ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ հայ եւ յոյն համայնքներուն վերաբերող բոլոր հրապարակումներուն մօտաւորապէս 25 տոկոսը ուղղակի ատելութիւն կը սերմանէ անոնց դէմ, մինչ քրիստոնեաներու վերաբերեալ լուսաբանումներուն պարագային՝ այդ համեմատութիւնը 18 տոկոս է:
Այս եզրակացութեան հասած է Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամին կողմէ կատարուած մէկ ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն՝ հայկական եւ յունական համայնքները ամենաշատ յաճախականութեամբ յարձակումներու կ՛ենթարկուին թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Ուսումնասիրութեան ընթացքին քննուած են անցեալ տարուան վերջին հինգ ամիսներու լրատուական հրապարակումները:
Ուսումնասիրութեան արդիւնքը ամփոփող զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ ատելութիւն պարունակող հրապարակումները ուղղուած են ոչ միայն կրօնական կամ ցեղային փոքրամասնութիւններու, այլեւ միասեռականներու, կանանց եւ այլ փոքրամասնութեանց: Ամէնէն աւելի Պոլսոյ մէջ տարածուած են ատելութիւն սերմանող խօսքերը:
Լրատուական դաշտին վրայ, ատելութիւն սերմանող եւ թշնամական արտայայտութիւններ պարունակող հրապարակումները կազմած են ընդհանուրին 42 տոկոսը, իսկ կողմնակալ լուրերը՝ 27 տոկոսը: Զեկոյցին մէջ նշուած են այն թերթերուն եւ սիւնակագիրներուն անունները, որոնք ատելութիւն կը սերմանեն: Անոր կցուած են նաեւ նման հրապարակումներէ հատուածներ:
Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յոյներու դէմ ատելութիւն կը սերմանուի
•
Leave a Reply