Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հայ եւ յոյն համայնքները միասնական յայտարարութեամբ դիմած են Սպիտակ տան, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ Անգարայի հետ առեւտրական յարաբերութիւններուն մէջ նախապայմաններ առաջադրեն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Ուաշինկթըն այցելութեան կիզակէտին մէջ կողմերը մասնաւորաբար պահանջած են, որ Միացեալ Նահանգներ Անգարայէն պահանջեն դադրեցնել Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ Հայաստանի շրջափակումը: Կողմերը կը նշեն, որ Անգարա առեւտրական, ներդրումային եւ այլ խոչընդոտներ կը յարուցէ Կիպրոսի եւ Հայաստանի դէմ:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը ամիսներ շարունակ մեծ ջանքեր կը թափէ ներառուելու համար Անդրատլանտեան առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերութեան մէջ:
Leave a Reply