«Իրաւական երկրորդ ոճիր» Տինքի սպանութեան հարցով

Hrant DinkՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ շաբթուան ընթացքին կրկին առատ մելան հոսեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մասին, այս անգամ՝ վճռաբեկ ատեանին արձակած վճիռին հետեւանքով։ Ատեանը բեկանած է քրէական ատեանին կողմէ արձակուած այն վճիռը, թէ Տինքի սպանութիւնը՝ կազմակերպուած խմբակի մը նախաձեռնութիւնը չէր, սակայն միաժամանակ պնդած է, թէ ոճիրը իրականացուցած խումբը քաղաքական ահաբեկչութեան կազմակերպութիւն մը չէր, այլ՝ յանցագործ կազմակերպութիւն մը, այսինքն՝ սովորական հրոսախումբ մը, որուն միակ նպատակն էր սպաննել Հրանդ Տինքը։
Վճռաբեկ ատեանին սոյն որոշումը վիճելի կը նկատուի Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններուն կողմէ, որոնք կը պնդեն, թէ ատեանը իր այս նոր որոշումով Հրանդ Տինքի սպանութիւնը անջատեց քաղաքական բնագաւառէն, վերածեց սովորական ոճիրի մը եւ այդ կերպով դատավարութենէ փրկեց այն պետական պաշտօնեաները, որոնք պէտք է դատուէին այս ոճիրին կապակցութեամբ։ Ատեանին տեսակէտը այն է, որ երբ Հրանդ Տինք իր թերթին մէջ հրատարակած յօդուածի մը պատճառաւ դատապարտուեցաւ «թրքութիւնը նախատած ըլլալու յանցանքով», ամբաստանեալներէն Եասին Հայալ որոշեց սպաննել Հրանդ Տինքը եւ այդ նպատակով ալ խմբակ մը կազմեց: Տինքի փաստաբանները կը պատասխանեն, որ այս մէկը այդքան ալ պարզ չէ, եւ այնքան ատեն, որ այս ոճիրին մասնակից պետական պաշտօնեաները չեն պատժուած՝ այս դատը պիտի չաւարտի։
Այս կարծիքը յայտնած են Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններէն Էրկին Ճինմեն, Օրհան Քեմալ Ճենկիզ եւ Էրտալ Տողան։ Այս փաստաբաններուն կարծիքով՝ անկարելի է ընդունիլ, որ այս սպանութիւնը քաղաքական ենթահող չունի։ Ինչպէս արդէն «Էրկենեքոն»ի կամ այլոց թղթածրարներուն մէջ տեսնուեցաւ՝ փոքրամասնութիւններու դէմ քայլեր ծրագրուած էին, եւ այս պարագան սովորական յանցագործութեան մը արարքէն շատ աւելի անդին կ՛անցնի։ Փաստաբաններուն համաձայն՝ վճռաբեկ ատեանը այս որոշումով Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով իրաւական երկրորդ ոճիր մը գործած եղաւ։

http://asbarez.com/arm/163059/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ