«ԱԶԴԱԿ»-ի մամլոյ 81-րդ լսարան. «Ազգայնամոլներէ հասած գրաւոր սպառնալիքները ոգեւորիչ են, որովհետեւ կը նշանակեն, որ Արեւմտահայոց գրասենեակը ունի իր մեծ ազդեցութիւնը» հաստատեց Հայկազ Ալվրցեան

Հայկազ ԱլվրցեանԵրէկ` երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի մամլոյ 81-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Արեւմտահայոց հարցերու կեդրոնի գործունէութիւնը»:

Լսարանին բացման խօսքը «Ազդակ» օրաթերթին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ նշեց, թէ Թուրքիոյ մէջ ընթացք առած ինքնութեան փնտռտուքի եւ բացայայտման հոլովոյթը` համշէնահայերու, իսլամացած հայերու եւ ծպտեալ հայերու, այս թղթածրարին տարբեր կողմերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն եւ ծանօթացումի հրամայական կը ստեղծէ:

Էմմիեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան սահմաններուն մէջ եւ սփիւռքի տարածքին բնակող երկու կազմակերպուած հատուածներու կողքին գոյութիւն ունի մէկ այլ զանգուած մը, որ բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ:

Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեանը, որ նշեց, թէ առաջին հերթին ստեղծուած էր Համշէնի հարցերով զբաղող գրասենեակը, որ գործած էր չորս տարի եւ զբաղած էր նիւթեր հաւաքելով ու հանրութեան փոխանցելով: Ան ըսաւ, թէ այս գրասենեակը Սոչիի մէջ գումարեց գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցան մեծաթիւ մասնագէտներ: Ալվրցեան աւելցուց, որ գիտաժողովին վայրին ընտրութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ ունէր յստակ նպատակ, քանի որ նշեալ վայրին շրջակայքը կ՛ապրին շուրջ 100 հազար քրիստոնեայ համշէնահայեր:

Հայկազ Ալվրցեան շեշտեց, որ համշէնահայերու օրակարգին ընդմէջէն մեր դիմաց ստեղծուեցան իսլամացած հայերու եւ թաքուն հայերու խնդիրներ, եւ այս պահանջէն ու մթնոլորտէն առաջնորդուելով` գրասենեակին աշխատանքներուն ծիրը ընդարձակուեցաւ եւ վերածուեցաւ Արեմտահայութեան հարցերու կեդրոնի:

Ապա Ալվրցեան ներկայացուց կեդրոնին գործունէութեան տարբեր բնագաւառները: Ան անդրադարձաւ հրատարակչական աշխատանքներուն, ուր շեշտեց բազմաթիւ լեզուներու գործածութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի բոլոր հասարակութիւններուն հասանելի դառնան արեւմտահայութիւնը յուզող օրակարգերն ու խնդիրները:

Ան հաստատեց, որ ազգայնամոլ հատուածներէ հասած գրաւոր սպառնալիքները խորքին մէջ ոգեւորիչ են, որովհետեւ անոնք ցուցանիշ են այն իրականութեան, որ Արեւմտահայոց գրասենեակը շրջանին մէջ ունի իր մեծ ազդեցութիւնը: Հայկազ Ալվրցեան շեշտեց, որ գրասենեակը կը գործէ վերլուծական բաժինով եւս, ուր հայ թէ օտար մասնագէտներու ճամբով քննութեան առարկայ կը դառնան հայերու իրաւունքներու եւ խնդիրներու իրաւական հարցերը:

Ալվրցեան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մասնագէտներու հետ գրասենեակը կը ստեղծէ կապեր` կատարելու քննարկումներ եւ հետագային հրատարակելու անոնց աշխատութիւններու թարգմանութիւնները:

Զեկուցաբերը յայտնեց, որ գրասենեակը ունի լուսանկարներու, քարտէսներու եւ տեսերիզներու մեծ արխիւներ, որոնք յարմար պահուն պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը: Ան հաստատեց, որ արեւմտահայութեան եւ սփիւռքի հայութեան միջեւ պէտք է կապ ստեղծուի, պէտք է երիտասարդները այցելեն Արեւմտահայաստան, որպէսզի ուղղակի կապեր հաստատեն եւ ծանօթանան հայրենիքի նշեալ հատուածին:

Ալվրցեան անգամ մը եւս հաստատեց, որ Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելը իւրայատուկ երեւոյթ է, ինչ որ պայքարի նոր ոճ է, որուն դիմաց հայութիւնը պէտք է ունենայ իր գործունեայ մասնակցութիւնը եւ ազդեցութիւնը:

Ան եզրակացուց, որ Արեւմտահայութեան օրակարգով զբաղիլը կը պահանջէ գաղափարական զոհողութիւններու տէր մարդիկ, որպէսզի քայլերը միատեղուին, ունենան ազգային խորք, հեռանկարներ եւ հեռու մնան դրօշակակիրներ դառնալու եւ այսպէս կոչուած «բացայայտումներ» կատարելու եսասիրական մօտեցումներէն:

Զեկուցումէն ետք ներկաները ներկայացուցին իրենց տեսակէտներն ու հարցումներ ուղղեցին բանախօսին:

http://www.aztagdaily.com/archives/118833

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ