Յովհաննէս Աղաջանեանի գիրքին հիման վրայ Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն պիտի նկարահանուի

Ցեղասպանության մասին ֆիլմԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը պիտի նկարահանէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը՝ հիմնուած գրող Յովհաննէս Աղաջանեանի «Ողջերն ու մեռածները» գիրքին վրայ: 17 մայիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է հեղինակը՝ դիտել տալով, որ մօտ օրէն պիտի կատարուի բեմագրութեան ընտրութեան քննարկում, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ինք։
Գիրքը Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայրենակիցներուն մասին է, որոնց կարգին են նաեւ գրողին նախնիները: «Ես սպասում եմ այդ հանդիպմանն ու քննարկմանը, որպէսզի տեսնենք` ինչպէս ենք աշխատելու ֆիլմի սցենարի վրայ», յայտնած է Աղաջանեանը:
Գրողը նաեւ անդրադարձած է գիրքի հրատարակչութեան ոլորտի խնդրիներուն՝ ընդգծելով որոշ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Ան յատկապէս դիտել տուած է, որ հրատարակչութեան համար գիրքի ընտրութեան ճիշդ գործընթացներ պէտք է ներդրուին՝ հիմնուելով անաչառ, առարկայական ընտրութեան վրայ: Աղաջանեան իր գիրքերը  տպագրած է անձնական միջոցներով, անոնց գրեթէ 50 տոկոսը վաճառուած է, մնացած մասն ալ նուիրած է մարզային գրադարաններուն, դպրոցներուն եւ Հայաստանի ազգային գրադարանին:
Փոփոխութիւններուն վերաբերող յաջորդ առաջարկը կը վերաբերէր Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ դառնալուն եւ պետական մրցանակ տրամադրելու հարցերուն:
Գրող Յովհաննէս Աղաջանեանի գրիչին կը պատկանին «Վասակ եւ Վարդան», «Վերջին դարը», «Այսպիսի գէօպոլիտիկա» թատերգութիւնները եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

http://asbarez.com/arm/162807/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ