց մայրաքաղաք Անիի մէջ Բագրատունեաց թագաւորները ոսկիէ գաւաթով գինի կը խմէին, անդին, Եւրոպայի շատ մը երկիրներուն մէջ մարդիկ քարայրներու մէջ կ՛ապրէին տակաւին…
ԱՆԻ. միջնադարեան հայ մտքի, հաւատքի ու շինարար ոգիի բացառիկ խոյանք: Հրաշալիք մըն է Անին, որ կրնայ հպարտացնել ոեւէ հայ:
Հասած ենք արդէն Անիի մայր դարպասին մօտ: Քանի մը ժամ առիթ պիտի ունենանք պտտելու Բագրատունեաց մայրաքաղաքին մէջ, որ տարածուած է շուրջ 44 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ: Տարածութիւնը մեծ չէ, սակայն անոր կարելի չէ ծանօթանալ 1-2 ժամուան ընթացքին: Շա՜տ բան կայ հոն տեսնելու:
Նախ մուտք կը գործենք Սմբատաշէն եւ Աշոտաշէն պարիսպներէն ներս: Բարձր պարիսպին վրայ Բագրատունեաց զինանշանն է: Վերանորոգուած են պարիսպները, որուն ընթացքին բաւական արձանագրութիւններ «կորսուած» են:

Զբօսաշրջիկներուն համար եւ թրքական նախարարութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնները բաւական ճարպիկ կերպով խմբագրուած են. որեւէ տեղ չէ յիշուած հայերու մասին` հակառակ հայերէն արձանագրութիւններուն եւ պարիսպին վրայ գոյատեւող խաչին: Հայու մասին յիշուած է միայն քաղաքին մէջ գտնուող քանդուած մզկիթի կողքին դրուած արձանագրութեան մէջ, ուր կ՛ըսուի, թէ մզկիթը ուժանակով մը պայթեցուցեր է հայ կղերական մը…
Յաջորդող քանի մը ժամերուն պիտի շրջինք քաղաքին մէջ: Պիտի տեսնենք կտաւատի իւղի գործարանը, որուն արտադրութիւնը ատենին օգտագործուած է թէ՛ ռազմական նպատակներով` այրող ռումբեր պատրաստելու համար, թէ՛ նաեւ ուտեստեղէնին մէջ, իր առողջապահական յատկանիշներուն համար: Բաժին մը նաեւ արտածուած է դէպի հեռաւոր երկիրներ: Պիտի տեսնենք Անիի բաղնիքները, որոնք լաւապէս կառուցուած են` տաք ջուր ապահովելով թանձր պատերուն մէջէն անցնող խողովակներու միջոցով:
Հակառակ անոր որ լուսանկարներուն մէջ շատ փոքր կը թուի, հսկայ շինութիւն է Հովիւի եկեղեցին, որուն կէսը կանգուն է: Եկեղեցին նորոգութեան մէջ էր` ամերիկեան նիւթական օժանդակութեամբ եւ հայ ճարտարապետներու օգնութեամբ:
Աւելի վարը, ձորի բերանին, կանգուն է Տիգրան Հոնենց եկեղեցին: Եկեղեցին վերանորոգուած է առանց գմբէթը ամբողջացնելու` հաւանաբար վրան խաչ դնելու հարցէն ձերբազատելու համար…
Շատ գեղեցիկ շինութիւն է այս եկեղեցին, հարուստ որմնանկարներով, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել հակառակ բնութեան դաժան պայմաններուն:
Անիի Մայր տաճարը
Հոս արդէն ուխտաւորները կ՛աղօթեն: «Տէր ողորմեա»-ն կ՛երգէ Սոնիան, իսկ «Հայր մեր»-ը կ՛արտասանենք բոլորս միասին: Յուզիչ է պահը: Ամէն մարդ կքած է իր զգացումներու բեռան տակ. ոմանք կ՛արտասուեն լուռ:
Կը շարունակենք շրջիլ Անիի մէջ:
Ախուրեանի վրայ կ՛երեւին փլատակ երկյարկանի կամուրջը եւ Կուսանաց վանքը: Դժբախտաբար կարգ մը կառոյցներ կարելի չէ տեսնել, ինչպէս` Հոռոմոսի վանքը, որովհետեւ անոնք գետափին են, ուր սահման է:
Կը քալենք դէպի Անիի մայր տաճար, որ Տրդատ Անեցի ճարտարապետին գլուխ գործոցն է: Հսկայ տաճար մը, հրաշալի կառոյց մը, ուր մտնող հաւատացեալը ուրիշ աշխարհ կը փոխադրուի, Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգայ: Եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը ազդեցիկ է, իսկ ներսի պարզ, բայց հսկայ ու գեղեցիկ սիւները «դէպի երկինք խոյացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»-ն: Փլուզումի ենթակայ է եկեղեցին. անիկա կրնայ որեւէ ցնցումէ քանդուիլ…

Կը շարունակենք: Կը քալենք քսաներորդ դարու սկիզբները, Անիի մէջ պեղումներ կատարած Նիկողայոս Մառի յայտնաբերած փողոցէն: Շուկայի փողոցն է, շուրջ հազար տարեկան: Երեւակայել, որ այս փողոցով քալած են Անիի բնակիչները եւ գնում կատարած են այս խանութներէն: Փողոցին սալայատակը տակաւին կանգուն է:
Քիչ անդին Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին է` նորոգութեան մէջ: Իսկ մեր դիմաց քանդուած մզկիթի մը փլատակներն են, որ ինչպէս վերը յիշեցինք, համաձայն պետական արձանագրութեան, հայ կղերական մը պայթեցուցեր է…
Ինչո՞ւ կը զարմանաք. պայթեցնելու մասին յիշուածը շատ ճիշդ է, միայն հայ կղերականին տեղ պէտք է գրել թրքական բանակը: Թրքական բանակը փորձառու է նման բաներու մէջ, Խծկոնքի եկեղեցիները խօսուն փաստեր են: Մի՛ կարծէք, թէ սուտը սահման ունի:
Քիչ անդին Պարոնի պալատն է, որուն վրայ մինարէ մը աւելցուած է եւ դարձած է մզկիթ: Բնականաբար Անիի միջնաբերդը կարելի չէ այցելել, որովհետեւ զինուորական կեդրոն է այժմ:
Կ՛անցնինք Ս. Առաքելոց եւ Ս. Գագիկաշէն եկեղեցիներուն մօտէն: Հսկայական կառոյցներ են` հայկական ճարտարապետութեան կարեւոր նուաճումներէն: Ս. Առաքելոցին գաւիթը կանգուն է: Գաւիթին տանիքը ունի հրաշալի լուծումներ եւ սալայատակի նման գեղեցիկ գունային համադրումներ: Եկեղեցին փլատակ է ամբողջութեամբ:

Ս. Գագիկաշէնը զուարթնոցատիպ եկեղեցի է, գեղեցիկ սիւնագլուխներով, ճի՛շդ Զուարթնոցին նման:
Ժամեր անցած են արդէն. սակայն կարելի չէր առանց տեսնելու Անիի քարայրները մեկնիլ մայրաքաղաքէն:
Հակառակ անոր որ արգիլուած է ըսին ձոր իջնելը, ցանկապատի թելերը բաց գտանք եւ իջանք ցած դէպի ձորը` տեսնելու համար Անիի քարայրները:
Երկրորդ քաղաք մը կը ներկայացնեն Անիի քարայրները: Հոն կան բազմաթիւ ժայռափոր տուներ եւ սրահներ` իրարու միացած: Անիի քարայրները կը շարունակուին ձորի ամբողջ երկայնքին: Հոս կան նաեւ ժայռափոր աղաւնիներու բոյներ:
Անիի բնակիչները հազար տարի առաջ աղաւնի բուծանած են միսի համար եւ անոնց աղբը օգտագործած են որպէս պարարտացուցիչ: Աղաւնիի աղբին շատ ազդու ըլլալու մասին վերջերս յայտարարեցին անգլիացիները:
Ուխտաւորները խմբուած են մայր դարպասին մօտ: Պէտք է շարժինք, պէտք չէ ուշանալ, երկար ճամբայ կայ անցնելիք:

Ոմանք, ինչպէս Դաւիթը, պարիսպներուն վրայ բարձրացած են թէ՛ լուսանկարուելու, թէ՛ նաեւ քաղաքին համայնապատկերը լուսանկարելու համար: Ուրիշներ Անիի կողքին գտնուող, քանի մը տուն հաշուող քրտական գիւղի բնակարաններու պատերուն վրայ կը լուսանկարեն Անիէն գողցուած քարերը, որոնցմով տուներուն պատերը հիւսուած են: Հոն կարելի էր տեսնել հայերէն արձանագրութիւններ, խաչքարերու կտորներ…
Ամէն մարդ շշմած է Անին տեսնելէն ետք: Ի՜նչ հրաշք քաղաք կառուցած են Բագրատունիները հազար տարի առաջ, իսկ եթէ քաղաքը գոյատեւէր, ի՞նչ տեսք կ՛ունենար արդեօք միջնադարեան Հայաստանի փառաւոր մայրաքաղաքը այսօր…
Դէպի Իգտիր

Անին մեր ետին ձգած` խառն զգացումներով կը շարժինք դէպի Իգտիր եւ Պայազետ: Շուրջ 250 քիլոմեթր ճամբայ պիտի անցնինք: Կ՛անցնինք մայր Արաքսի վրայէն, Հայաստանի սահմանէն եւ կը բռնենք Պայազետի ճամբան: Կ՛անցնինք Կողբ գիւղի կողքով, որ պատմական Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր աղահանքն էր վերջին դարերուն: Այս հանքը նաեւ աղ կ՛ապահովէր Ռուսիոյ ցարին:
Կ՛անցնինք Իգտիր: Բնակչութիւնը քիւրտ եւ ազերի է:
Նախիջեւանին մօտ ըլլալով, մեծ թիւով ազերիներ Նախիջեւանը լքելով հոս կու գան բնակելու: Քաղաքը յետամնաց եւ աղտոտ է, շուրջ 70 հազար բնակիչներով: Հակառակ անոր որ քաղաքին կեդրոնը հաստատուած է արագիլի արձան մը, բնակչութիւնը սակայն արագիլի յատկանիշներէն երբեք տեղեակ չէ…

Առանց Իգտիրի մէջ կանգ առնելու` կը շարունակենք դէպի Պայազետ: Կ՛անցնինք Արարատի կռնակէն, որ մեզի համար բոլորովին ուրիշ տեսք ունի: Արարատեան պատկեր մը, որուն սովոր չենք: Մեծ Մասիսն է տիրական ներկայութիւնը, փոքրը գրեթէ անտեսանելի է: Ճամբան կանգ կ՛առնենք լուսանկարուելու համար Արարատին հետ` իր նոր տեսքով: Կարոն անընդհատ կը նկարէ որեւէ մանրամասնութիւն չփախցնելու համար:
20 նոյեմբեր 2012
Այնճար
http://www.aztagdaily.com/archives/99615
Leave a Reply