ԵՍԱՅԻՆ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հասած ենք Կարս: Մայր պողոտայէն կ՛անցնինք բարձրանալու համար պատմական բերդը:
Շուրջ 80 հազար բնակիչ ունեցող Կարսը մօտ է այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին: Ան մօտ է Գիւմրիին, եւ եթէ Թուրքիան սահմանը չփակէր Հայաստանի հետ արցախեան պատերազմի ընթացքին, շատ կարճ կը դառնար Գիւմրի-Կարս ճանապարհը: Ըստ վարորդին, Գիւմրի-Կարս ճանապարհը շուրջ 75 քիլոմեթր է միայն, մինչ մենք հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցած ենք նոյն տեղը հասնելու համար:
Մայր շուկան խճողուած է: Բնակիչները հիմնականին մէջ քիւրտեր են, ինչպէս` ընդհանրապէս մեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ: Կան նաեւ ազերիներ: Քաղաքը չէ զարգացած եւ աղտոտ է:

Կ՛անցնինք շուկային մէջէն. Դաւիթը կը փորձէ լուսանկարել պատին վրայ տակաւին գոյատեւող հայերէն արձանագրութիւն մը: Կողք-կողքի խանութներ են` կառուցուած Գիւմրիի հայկական ճարտարապետական ոճով: Ոմանք պարզապէս ներկուած են տարբեր գոյներով` աւելի նոր երեւնալու համար: Հին փողոցներն են, ինչպէս` հարիւր տարի առաջ:
Մեքենայով կը բարձրանանք մինչեւ բերդ, ուրկէ պիտի սկսինք Կարսի մեր շրջապտոյտը:

Կարսի պատմական բերդին վրայ կանգնած են ուխտաւորները: Ապշած են քաղաքի համայնապատկերով: Հրաշալի տեսարան է: Մինչ Աշոտը կը պատմէ քաղաքի «կենսագրական»-ը, ամէն մարդ զբաղած է լուսանկարելով: Քիչեր լսեցին, թէ բերդին դռները բարձր են, որովհետեւ ժամանակին ձիաւորները ձիերուն վրայ նստած կը մտնէին բերդ: Քիչեր իմացան գնդապետ Մազմանեանի պարիսպին վրայ կատարած անձնասպանութեան մասին…
Ինչո՞ւ չէինք կրցած պաշտպանել այս քաղաքը` լաւապէս զինուած ըլլալով հանդերձ…

Հիմա կը շրջինք բերդին մէջ: Ամուր կառոյց է բերդը, քաղաքին վրայ տիրապետող:
Ամէն մարդ կ՛ողբայ Կարսի կորուստը: Մեծ բան կորսնցուցած ենք:
Է՜ր երբեմն այս քաղաքը դաշնակցական ֆետայիներու «հնոց»-ը: Հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր կեդրոններէն եղած էր Կարսը: Հոս կային քանի մը հայկական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Կար հայկական եռուն կեանք: Բայց ասոնք բոլորը անցեալին կը պատկանին: Հիմա բերդի գագաթին թրքական դրօշ կը ծածանի, եւ նոր բացատրութիւններ կան բերդի կառուցման եւ անցեալին մասին…

Բերդէն չքնաղ տեսք ունի Կարսի գոհար Ս. Առաքելոց եկեղեցին, որ գրեթէ նոյն կերպով կանգուն է աւելի քան հազար տարիներէ ի վեր:
Զանգակատունը աներեւութացած է, սակայն եկեղեցին կանգուն է, որքան ալ տարօրինակ թուի` որպէս մզկիթ…
Զարմանալի են թուրքերը. կը կարծեն, որ եթէ եկեղեցւոյ վրայէն խաչը վերցնեն, մէջը կարմիր գորգեր փրեն եւ ԱԼԼԱՀ ու ՄՈՀԱՄԵՏ արձանագրեն ներսի պատերուն վրայ, եկեղեցին մզկիթի կը վերածուի: Չեն կրցած հասկնալ, որ հայկական եկեղեցիները, իրենց ուրոյն ճարտարապետական ոճով, շատ հեռուէն յայտնի են` առանց որեւէ արձանագրութեան:
Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին պարզապէս հրաշալիք մըն է: Առաքեալներու քանդակները կը գոյատեւեն գմբէթի արտաքին պատերուն վրայ, ինչպէս նաեւ` քարէ խաչերը եւ յաւերժութեան նշանը: Եկեղեցւոյ խորանը կը մնայ նախկինին պէս:

Այժմ կանգնած ենք արդէն Կարսի գետին վրայ կառուցուած` պատմական Վարդանի կամուրջին վրայ: Կամուրջը ժամանակակից է Անի մայրաքաղաքին` նոյնպիսի տուֆ քարերով կառուցուած: Կոչուած է Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի անունով: Հազար տարիէ ի վեր անոր վրայէն կ՛անցնին մարդիկ, անասուններ եւ վերջին հարիւր տարին` ինքնաշարժներ: Սալայատակ գետինը տակաւին նոյնն է: Կամուրջի կողքին կայ կիսափուլ հայկական բաղնիքը, իսկ քիչ անդին փլատակ վիճակի մէջ` հայ կաթողիկէներու եկեղեցին: Հոս ալ գանձ փնտռելու պատրուակով փորած են եկեղեցւոյ հիմերը` արագացնելով անոր քանդումը:

Քալելով կը շարժինք դէպի Կարսի երկաթէ կամուրջը եւ Չարենցի տունը: Հոս աւելի յստակ կ՛երեւին հայկական հին փողոցները: Կը լուսանկարուինք Չարենցի տան դիմաց: Հոս ապրած եւ ստեղծագործած է մեծ բանաստեղծը, ինչպէս մեզի կը յայտնեն Աշոտն ու Մհերը, որոնք մինչեւ հոս միասին էին ուխտաւորներուն հետ: Օրը սկսած էր մթննալու, մենք սակայն կը շարունակէինք շրջիլ Կարսի փողոցներուն մէջ:
Առիթ չունեցանք Չարենցի Ռէալական դպրոցը տեսնելու: Հազիւ թէ նախքան մթննալը կրցանք տեսնել Կարսի թանգարանը, անոր ալ` միայն դուրսի բաժինը, որովհետեւ ժամանակը ուշ ըլլալով` ցուցասրահը փակ էր արդէն:

Թանգարանի բակին մէջ տակաւին կանգնած էր շոգեկառքի այն վակոնը, որուն մէջ ստորագրուած էր հայավնաս Կարսի դաշնագիրը: Ցուցադրութեան դրուած էին տապանաքարեր «թուրք մեզեր»-ի արձանագրութեամբ, որոնք հայկական տապանաքարեր էին` մեծ մասը հայերէն արձանագրութիւններով, հայկական զարդանաշխերով եւ փորագրուած խաչերով: Անոնցմէ մէկը հայ տէր հօր մը տապանաքարն էր…
Գիշեր է արդէն: Մնաք բարով կ՛ըսենք Կարսին: Քաղաքէն դուրս կու գանք: Հոս սկսած են նոր շէնքեր կառուցուիլ` լրիւ փոխելով քաղաքին դիմագիծը: Կ՛երթանք Կարսի ամարանոցը նկատուող Սարիղամիշ-Եղէգնուտ` գիշերելու: Անտառածածկ շրջան մը, ծանօթ` նաեւ որպէս փայտամշակութեան կեդրոն:
Դէպի Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անի
Առաւօտ կանուխ ճամբայ կ՛ելլենք դէպի Անի, որ շուրջ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Ճամբուն երկու կողմերը ցորենի անսահման դաշտեր են` «ցորեանի ծովեր», ինչպէս նկարագրած էր Դանիէլ Վարուժան իր «Հացին երգը»-ին մէջ: Ուխտաւորները քիչ մը կազդուրուած են նախորդ օրուան յոգնութենէն, տրամադրութիւնները բարձր են:Երգը տիրական է մթնոլորտին մէջ:

Դէպի Անի ճամբուն վրայ կանգ կ՛առնենք նորակառոյց յուշարձանի մը դիմաց: Թրքական յուշարձան է` նուիրուած «1918-ին հայերուն կողմէ ջարդուած թուրքերու յիշատակին»:
Մի՛ զարմանաք, հոս ամէն բան շրջուած է: Հայերը ջարդած են թուրքերը, սակայն թուրքերուն փոխարէն` հայերը անհետացած են այս շրջաններէն…
20 նոյեմբեր 2012
Այնճար
http://www.aztagdaily.com/archives/99409
Leave a Reply