Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արցախի պետութեան հետ համագործակցաբար նախաձեռնած էր Նոր Կիլիկիա գիւղի շինութեան` Մարտակերտի շրջանին մէջ: Առաջին հանգրուանով իրագործուեցաւ գոյութիւն ունեցող միջնակարգ վարժարանի ամբողջական վերանորոգութիւնը: Ապա կատարուեցաւ գիւղի քարտիսագրութիւնը, որ հաստատուեցաւ պետութեան կողմէ: 2012-ին կառուցուեցան տասը նոր բնակարաններ, որոնք յանձնուեցան Արցախի պետութեան կողմէ ճշդուած զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ երիտասարդ զոյգերու: Միաժամանակ, կաթողիկոսարանի իսկ ծախսերով սկսաւ գոյութիւն ունեցող 32 կիսաւեր, բնակուած տուներու ամբողջական վերանորոգութիւնը, որ իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ ամիսներուն:
11 մայիս 2013-ին Արցախ մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Սեպուհ արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին), Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան (Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմին), Բաբգէն եպս. Չարեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Արա Տեմիրճեան եւ Վահէ Եագուպեան (Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ), Երուանդ Բաբախանեան (Թեհրանի հայոց թեմի ներկայացուցիչ) եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Պատուիրակութիւնը նախ եւ առաջ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ` ընկերակցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի: Պատուիրակութիւնը նախագահին փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ջերմ բարեմաղթութիւնները: Նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհակալութեան խօսք արտասանելով իր ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` Նոր Կիլիկիա գիւղի շինարարութեան ընդմէջէն վեր առնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Արցախի պետութիւն սերտ յարաբերութիւնները, հրաւիրելով վեհափառ հայրապետը, որ անձամբ այցելութիւն տայ Արցախ եւ իր ներկայութեամբ գօտեպնդէ Արցախի մեր քաջարի ժողովուրդը: Նախագահ Սահակեան մաղթեց, որ Նոր Կիլիկիան դառնայ խորհրդանիշը այդ սերտ գործակցութեան` կարեւոր նկատելով վերաբնակեցման աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնելու սփիւռքահայութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Պատուիրակութիւնը ապա մեկնեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղ` Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, Նոր Կիլիկիոյ նոր բնակիչները, Մարտակերտի շրջանի ինքնակառավարման մարմինի պատասխանատու Խաչատրեան, Նոր Ղազանջիի գիւղապետը, միջնակարգ դպրոցի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր: Կատարուեցաւ բացման յատուկ աղօթք` առաջնորդ սրբազաններուն կողմէ, որուն յաջորդեց ընթերցումը Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին, ուր վեհափառ հայրապետը «ջերմօրէն կ՛ողջունէր Ղարաբաղի իմաստուն նախագահը, երիտասարդ ու աշխատունակ վարչապետը, որոնք ամբողջական նուիրումով լծուած են Ղարաբաղի բարգաւաճման ազգանուէր առաքելութեան»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կը յայտնէր, որ «Ղարաբաղը վերանկախացաւ մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով, ամուր վճռակամութեամբ ու արեան վկայութեամբ: Անկախութիւն կերտելը, ճի՛շդ է, մեծ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ: Սակայն անկախութիւնը պահելը եւ ամրապնդելը աւելի մեծ զոհողութիւն, հաւաքական ճիգ եւ ծրագրուած աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ղարաբաղը հզօրացնելը եւ ծաղկեցնելը համահայկական պատասխանատուութիւն է: Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս նախաձեռնութեան դիմեց, ինչպէս նաեւ իր թեմերու ժողովուրդին ճամբով` Ղարաբաղը հզօրացնող բազմաթիւ այլ աշխատանքներու: Մենք պիտի շարունակենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը Ղարաբաղին»:
Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան: Ան յայտնեց թէ «պատահական չէ Նոր Կիլիկիայի համար ընտրուած վայրը, նոր բնակավայրը հիմնւում է Արցախեան ազատամարտի ժամանակ բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած տարածքում»` նկատի ունենալով որ Նոր Ղազանջիի շրջանը դարձած էր արցախեան պատերազմի ամէնէն թէժ կռիւներու թատերաբեմը, եւ ըստ վարչապետին, որոշիչ դեր խաղացած է արցախեան բանակի յաղթանակին մէջ: Արցախի վարչապետը այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիլիկեան թեմերուն` իրենց մասնակցութեան համար այս կարեւոր ծրագիրի իրագործման: Խօսք առին նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմինի պատասխանատուն, միջնակարգ վարժարանի տնօրէնը եւ քաղաքաշինութեան նախարարը: Ան ներկայացուց ծրագիրի յառաջիկայ հանգրուանը, որ պիտի ներառէ 29 նոր տուներու կառուցումը` յանձնուած 10 տուներուն կողքին: Ներկայացուեցաւ նաեւ գոյութիւն ունեցող 32 տուներու վերանորոգման աշխատանքին ընթացքը: Ապա տեղի ունեցաւ հիմնարկէքը նոր տուներու շինարարութեան, որուն աշխատանքները անմիջապէս պիտի սկսին: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն տրուած այցելութեամբ, որուն ընթացքին պատուիրակութեան անդամները շնորհաւորեցին ընտանիքները: Կ՛արժէ յիշել, որ տուներու յանձնումէն մինչեւ հիմա երեք երեխաներ ծնած են արդէն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր նախաձեռնութիւնը: Նոր Կիլիկիա գիւղի ծրագիրը տուներու կողքին կը ներառէ մանկապարտէզի, բուժկեդրոնի, համայնքային կեդրոնի եւ եկեղեցւոյ շինարարութիւն: Այս ծրագիրի հիմնական առաջադրանքն է վերաբնակեցնել ու զարգացնել շրջանը` նկատի ունենալով անոր դիրքին կարեւորութիւնը:
http://www.aztagdaily.com/archives/120489
Leave a Reply