Ցեղասպանութեան պատճառով որբացածներու լուսանկարներու ցուցադրութիւն

«Հետքերով որբերի հայոց»ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 26 մայիսին Հայաստանի մէջ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Ռոքֆելըրի արխիւային կեդրոնին մէջ պահուող Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի բացառիկ հաւաքածոն, որ կազմուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ 1915-29 թուականներ: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Նարեկացի» արուեստի միութեան նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիկտորիա Անտաբեանը նշած է, որ միութիւնը «Հետքերով որբերի հայոց» վերնագիրին տակ պիտի կատարէ շատ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը՝  համագործակցելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան, Միացեալ Նահանգներու Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամին եւ Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» որբանոցին հետ:
«Մեծ ցանկութիւն ունէինք մեր շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքը յղել Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէին կատարած աշխատանքի համար: Դա կ՛արուի կայանալիք միջոցառման տեսքով, որն իր տեսակի մէջ բացառիկ է. ներկայացուելու են լուսանկարներ, որոնք մինչ այդ Հայաստանում չեն ցուցադրուել», յայտնած է Անտաբեան:
Լուսանկարներու ցուցահանդէսի կազմակերպման գաղափարը միութիւնը ունեցած է լուսանկարի մը յայտնաբերումէն ետք. հոն պատկերուած էր հայ որբ երեխաներու խումբ մը: Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի  25 մայիսին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ (մուտքը հրաւէրով), 26 մայիսին «Նարեկացի» միութեան կեդրոնին մէջ, իսկ 27 մայիսին լուսանկարները պիտի ցուցադրուին Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» որբանոցին մէջ: Երեք ցուցահանդէսներն ալ այցելուներուն համար բաց պիտի մնան մինչեւ 8 յունիս: Անտաբեան դիտել տուած է, որ Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» որբանոցին մէջ ներկայացուած շուրջ 100 լուսանկարները ցուցահանդէսին աւարտէն ետք պիտի նուիրուին որբանոցին։ Կը նախատեսուի նախքան ցուցահանդէսը տպագրել Ռոքֆելըրի արխիւային կեդրոնին մէջ պահուող լուսանկարներու գիրքը:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ բեմադրիչ Զարեհ Ճգնաւորեանի վաւերագրական ժապաւէններէն մին:
Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէն Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուած է 1915ի 20 նոյեմբերին «Երիտասարդական միութեան» կողմէ: Անիկա դրամահաւաք կը կազմակերպէր հայ կարիքաւորներուն օգնելու համար։ Կոմիտէի ջանքերով ստեղծուած առաջին որբանոցը կոչուեցաւ «Միացեալ ընկերութիւնների առաջին որբանոց», ուր ապաստան գտան 5-13 տարեկան 30 երեխայ: 1916ի 25 ապրիլին բացումը կատարուեցաւ «Միացեալ ընկերութիւնների երկրորդ որբանոց»ին՝ 62 որբերով: 1919ին Նպաստամատոյց կոմիտէի ջանքերով Ալեքսանդրապոլի փողոցներէն կը հաւաքուէին թափառաշրջիկ հայ որբերը, որոնք բժշկական քննութիւններու ենթարկելէ ետք, կը տեղաւորուէին հիւանդանոցներու կամ որբանոցներու մէջ։  Կովկասի որբանոցներուն մէջ երեխաները օրական երեք անգամ սնունդ կը ստանային. անոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 25 հազար էր: Ասիկա մարդկութեան պատմութեան մէջ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած մեծագոյն որբանոցն էր, որ կը կոչուէր «Որբաքաղաք»: Նոյեմբեր 1920ին, երբ Հայաստանի մէջ հաստատուեցան խորհրդային կարգեր, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց կոմիտէն ստացաւ ազատ գործելու կարելիութիւն, քանի որ անիկա զուտ մարդասիրական բնոյթ կրող կազմակերպութիւն էր եւ որեւէ քաղաքական նպատակ չէր հետապնդեր:
Կոմիտէի ծաւալած մարդասիրական օգնութեամբ՝ որբանոցներու հաստատում, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու բացում, սննդամթերքի, հագուստի ու դեղորայքի հայթայթում եւ այլն, ստոյգ մահէն փրկուեցան տասնեակ հազարաւոր հայ երեխաներ: Կոմիտէի որբախնամ գործունէութիւնը կանոնակարգուած բնոյթ ստացաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն եւ շարունակուեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իսկ՝ մինչեւ 1929 թուական:

http://asbarez.com/arm/162535/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ