Իսլամացած հայերու նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ

Դասախօսական ՁեռնարկՔրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր ապրիլ ամսուան իր հերթական դասախօսութիւնը նուիրել համահայկական հետաքրքրութիւն ներկայացնող ու հայութիւնը յուզող՝ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայորդիներու ճակատագիրին:
Արդարեւ, կիրակի, ապրիլ 14ին, յաւարտ Ս. պատարագի, ունկնդիրներու հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, հաղորդակից դառնալու թուրքերու կողմէ բռնի կերպով իսլամացած ու թրքական սպիտակ ջարդին զոհ գացած հազարաւոր հայորդիներու ոդիսականին:
Օրուան դասախօսն էր Արմէն Արոյեան: Ան ստացած է իր Պսակաւոր գիտութեանց վկայականը Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (Cal State Los Angeles), ապա արժանացած 2 մագիստրոս վկայականներու՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC):
Յարգարժան բանախօսը, վաւերագրական տեսաերիզի ցուցադրումը զուգորդելով ականատեսի իր վկայութիւններուն՝ համոզիչ մեկնաբանութիւններով հետաքրքրական եւ հայաշունչ մթնոլորտ մը ստեղծեց դահլիճին մէջ, ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին:
Ներկաները հաճոյքով ականջալուր եղան համշէնահայութեան բարբառին՝ անոր ընդմէջէն զգալով հայկական բուրմունք, ապա յուզումով լսեցին Յովհաննէսները, որոնք վերանուանուած էին Հասաններ, եւ Ովսաննաները՝ Խաթուններ, ընդվզումով եւ զայրոյթով դիտեցին մզկիթներու վերածուած մեր հոյակապ եկեղեցիներն ու տաճարները՝ նպատակ ունենալով յաւիտեան լռեցնել հայկական քաղաքակրթութեան այդ խօսուն վկաները:
Տեսաերիզին մէջ տեղ գտած հարցազրոյցները, սրտաբաց խոստովանութիւններն ու հանդիպումները Համշէնի հայութեան եւ թուրքերու կողմէ բռնի իսլամացած հայու արիւն կրող արեւմտահայերու հետ, անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ անցնող երկար տարիները չէին կրցած լիովին մթագնել անոնց ենթագիտակցութեան մէջ հայկական պատկանելիութեան հորիզոնը: Վերադարձի ցանկութիւնը դէպի իրենց նախահայրերու կրօնն ու հայկական արմատները զգալի էր հարցազրոյցներուն ընթացքին: Հանդիսականները արցունքոտ աչքերով եւ սրտի անհուն կարեկցանքով հետեւեցան իսլամացած հայորդիի մը արտասանութեան, երբ ան յուզումով ասմունքեց Պետրոս Դուրեանի «Իմ Մահը» բանաստեղծութիւնը.
«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, այն ատեն ես կը մեռնիմ…»:
Ապա, ան վերադառնալով իր կրօնական արմատներուն՝ Աստուծոյ առաջ խոստովանեցաւ ու թողութիւն խնդրեց գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար իր գործած մեղքերուն համար: Պահը յուզիչ էր: Հանդիսատեսը՝ մակնիսացած:
Պէտք է ընդունիլ, որ մեր հայ ժողովուրդին մօտ կրօնքն ու ազգութիւնը այնպէս մը զօդուած են իրարու, որ կարելի չէ հայ ապրիլ առանց քրիստոնեայ ըլլալու: Ահա այն ճշմարտութիւնը, որուն մէջ խտացած է մեր ազգային ինքնութեան էութիւնը:
Դասախօսութեան աւարտին, դասախօս Արոյեան սիրով պատասխանեց ներկաները յուզող հարցումերուն: Ապա երիտասարդ հանդիսավար Սեւակ Ալեքսանեան, Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Արոյեանին, յիշարժան այդ ցերեկոյթին, տեսաերիզի ցուցադրման ու մանրամասն բացատրութիւններուն համար: Ապա հրաւիրեց Սալբի Պոստանեանը, որ յարգարժան դասախօսին յանձնեց յուշանուէր մը՝ իբրեւ գնահատանք:
Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի «Պահպանի»չով:
Ներկաները հրաժեշտ տուին՝ իրենց հետ տանելով դասախօսութեան  քաղցր յուշերը: Վարձքը կատար դասախօսին եւ դաստիարակչական յանձնախումբի նուիրեալ անդամներուն:

(Թղթակցութիւնը՝ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցիէն)

http://asbarez.com/arm/161576/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ