Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի գործունէութենէն հատուածներ

Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Վերջին քանի մը ամիսներուն, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը կազմակերպած է աշխատանիստեր, ինչպէս նաեւ մասնակցած է ուրիշներու՝ ուսուցիչներուն յիշեցնելով, թէ ապրիլ ամիսը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիսն է, միաժամանակ շեշտելով, թէ ոգեկոչելու ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու լաւագոյն միջոցը դաստիարակութիւնն է:
Սան Ֆրանսիսքոյի երկրորդական վարժարաններէն մէկուն մէջ, Սան Ֆրանսիսքոյի Ողջակիզման կեդրոնին կազմակերպութեամբ մարտ 17ին կայացած «Սորվելու օր մը» նախաձեռնութեան ընթացքին, շրջանի աշակերտները եւ ուսուցիչները ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Մուսա լերան հերոսամարտին: Արդարեւ, աշխատանիստերէն մէկուն ընթացքին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի ուսուցչուհի Կարինէ Փանոսեանը խօսեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտին մասնակցած իր մեծ հօր՝ Մարկոս Սնապեանի յուշերուն մասին:
Նաեւ, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի կրթական հարցերու պատասխանատու Սարա Քոհըն խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ կեդրոնանալով Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպին վրայ: Սոյն հաւաքին ներկայ էին Քալիֆորնիոյ 101 դպրոցներէն աւելի քան 600 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական»էն ներկայ եւ շրջանաւարտ աշակերտներ:
Կարինէ Փանոսեանի ելոյթէն հատուածներ կարելի է դիտել http://youtu.be/KYvDoJ_fLU կայքէջին վրայ:
Տարեկան հերթականութեամբ կայացող սոյն ձեռնարկին նպատակն է խորացնել Ողջակիզման եւ Ցեղասպանական արշաւներուն մասին շրջանի աշակերտներուն գիտելիքները:
Նաեւ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Լիք-Ուիլմըրտինկ» երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն մատուցուած երեքշաբաթեայ յատուկ դասաւանդութեան մը ընթացքին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրէն Ռոքսան Մաքասճեան ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր մեծ հօր եւ մեծ մօր փորձառութիւնները՝ անդրադառնալով նաեւ իրեն վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ձգած ազդեցութեան: Պատմութեան ուսուցիչ Մերի Ֆին, երրորդ անգամն ըլլալով կը գործակցի Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին հետ:
Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի Ռոտ Այլընտ նահանգի կամաւորները՝ Փօլին Կեցոյեան եւ Եսթեր Քալաճեան, Ապրիլ 10ին աշխատանիստ մը կազմակերպած են Ընկերային ուսմանց հիւսիսարեւելեան շրջաններու համագումարին մասնակցող ուսուցիչներուն համար: Մեսեչուսեցի մէջ կայացած սոյն ներկայացման ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման միջոցներուն մասին խօսուած է վերապրողի մը՝ Մարկրիթ Տէր Մանուէլեանի յուշերուն ընդմէջէն: Այս մասին տեսաերիզ մը կարելի է դիտել՝ այցելելով http://youtu.be/xzTpuXVgOEU կայքէջը:
Վերջապէս, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարչութեան անդամ Ռոքսան Մաքասճեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ապրիլ 24ին կայացած ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին կոչ ըրած է համայնքին, որ մասնակից դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու նպատակով կազմակերպութեան տարած աշխատանքին:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.TeachGenocide.com կամ www.GenocideEducation.org կայքերը:

http://asbarez.com/arm/162200/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ