ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռետիօ».- Անգարա փափաք յայտնած է, որ Փարիզ փոփոխութեան ենթարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ֆրանսա-Թուրքիա առեւտուրը աւելիով զարգացնել. երեքշաբթի, մայիս 7ին այսպէս յայտարարած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ, ըստ թրքական «Զաման» թերթին:
Ֆրանսական «GDF Suez» ընկերութիւնը ներկայիս կը համագործակցի ճափոնական «Միցուպիշի» եւ «Իթոչու» ընկերութիւններուն հետ, Թուրքիոյ մէջ երկրորդ հիւլէակայան մը կառուցելու նպատակով: Ծրագիրը 22 միլիառ տոլար կ՛արժէ:
Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Ֆրանսայի հետ առեւտրական յարաբերութեանց կապելու սոյն բացայայտ քայլը նորութիւն մը չէ, որովհետեւ Անգարա անցեալ տարի մերժած էր հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրներուն մասնակցելու ֆրանսական երկու ընկերութիւններուն դիմումները:
Անգարա կոչ կ՛ընէ Փարիզին
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply