«Ալ–Մոնիթըր Թըրքի» կայքին վրայ հրատարակուած է Օրհան Քէմալ Ճենկիզ ստորագրութեան հետեւեալ հետաքրքրական վերլուծումը՝ Հայկական հարցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գործադրուած քաղաքականութեան մասին.
24 Ապրիլ, 2013ին, բազմաթիւ խմբակներ, որոնք 1915ի պատահարները ցեղասպանութիւն կ՛որակեն, լեցուցին Իսթանպուլի մէջ Թաքսիմի հրապարակը։ Անոնց միջեւ կային արտասահմանէն եկած հայեր ալ։ Բոլորը միատեղ այս հողերուն վրայ զոհուած միլիոնաւոր հայերը ոգեկոչեցին։ 5-6 տարի առաջ երեւակայել իսկ կարելի չէր որ Թուրքիոյ մէջ ոգեկոչման այսպիսի հանդիսութիւն մը կարելի կ՛ըլլար իրականացնել։ Եթէ նայուի այս նոր զարգացումներուն, մարդիկ կրնան սնուցանել, որոշ լաւատեսութիւն մը։ Միայն թէ, Իսթանպուլի մէջ Թուրքիոյ ժողովրդավար նոր դէմքը ցոլացնող այս զարգացումներուն առընթեր կարելի է տեսնել որ Անգարայի մէջ Արտաքին նախարարութիւնը կը շարունակէ կրկնել այն կաղապարատիպ խօսքերը, որոնք կ՛արտասանուին 98 տարիէ ի վեր։
Արտաքին նախարարութիւնը խիստ ոճով քննադատեց ԱՄՆի նախագահ Օպամայի 24 Ապրիլի յայտարարութիւնը։ Արտաքին նախարարութիւնը ըսաւ, որ ցաւով կը դիմաւորէ նախագահ Օպամային լուսաբանութիւնը, որ կը խեղաթիւրէ պատմական ճշմարտութիւնները։ Անգարա բարկացած էր, մինչդեռ Օպամա ուրիշ բան չէր ըսած եթէ ոչ այն՝ թէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն հայերը անխղճօրէն սպաննուեցան եւ բռնի ուժով քալեցին դէպի մահ։
Հիմա մէկ կողմը կայ Թուրքիա մը, որ երկար տարիներու թապուները փլցուցեր է եւ հրապարակի վրայ արտօներ է, որ 1915ի մասին ազատօրէն խօսուի։ Արդարեւ այլեւս միայն 24 Ապրիլի հանդիսութիւններու ընթացքին չէ, որ մարդիկ ազատօրէն կը խօսին 1915ի ցեղասպանութեան մասին, այլ զանազան գրողներ եւ լրագրողներ եւս այս մասին յօդուածներ կը հրատարակեն։ Բայց միւս կողմէ ալ եթէ նայուի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ պաշտօնական գետնի վրայ ցոյց տրուած հակազդեցութեան, կը տեսնուի որ ամենափոքր փոփոխութիւն մը անգամ չէ կատարուած։ Լաւ, բայց ինչո՞ւ։ Ի՞նչպէս կ՛ըլլայ որ Թուրքիա մէկ կողմէ այս նիւթերուն մասին ազատ բանավէճի արտօնութիւն կու տայ եւ միւս կողմէ ալ կ՛աշխատի, որ աշխարհի վրայ այս նիւթին մասին բնաւ չխօսուի։ Հակառակ որ Օպամայի լուսաբանութեան մէջ ցեղասպանութիւն բառը չէ գործածուած, ինչո՞ւ այսքան կարծր հակազդեցութիւն ցոյց կը տրուի անոր դէմ։ Մինչ Թուրքիա Քրտական հարցի նման խոշոր խնդիր մը լուծելու համար լուրջ քայլեր կ՛առնէ, ի՞նչպէս կ՛ըլլայ, որ Հայկական հարցին մէջ շարունակ կը կրկնէ հարիւր տարուան կարծր կաղապարները։
Ես կը մտածեմ, որ կառավարութեան այս դիրքաւորումը 2015 թուականի ռազմավարութեան մաս կը կազմէ։ Մինչ Հայաստան եւ Հայկական Սփիւռքը աշխատանք կը տանին, որպէսզի 2015 թուականին ցեղասպանութիւնը համաշխարհային չափով ճանաչուի եւ ծննդեան թուական մը դառնայ, միւս կողմէ Թուրքիա հայերու այս ճիգերուն դէմ ինքնապաշտպանութեան բնազդով մը կը շարունակէ ուրանալ այնպէս ինչպէս ուրացած է տարիներէ ի վեր։
Գիտէինք որ Սփիւռքի 2015ի ռազմավարութեան փոխարէն Թուրքիոյ Արտաքին նախարարութիւնն ալ հակադիր ռազմավարութիւն մը կը պատրաստէր։ Մամուլին մէջ գրուեցաւ, որ Արտաքին նախարարութիւնը Թուրքիոյ դեսպանատուներուն «գաղտնի» նամակներ ղրկեց եւ հրահանգեց որ մօտէն հետապնդուին հայերու կողմէ 2015ի համար նախատեսուած պատրաստութիւնները։ Յայտնի կը դառնայ, որ Արտաքին նախարարութեան այս նամակները արդիւնք տուած են։ Օրինակ Քոփենհակընի մէջ հայերու կողմէ բացուած ցուցահանդէսի մը փոխարէն Թուրքիոյ դեսպանատունն ալ անմիջապէս հակադիր ցուցահանդէս մը բանալով հակազդեց։
***
(Թրքական իշխանամէտ-«Ա.») «Հիւրրիյէթ»ի Տէյլի Նիուզ թերթին մէջ Պարչըն Եինանչ 23 Ապրիլին գրեց, որ Թուրքիա հայկական պնդումներու դիմաց միայն պատասխաններ յառաջ քշելով պիտի չգոհանայ, այլ նաեւ ճիգ պիտի վատնէ, որպէսզի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դառնան մինչեւ 2015։
Բոլոր այս տուեալներու լոյսին տակ կարելի է մտածել որ Օպամայի յայտարարութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ ցոյց տրուած հակազդեցութիւնը իրականութեան մէջ ուղղուած է ո՛չ թէ այսօրուան, այլ ապագային։ Թուրքիա, այսօր Օպաման քննադատելով կը ջանայ ապահովել, որ 2015 թուականին եւս ԱՄՆի նախագահը «ցեղասպանութիւն» բառը չարտասանէ։
Լաւ բայց Թուրքիա ինչո՞ւ այսքան կը վախնայ «ցեղասպանութիւն» բառին գործածութենէն։ Որովհետեւ կը մտածէ որ այս բառը իրաւական կարգ մը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ստեղծել։ Մինչդեռ Միջազգային Իրաւագիտութեան տեսանկիւնէն Թուրքիոյ այս մտահոգութիւնը շատ ալ ճիշդ չէ։ Էլի Վիզելի անուան հիմնարկութեան նման մարմիններ իսկ, որոնք 1915ը անվիճելիօրէն ցեղասպանութիւն նկատեցին, ընդունեցին որ Միջազգային համաձայնագիրներու մէջ դէպի ետ երթալ չկայ, այսինքն կարելի չէ Թուրքիայէն հող կամ հատուցում պահանջել։ (Ի՛նչ միջազգային օրէնք է, որ անժամանցելի պատիժի մը համար հատուցում պիտի զլանայ տուժողին-«ԱՍՊԱՐԷԶ»):
Ինչ որ ալ ըլլան միջազգային իրաւագիտութեան տուեալները, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այս նիւթին մէջ վախնալով պատիժի մը ենթարկուելէ, կը շարունակէ հարիւր տարուան ուրացումի իր քաղաքականութիւնը եւ կը տեսնենք, որ ասիկա պիտի շարունակուի մինչեւ 2015։ Իսկ 2015ի վախը անցեալին մէջ ձգելէ ետք Թուրքիա արդեօք պիտի կարենա՞յ մէկդի ընել ուրացումի իր քաղաքականութիւնը եւ իր վախերը եւ պիտի կարենա՞յ աւելի մարդասիրական եւ խելացի քաղաքականութիւններ զարգացնեն, ատիկա ապագային պիտի տեսնենք բոլորս միատեղ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
http://asbarez.com/arm/161792/
Leave a Reply