Անգարա կոչ կ՛ընէ Փարիզին

nükleer santralԵՐԵՒԱՆ, «Արմռետիօ».- Անգարա փափաք յայտնած է, որ Փարիզ փոփոխութեան ենթարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ֆրանսա-Թուրքիա առեւտուրը աւելիով զարգացնել. երեքշաբթի, մայիս 7ին այսպէս յայտարարած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ, ըստ թրքական «Զաման» թերթին:
Ֆրանսական «GDF Suez» ընկերութիւնը ներկայիս կը համագործակցի ճափոնական «Միցուպիշի» եւ «Իթոչու» ընկերութիւններուն հետ, Թուրքիոյ մէջ երկրորդ հիւլէակայան մը կառուցելու նպատակով: Ծրագիրը 22 միլիառ տոլար կ՛արժէ:
Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Ֆրանսայի հետ առեւտրական յարաբերութեանց կապելու սոյն բացայայտ քայլը նորութիւն մը չէ, որովհետեւ Անգարա անցեալ տարի մերժած էր հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրներուն մասնակցելու ֆրանսական երկու ընկերութիւններուն դիմումները:

http://asbarez.com/arm/161771/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ