2. Ուխտագնացի նօթեր (Բ). Կա՛րս, Կա՛րս, Կա՛րս, հայրենի՛ հարս

ԵՍԱՅԻՆ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կարսի շուկան եւ պատմական բերդը
Կարսի շուկան եւ պատմական բերդը

Հասած ենք Կարս: Մայր պողոտայէն կ՛անցնինք բարձրանալու համար պատմական բերդը:

Շուրջ 80 հազար բնակիչ ունեցող Կարսը մօտ է այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին: Ան մօտ է Գիւմրիին, եւ եթէ Թուրքիան սահմանը չփակէր Հայաստանի հետ արցախեան պատերազմի ընթացքին, շատ կարճ կը դառնար Գիւմրի-Կարս ճանապարհը: Ըստ վարորդին, Գիւմրի-Կարս ճանապարհը շուրջ 75 քիլոմեթր է միայն, մինչ մենք հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցած ենք նոյն տեղը հասնելու համար:

Մայր շուկան խճողուած է: Բնակիչները հիմնականին մէջ քիւրտեր են, ինչպէս` ընդհանրապէս մեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ: Կան նաեւ ազերիներ: Քաղաքը չէ զարգացած եւ աղտոտ է:

Կարսի պատմական բերդը
Կարսի պատմական բերդը

Կ՛անցնինք շուկային մէջէն. Դաւիթը կը փորձէ լուսանկարել պատին վրայ տակաւին գոյատեւող հայերէն արձանագրութիւն մը: Կողք-կողքի խանութներ են` կառուցուած Գիւմրիի հայկական ճարտարապետական ոճով: Ոմանք պարզապէս ներկուած են տարբեր գոյներով` աւելի նոր երեւնալու համար: Հին փողոցներն են, ինչպէս` հարիւր տարի առաջ:

Մեքենայով կը բարձրանանք մինչեւ բերդ, ուրկէ պիտի սկսինք Կարսի մեր շրջապտոյտը:

Կարսի հայկական տուներ
Կարսի հայկական տուներ

Կարսի պատմական բերդին վրայ կանգնած են ուխտաւորները: Ապշած են քաղաքի համայնապատկերով: Հրաշալի տեսարան է: Մինչ Աշոտը կը պատմէ քաղաքի «կենսագրական»-ը, ամէն մարդ զբաղած է լուսանկարելով: Քիչեր լսեցին, թէ բերդին դռները բարձր են, որովհետեւ ժամանակին ձիաւորները ձիերուն վրայ նստած կը մտնէին բերդ: Քիչեր իմացան  գնդապետ Մազմանեանի պարիսպին վրայ կատարած անձնասպանութեան մասին…

Ինչո՞ւ չէինք կրցած պաշտպանել այս քաղաքը` լաւապէս զինուած ըլլալով հանդերձ…

Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ հարթաքանդակը
Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ հարթաքանդակը

Հիմա կը շրջինք բերդին մէջ: Ամուր կառոյց է բերդը, քաղաքին վրայ տիրապետող:

Ամէն մարդ կ՛ողբայ Կարսի կորուստը: Մեծ բան կորսնցուցած ենք:

Է՜ր երբեմն այս քաղաքը  դաշնակցական ֆետայիներու «հնոց»-ը: Հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր կեդրոններէն եղած էր Կարսը: Հոս կային քանի մը հայկական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Կար հայկական եռուն կեանք: Բայց ասոնք բոլորը անցեալին կը պատկանին: Հիմա բերդի գագաթին թրքական դրօշ կը ծածանի, եւ նոր բացատրութիւններ կան բերդի կառուցման եւ անցեալին մասին…

Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ խորանը
Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ խորանը

Բերդէն չքնաղ տեսք ունի Կարսի գոհար Ս. Առաքելոց եկեղեցին, որ գրեթէ նոյն կերպով կանգուն է աւելի քան հազար տարիներէ ի վեր:

Զանգակատունը աներեւութացած է, սակայն եկեղեցին կանգուն է, որքան ալ տարօրինակ  թուի` որպէս մզկիթ…

Զարմանալի են թուրքերը. կը կարծեն, որ եթէ եկեղեցւոյ վրայէն խաչը վերցնեն, մէջը  կարմիր գորգեր փրեն եւ ԱԼԼԱՀ ու ՄՈՀԱՄԵՏ արձանագրեն ներսի պատերուն վրայ, եկեղեցին մզկիթի կը վերածուի: Չեն կրցած հասկնալ, որ հայկական եկեղեցիները, իրենց ուրոյն ճարտարապետական ոճով, շատ հեռուէն յայտնի են` առանց որեւէ արձանագրութեան:

Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին պարզապէս հրաշալիք մըն է: Առաքեալներու քանդակները կը գոյատեւեն գմբէթի արտաքին պատերուն վրայ, ինչպէս նաեւ` քարէ խաչերը եւ յաւերժութեան նշանը: Եկեղեցւոյ խորանը կը մնայ նախկինին պէս:

 Վարդանի կամուրջը
Վարդանի կամուրջը

Այժմ կանգնած  ենք արդէն Կարսի գետին վրայ կառուցուած`  պատմական Վարդանի կամուրջին վրայ: Կամուրջը ժամանակակից է Անի մայրաքաղաքին` նոյնպիսի տուֆ քարերով կառուցուած: Կոչուած է Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի անունով: Հազար տարիէ ի վեր անոր վրայէն կ՛անցնին մարդիկ, անասուններ եւ վերջին հարիւր տարին` ինքնաշարժներ: Սալայատակ գետինը տակաւին նոյնն է: Կամուրջի կողքին կայ կիսափուլ հայկական բաղնիքը, իսկ քիչ անդին փլատակ վիճակի մէջ` հայ կաթողիկէներու եկեղեցին: Հոս ալ գանձ փնտռելու պատրուակով  փորած են եկեղեցւոյ հիմերը` արագացնելով անոր քանդումը:

Կարսի թանգարանի վակոնը, ուր ստորագրուած է Կարսի դաշնագիրը
Կարսի թանգարանի վակոնը, ուր ստորագրուած է Կարսի դաշնագիրը

Քալելով կը շարժինք դէպի Կարսի երկաթէ կամուրջը եւ Չարենցի տունը: Հոս աւելի յստակ կ՛երեւին հայկական հին փողոցները: Կը լուսանկարուինք Չարենցի տան դիմաց: Հոս ապրած եւ ստեղծագործած է մեծ բանաստեղծը, ինչպէս մեզի կը յայտնեն Աշոտն ու Մհերը, որոնք մինչեւ հոս միասին էին ուխտաւորներուն հետ: Օրը սկսած էր մթննալու, մենք սակայն կը շարունակէինք շրջիլ Կարսի փողոցներուն մէջ:

Առիթ չունեցանք Չարենցի Ռէալական դպրոցը տեսնելու: Հազիւ թէ նախքան մթննալը կրցանք տեսնել Կարսի թանգարանը, անոր ալ` միայն դուրսի բաժինը, որովհետեւ ժամանակը ուշ ըլլալով` ցուցասրահը փակ էր արդէն:

Տապանաքար. Կարսի թանգարան
Տապանաքար. Կարսի թանգարան

Թանգարանի բակին մէջ տակաւին կանգնած էր շոգեկառքի այն վակոնը, որուն մէջ ստորագրուած էր հայավնաս Կարսի դաշնագիրը: Ցուցադրութեան դրուած էին տապանաքարեր «թուրք մեզեր»-ի արձանագրութեամբ, որոնք հայկական տապանաքարեր էին` մեծ մասը հայերէն արձանագրութիւններով, հայկական զարդանաշխերով եւ փորագրուած խաչերով: Անոնցմէ մէկը հայ տէր հօր մը տապանաքարն էր

Գիշեր է արդէն: Մնաք բարով կ՛ըսենք Կարսին: Քաղաքէն դուրս կու գանք: Հոս սկսած են նոր շէնքեր կառուցուիլ` լրիւ փոխելով քաղաքին դիմագիծը: Կ՛երթանք Կարսի ամարանոցը նկատուող Սարիղամիշ-Եղէգնուտ` գիշերելու:  Անտառածածկ շրջան մը, ծանօթ` նաեւ որպէս փայտամշակութեան կեդրոն:

Դէպի Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անի

Առաւօտ կանուխ ճամբայ կ՛ելլենք դէպի Անի, որ շուրջ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Ճամբուն երկու կողմերը ցորենի անսահման դաշտեր են` «ցորեանի ծովեր», ինչպէս նկարագրած էր Դանիէլ Վարուժան իր «Հացին երգը»-ին մէջ: Ուխտաւորները քիչ մը կազդուրուած են նախորդ օրուան յոգնութենէն, տրամադրութիւնները բարձր են:Երգը տիրական է մթնոլորտին մէջ:

Յուշարձան 1918-ին  հայերուն կողմէ ջարդուած թուրքերու յիշատակին
Յուշարձան 1918-ին հայերուն կողմէ ջարդուած թուրքերու յիշատակին

Դէպի Անի ճամբուն վրայ կանգ կ՛առնենք նորակառոյց յուշարձանի մը դիմաց: Թրքական յուշարձան է` նուիրուած «1918-ին հայերուն կողմէ ջարդուած թուրքերու յիշատակին»:

Մի՛ զարմանաք, հոս ամէն բան շրջուած է: Հայերը ջարդած են թուրքերը, սակայն թուրքերուն փոխարէն` հայերը անհետացած են այս շրջաններէն

20 նոյեմբեր 2012
Այնճար

http://www.aztagdaily.com/archives/99409

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ