Շաբաթ,4 մայիս 2013ի յետմիջօրէին, Այնճար այցելեց Տոքթ. Սալէհ Զահրէլտին (որ հեղինակ է արաբերէն լեզուով հրատարակուած 16 հատորներու՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին ) եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին հետ: Տոքթ. Սալէհ Զահրէլտին փոխանցեց յանձնախումբին որ ինք որոշած է հատոր մը գրել Մուսա լերան եւ Այնճարի մասին, յոյս յայտնելով որ յանձնախումբը կ’օժանդակէ այս ծրագրի իրականացման:
Յանձնախումբը ողջունեց տոքթորին առաջարկը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ձեւով թիկունք կանգնելու այս ծրագրին: Գրքի հրատարակութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել Մուսա Լերան հերոսամարտի 100ամեակին առիթով:
http://mousaleranjar.net/arm/default.asp?MenuId=48&ContentID=186
Leave a Reply