Հայերու բռնագրաւուած ապրանքները

Վան ԼԻմԳէորգ Բախչեան

Ա-Հին դէմքի նոր սնգոյր

Քեմալականներ փոխանակ Երիտթուրքերու հանցագործութիւնները ցուցահանելու և իրենցմէ հեռացնելու նախընտրեցին անոնց Հայերէ ձեռք բերած բոլոր շահը, խափէութիւնները,  շահագործութիւնները  հակաիրաւաբանական օրէնքներու միջոցաւ օրինականի վերածել:

Այսպէսով իրենց նախորդող Երիտթուրքերու կառաւարութեան աքսորը հարկաւոր դարձնող պայմանները լրանալէ յետոյ ետ դարձ կատարող հայ սեփականատէր և ժառանգորդներուն  բոլոր ապրանքին ու գանձին որը ժամանակաւոր ըլլալով իրենց հսկողութեան հանձնուած էր անպատկարելիօրէն ձեռք դրին:

Իրաւագիտութիւնը մանրամասնօրէն յայտնած է ձեռք դրուած ապրանքներու տիրանալու պայմանները և հանգամանքը: Մինչդեր Քեմալականները ասիկա բոլորովին անտես առին:

Նուաճումէ վերջ; Պատերազմող կողմերէն մէկուն բացարձակ պարտութէնէ յետոյ ըստ կնքուած դաշինքի մէջ նախատեսուած կարգավիճակին:

Պաշարումէ վերջ; ”Ոչ մէկու պատկանող” սեփականութիւններու պարագային:

Բայց հայերու ձեռքէն խլուած ապրանքներն և հողերը իրենց օրինական տէրերը ունէին:

Ապրանքի մը իրաւունքը ուրիշի կանցնի հետևեալ պայմաններու մէջ,

Զինուորական պարտութիւն

Փոխանակում

Վաճառք

Վարձել

Ռէֆէրանտում (Ժողովրդական քուեարկութիւն)

Բայց ասոնցմէ ոևէ մէկը առնչուած է Հայոց ապրանքներուն հետ:

Հողաբաժնի արժեւորում մը, նորայայտ հողաճոթ մը, ճահիճներու, գետերու և ծովերու ցամաքեցման հետեւանքով ձեռք բերուած հարստութիւն…

Այս ալ հայերու ունեցուածքին չվերաբերիր: 

Ըստ կարգադրումներու,

Ոմանք կը պնդեն թէ Հայերու ապրանքներուն բռնագրաւումը ենթակայ է ժամանակավրէպացման: Այս անձերը առանց  ուրիշ որևէ մտածելակերպի ուշադրութիւն դարձնելու իրենձ հայեցակէտը կազմած են միայն ժամանակային հարցի շուրջ:

Ճիշդ է որ Միջազգային Հանրային Իրաւագիտութիւնը դեռևս չունի յայտնի օրէնք մը որը առնչուած է ժամանակավրէպացման հետ և դեռ իրաւագետերու կողմէ կարգադրումներու ժամանակին մասին կանոններ որոշակի կերպով չէ ընդունուած: Այսուամենայնիւ իրաւագետեր միաձայն ընդունած են շահոյթի կարգադրումներու վերաբերող երեք հիմնական պայմանը,

Կալուածը ոչ գաղտնի ոչ ալ բռնի ստացուելու է: Երբ խօսքը կը վերաբերի հայերու ունեցուածքին, այնտեղ համերաշխութեամբ ձեռք փոխել չէ այլ բռնագրաւում մը խնդրոյ առարկայ է:

Բռնազբօսիկ դատարաններ: Count R. de Gontaut-Biron  և  L. Le Reverend, կը վկայէն 1921-1923ի միջև կազմուած 3,500է աւելի կեղծ դատարաններու, անունները  յիշելով:

Աքսոր: Մէկուկէս միլիօն Հայ աքսորուած և կողոպտուած:

Կոտորածներ: 1915-1916ի միջև մօտ մէկուկէս միլիօն Հայ սպաննուած:

Վանտալիզմ: Շէնքերու, եկեղեցիներու և թանգարաններու հրկիզումն ու ոչնչացումը:

Սեփականութիւնը շարունակականութիւն պէտք է ունենայ և հակամարտութեան ենթակայ պէտք չէ ըլլայ: Հայերու բռնագրաւուած ապրանքներու համար կարելի չէ ըսել որ սեփականութեան յարատեւութիւն ունին, որովհետև Հայերը քանի անգամներ Միջազգային Իշխանութիւններու երաշխաւորութեան դիմած և 1922էն ի վեր իրարայաջորդ ցոյցեր կատարած են: Բայց և այնպէս Միջազգային դատավճիռը, ընդունած է թէ դիւանագիտական բողոքը սեփականութեան յարատեւութեան յայտնաբերումն է:

Ուստի, Հայ ժողովուրդին բռնագրաւումէն անմիջապէս վերջ, աւարտին հասած այս հանգամանքին առաջ գլուխ չծռելը, հայրենադարձութիւնը և փոխհատուցման  պահանջքը, նոյնիսկ ժամանակի ազդակը հաշուի առնելով ժամանակավրէպացումը անվաւեր կը թողու:

Այս կապակցութեամբ յիշեցնել պէտք է որ Հայերը 22 Սեպտեմբեր 1922ին ՄԱԿ դիմեցին և Նախագահ Աւետիս Ահարոնեան, 8 Օգոստոս 1923ին պաշտօնապէս իրականացուցած էիր բողոքի ցոյցը:

Ըսել պէտք է նաև, Հայերու կալուածին մասին կարգադրումներուն ընդհատման ենթարկուիլը և յարատեւութեան չգոյութիւնը նշանակելու համար Սփիւռքահայութիւնը 1918էն սկսեալ ամէն տարի 15- 30 ապրիլի միջև համաշխարհային չափանիշերով սուգի և ոգեկոչման արարողութիւններ կը կազմակերպէ:

Այս պայմաններու ներքոյ իրաւաբանօրէն Հայերու համար ոչ իրաւունքներէ ոչ ալ օրէնքներուն վերահսկողութենէ հրաժարիլ խնդրոյ առարկայ չէ:

Ուրեմն  բոլոր ասոնք կա՞րելի է բացատրել իբր Քեմալական Կառավարութեան սեփականազրկման գործողութիւն մը: Եթէ իրավիճակը այդպէս ըլլար հարկաւոր է լրացնէր սեփականազրկման գործողութեան հետևեալ պայմանները,

Հանրական ծառայութեան պատկանող վաւերագրական և վարչական որոշում, Հանրական ծառայութեան պատկանող փաստեր, Հանրական ծառայութեան հաստատութեան հաւաստութիւնը յայտնաբերող բոլոր վիճաբանութիւնները և տարրերը միացնող հետազօտութիւն մը:

Եթէ իշխանութիւնը համոզուի, բռնագրաւումը կը դադրեցնէ: Յետոյ երկրին պայմաններուն համեմատ, հարցի մասին վճրական որոշումը տալու համար կ’ուղղարկէ սեփականազրկման դատաւորութեան:

Ունեցուածքը բռնագրաւուած կողմը, ուր որ է բոլոր երկիրներու մէջ իրաւունք ունի եղծման դատարան դիմելու: Սեփականազրկման Դատաւորը կրնայ փոխհատուցումը  նշանակել բոլորովին վերջնական և կամ առժամեայ յիման մը վրայ: Փոխհատուցումը պէտք է կատարուի  կալուածներու փոխանակումէն առաջ: Օրինական ըլլալով, կալուածը գրաւուած մէկուն վնասը եթէ երեք ամսուան յապաղումի ենթարկուած է հարկաւոր կըլլայ, դարձեալ օրէնքով որոշուած տոկոսը վճառել իրեն: Առանց բացառութեան, շէնքերու, այգի և անտառներու, երկրագործական և ճարտարարուեստական տարածքներու, արօտավայրերու ամէն մէկուն համար վնասատուութիւնը հարկաւոր է:

Հայերու ունեցուածքին բռնագրաւման դէպքին, Քեմալական Կառավարութեան կողմէ այս դատավարութիւնը օգտագործելը անկարելի է:

Այս իրավիճակը կարելի՞ է բագատրել իբրև հատուցման փոխարէն պետութեան բռնագրաւումը:

Պետութեան հատուցման փոխարէն կալուածի մը բռնագրաւումը, վարչական իշխանութեան կողմէ, միակողմանի  ըլլալով, հանրային օգուտներու հարկաւոր ծառայութիւն կատարելու համար, փոխադրելի և անշարժ գոյքերու օգտագործումը ապահովելու նպատակաւ անհատներու (փաստացի կամ դատական-ընկերակցական) սահմանափակում պատճառող արարք մըն է: Այս պարագային սեփականազրկումը, շէնքին և ապրանքին տէրը ըլլալու կացութեան ազդող արարք մըն է, իսկ բռնագրաւումը միայն անոնց գործածութեան հետ առնչուած է:

Բռնագրաւումը վճռական ձևով վառչական կիրարկումներու շարք մընէ  և այստեղ դատականութեան կարիքը  չկայ: Ասոնցմէ ոչ մէկուն հետ կարելի է բացատրել Հայերու  ունեցուածքին բռնագրաւումը:

Այս իրավիճակը կարելի՞ է քննարկել իբր պետականացում:

Պետականացումը, օրէնսդրական արարք մը ըլլալով կը գործադրուի, սեփականազրկման նման դատականութեան  առընթեր վառչական կիրարկումներու շարք մը չէ:և այս ալ Հայերու  ունեցուածքին բռնագրաւումը բացայայտող իրավիճակ մը չէ:

Ուրեմն Անքարայի կառավարութիւնը չէ հետապնդած որևէ կիրարկումներու շարք մը և բռնագրաւուած ապրանքներու վնասատուութիւնը չէ կատարած հետևաբար որ՞ իրաւաբանական ուղին հետապնդելով հայերու  ունեցուածքին կրնայ տիրանալ:

Բ- Հակաիրաւագիտական օրինականութիւն

Աքսորուած Հայերուն ունեցուածքին ղեկավառման կապակցութեամբ Օսմանական Պետութեան կողմէ դրուած առժամեայ օրէնքը, պատերազմի վերջաւորութեամբ անկիրարկելի, ժամանակավրէպ, անիմաստ և իրաւագիտականութենէ զերծ կանոնի մը վերածուած էր որովհետև վերապրողները աքսորէ վերադարձած էին:

Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ ունեցուածքի ղեկավառման կապակցութեամբ յայտարարուած հրովարտակի (որը օրէնքի ուժը կը պարբակէ իր մէջ) ոգին ու օրէնսդիրի բնագիրը որևէ վրիպումի տեղ չի տար: Այս բնագիրի հեղինակը- Երիտթուրք օրէնսդիրը- աքսորուած Հայերուն կալուածին բռնագրաւման մասին մեկնաբանութիւն չընելու հարցով բաւականին ջանասէր եղած է: Կրկին անգամներ, Հրամանագիրի այժմէութեան հանգամանքը շեշտելով բացայայտօրէն կը պարզուի թէ իրականութեան մէջ մինչև աքսորուած տէրերը վերադառնան կալուածներու ղեկավառումը պիտի պատկանէր երկու նախարարութիւններու և անոնց ներքոյ աշխատելիք ենթախումբերու:

Բ1- Լքեալ Գոյքեր

Օրէնսդիրը, կալուածներուն լքուած ըլլալը կը խորհի: Մինչդեռ նոյն գոյքերը յատկապէս տիրոջ և կամ սպանդի պարագային իրենց իրաւունք պահանջող ժառանգորդներուն կողմէ երբէք չէ լքուած:

Բ2- Սեփականատէրերու բացակայութիւնը

Կառավարութեան կողմէ սեփականատէրերու բացակայութեան յայտարարութիւնը և բացակայութեան իրավիճակը յատկապէս Իթթահատական կառավարութեան և իր կողմէ դրուած աքսորի օրէնքին,  վերապրողները երկրէն հեռացնելու համար հարկադրած պայմանն էր: Այս պատճառաւ ալ իբր հանցագործութիւն վերագրուած բացակայութեան իրավիճակը սեփականատէրերու դիրքորոշումը չէ, և իրենք պատասխանատու չեն այս դրուածքէն:

Akunq.net

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ