«Ապրիլի մանուկները» եւ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէններու ցուցադրութիւն

Ապրիլի ՄանուկներըՈւրբաթ, 10 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի «Մեթրոփոլիս» շարժապատկերի սրահին մէջ (Սանթըր Սոֆիլ) The Ecran du Real Film Festival 2013-ի ընթացքին ցուցադրուեցան Ծովիկ Թորիկեանի «Ապրիլի մանուկները» («Տը Չիլտրըն աֆ Էյփրըլ») եւ Նիկոլ Պեզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» («Այ լեֆթ մայ շուզ ին Իսթանպուլ») վաւերագրական ժապաւէնները: Սրահը լեցուն էր հայ, արաբ եւ թուրք հանդիսատեսներով, որոնց շարքին զգալի էր ներկայութիւնը արուեստագէտներու եւ համալսարանի դասախօսներու:

Նախքան ժապաւէններու ցուցադրութիւնը խօսք առաւ «Մեթրոփոլիս» շարժապատկերի սրահի տնօրէն Հանիա Մրուէ` ներկայացնելով երկու շարժապատկերի արտադրողները: Ապա առանձնաբար խօսք առին Ծովիկ Թորիկեան եւ Նիկոլ Պեզճեան:

Ծովիկ Թորիկեան շեշտեց, որ 22 վայրկեան տեւողութեամբ իր վաւերագրական ժապաւէնը արդիւնքն է 15 տարուան ուսումնասիրական աշխատանքի: Ան ըսաւ, թէ ինք իր մեծ մօր վկայութիւնները չէ կրցած արձանագրել, քանի որ փոքր եղած է, սակայն աւելի ուշ որոշած է վերապրողներուն այցելելով արձանագրել անոնց յուշերը եւ անոնց ապրած մեծ արհաւիրքը:

Ժապաւէնին մէջ վերապրողներ, որոնք արդէն ծերացած են, կը պատմեն իրենց մանկութեան դառնաղէտ յիշատակները եւ իրենք ալ կը զարմանան, թէ ինչպէ՛ս կրցած են դիմանալ…

Նշենք, որ առաջին անգամն է, որ այս ժապաւէնը կը ցուցադրուի:

Ապա խօսք առաւ Նիկոլ Պեզճեան եւ ըսաւ, թէ իր խօսքը ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք է, որ պիտի ըսէ: Ան յայտնեց, որ ընդհանրապէս ժապաւէն պատրաստողը չի ճանչնար իր հանդիսատեսը, սակայն այսօր ինք ուրախ է, որ շրջապատուած է իրեն անձնապէս ծանօթ եւ բարեկամ հանդիսատեսներով:

«Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնը կը ներկայացնէ լիբանանահայ երիտասարդ գրող Սագօ Արեանը, որ նախ երկմտանքի մէջ է` այցելե՞լ Պոլիս, թէ՞ ոչ: Կ՛որոշէ եւ կը մեկնի Պոլիս: Ժապաւէնին մէջ կը պատկերուին գրողին զանազան այցելութիւնները հայկական հաստատութիւններ, վարժարան, եկեղեցի եւ մտերմիկ հանդիպումները հայ ընտանիքներու ու բարեկամներու հետ: Ան կ՛այցելէ նաեւ գերեզմանատուն եւ իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ հայ մտաւորականներուն եւ գրողներուն:

Յայտնենք, որ այս ժապաւէնը ցուցադրուած է նաեւ Պոլսոյ մէջ If Istanbul film Festival-ին եւ Երեւանի «Ոսկեծիրան» շարժապատկերի փառատօնին: Ժապաւէնի պատրաստութեան հիմնական հովանաւորներն են` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, «Անաթոլ Քիւլթիւր»-ը, «Ատ Քոմ» հաստատութիւնը, «Տարք Սայտ», «Աժանս 21» եւ «Արմինիըն-Թըրքիշ սինեմա փլաթֆորմ»-ը:

Ժապաւէնը մրցանակ շահած եւ պարգեւատրուած է «Արմինիըն-Թըրքիշ սինեմա փլաթֆորմ»-ին կողմէ:

Անիկա 15 մայիսին պիտի ցուցադրուի Վենետիկի մէջ, Իտալիա:

Երկու ժապաւէններու ցուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսները իրենց լուսաբանական հարցումները ուղղեցին բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանին:

http://www.aztagdaily.com/archives/119633

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ