«Հայեր… անոնք ալ հայ են» ձեռնարկին առիթով հարցազրոյց` Հայկազ Ալվրցեանի հետ

Հայկազ ԱլվրցեանՀարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ այսօր` ուրբաթ, 3 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատկանշական ձեռնարկ մը` «Հայերանոնք ալ հայ են» խորագիրով:

Համշէնահայութեան նուիրուած այս ձեռնարկին բանախօսն է Արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան:

Այս առիթով Հայկազ Ալվրցեան երէկ այցելեց «Ազդակ» եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ազգային կեանքը յուզող զանազան հարցեր: «Ազդակ» ընդհանուր զրոյց մը ունեցաւ բանախօսին հետ, որ անդրադարձաւ նման ճանաչողական բնոյթ ունեցող նախաձեռնութեան կարեւորութեան` Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայութիւնն ու անոր կացութիւնը լիբանանահայութեան ծանօթացնելու, այս իմաստով առկայ խնդիրներուն մասին խօսելու, Հայ դատի հետապնդման իմաստով այդ հայութեան ունեցած դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու իմաստով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայկազ Ալվրցեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

«ԱԶԴԱԿ».- «Հայեր… անոնք ալ հայ են» յատկանշական խորագիրը կրող ձեռնարկին ընթացքին արծարծուելիք նիւթը քիչ խօսուած նիւթերէն է: Որքա՞ն կարեւոր կը նկատէք այսպիսի նախաձեռնութիւն մը, լիբանանահայութեան ի՞նչ պիտի փոխանցէք անոր ընդմէջէն:

ՀԱՅԿԱԶ ԱԼՎՐՑԵԱՆ.- Ուրախացայ, երբ իմացայ, որ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն նման նախաձեռնութիւն մը կատարած է, որովհետեւ ասիկա ոգեւորիչ էր այն իմաստով, որ նախաձեռնութիւնը արդէն կոմիտէներուն կողմէ կը կատարուի. նախապէս հիմնականօրէն այս առնչութեամբ ձեռնարկներ կը կազմակերպէր ՀՅԴ Բիւրոն, Կեդրոնական կոմիտէն եւ այլն, իսկ հիմա այս նիւթին առնչութեամբ հետաքրքրութեան շրջագիծը արդէն բաւական ընդարձակուած է` ներառելով ուսանողներ եւ երիտասարդներ: Երբ այս ձեռնարկին մասին տեղեկացայ, ուրախացայ, որովհետեւ նկատեցի, որ հետաքրքրութիւնը հասած է ժողովուրդին, այդ պատճառով անմիջապէս համաձայն գտնուեցայ գալ եւ կարելի եղածին չափ օգտակար ըլլալ: Ասիկա կարեւոր նախաձեռնութիւն է այն իմաստով, որ մեր ազգին մեծ հատուածին` համշէնահայութեան մասին ճանաչողական մեծ նշանակութիւն ունեցող գործի ձեռնարկած են կոմիտէի անդամները: Համշէնահայերուն մասին մենք քիչ բան գիտենք, այնքան քիչ, որ յաճախ մեր մտաւորական, գիտական, պատմական շրջանակներուն մէջ շփոթ կայ, որովհետեւ մարդիկ երբեմն չեն կրնար զատորոշել համշէնահայութեան տեսակները. մենք ունինք համշէնահայութեան երկու հսկայական հատուած. մէկը Ռուսիոյ, Աբխազիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեայ համշէնահայութիւնն է, իսկ միւսը բուն Համշէնն է, Արդուին, Տրապիզոն եւ այլ նահանգներու մէջ ապրող թրքախօս, հայախօս, բայց հիմնականօրէն ամբողջութեամբ իսլամացած համշէնահայեր: Ճանաչողութիւնը պէտք է սկսի հոսկէ, մարդիկ պէտք է գիտնան, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ անոնց մէկ մասը իսլամացաւ, միւս մասը Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հեռացաւ հայրենիքէն ու բնակութիւն հաստատեց Ռուսիա, Վրաստան, Աբխազիա: Այս խնդիրները պիտի պարզաբանուին, ներկայացուին մեր ժողովուրդին. այս հանրային ելոյթին պիտի ընկերակցին նաեւ տեսերիզներ, լուսանկարներ, երգեր, պարեր, որոնք որոշ պատկերացում պիտի տան համշէնահայութեան մշակոյթին մասին. ասիկա շատ աւելի հետաքրքրական պիտի դարձնէ ձեռնարկը: Այսպիսով պիտի տեսնենք, որ մենք շատ բաներով նոյնն ենք, նոյնիսկ իսլամական հայերուն հետ, թէեւ բաւական բան փոխուած է անոնց իսլամ դառնալէն ետք, բայց հետաքրքրական եւ կարեւոր է ո՛չ թէ այն, որ փոխուած է, այլ յատկապէս այն, որ պահպանուած է իրենց կողմէ, իրենց ինքնութենէն, կարեւոր է գիտնալ այն, որ այսօր իրենք ինչպէ՛ս կ՛ապրին, ինչպէ՛ս կը ներկայանան աշխարհին, ի՛նչ յարաբերութիւն ունին հայութեան միւս զանգուածներուն հետ, իրենք զիրենք ի՛նչ կը նկատեն` համշէնցի, հայ, թուրք, իսլամ, ինքնութեան ի՛նչ տագնապներ ունին եւ այլն: Մենք պիտի փորձենք այս բոլորը ներկայացնել այս ձեռնարկին ընթացքին. թէեւ ասիկա խորքին մէջ հսկայական նիւթ է, մէկ գիշերուան ընթացքին կարելի չէ ամէն ինչի մասին խօսիլ, բայց գոնէ լաւ սկիզբ մըն է:

«Ա.».- Գիտենք, որ երկար ատենէ ի վեր Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայութեան հարցին մասին ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ ձեր գրասենեակը, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի այս թղթածրարի կարեւորութեան: 

Հ. Ա.- Մեր գրասենեակը 8-10 տարիէ այս հարցով կը զբաղի, այս գծով գիտաժողովներ կազմակերպուած են, գիրքեր տպագրուած են` հայերէն, թրքերէն, ունինք նաեւ մեր կայքէջը, ուր ամբողջ բաժին մը կայ համշէնահայութեան մասին, պարբերաբար մենք հանդիպումներ կ՛ունենանք համշէնահայութեան հետ, իրենք Հայաստան կու գան կամ մենք կ՛երթանք իրենց մօտ: Շատ ուրախացայ, որ նախորդ տարի Հայաստանէն եւ սփիւռքէն խումբ մը երիտասարդներ, ուսանողներ գացին Արեւմտահայաստան, ծանօթացան թէ՛ համշէնահայութեան եւ թէ՛ Արեւմտահայաստանի մէջ բնակող իսլամացած եւ ծպտեալ հայութեան հետ: Ասիկա մեծապէս տպաւորեց երիտասարդները, որոնք այս այցելութենէն ոգեւորուած, նաեւ շատ վշտացած մեր հայրենիքի այսօրուան վիճակով, քանդուած եկեղեցիներով, կը նախաձեռնեն նորանոր այցելութիւններ, նորանոր գործուղումներ:

«Ա.».- Կը կարծէ՞ք, որ ճանաչողութեամբ արդէն իսկ բաւարարուած պէտք է զգալ:

Հ. Ա.- Ճանաչողութեամբ չի վերջանար ամէն ինչ, մեր երիտասարդները արդէն իրենց ընթացքով կ՛ապացուցեն, որ իրենք պատրաստակամ են հետեւողական աշխատանք տանելու, ուսումնասիրութիւններ կատարելու, տարուած գործին արդիւնքները ներկայացնելու մեր ժողովուրդին, մեր հանրութեան: Նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն այսպիսի համահայկական հոլովոյթներուն, իսկ մենք պէտք է լաւապէս հասկնանք, որ նման խնդիրներ շատ ունինք, ունինք Համշէնի, Տերսիմի, Ատանայի, Կիլիկիոյ, Վանի, Մուշի, այլ խօսքով ամբողջ Արեւմտահայաստանի հայութեան խնդիր: Պէտք է գիտակցինք նաեւ, որ արեւմտահայութեան նման զանգուածներուն թիւը շատ է, անոնք կը բնակին Կիլիկիոյ, Արեւմտահայաստանի, Փոքր Հայքի եւ Թուրքիոյ տարբեր վայրերուն մէջ: Ես յոյս ունիմ, որ աստիճանաբար կ՛ընդարձակուի մեր ժողովուրդի հետաքրքրութեան շրջագիծը, բացի համշէնահայերէ անոնք կը փափաքին նաեւ ծանօթանալ միւս հատուածներու, Մեծ Հայքին բնակիչ իսլամացած կամ ծպտեալ հայերուն հետ: Յատկապէս հետաքրքրական է այն, որ այդ հայերը եւս սկսած են իրենց ինքնութիւնը փնտռել, գտնել, անոնք շարժման մէջ են: Պէտք է ըսեմ, որ այս տարի տեղի ունեցաւ աննախընթաց բան մը. Արեւմտեան Հայաստանի 6 քաղաքներուն եւ Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Ատանայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ ապրիլ 24-ը. սեւ ժապաւէններով, ելոյթներով. ճիշդ է, այդքան մեծ շուք չունէին, այդքան մեծ զանգուածներ չէին ընդգրկեր, բայց բաւական մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, ասիկա սկիզբ էր: 98 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նման բան տեղի կ՛ունենար. ոեւէ մէկուն միտքէն չէր անցներ, որ նման բան կարելի է. ասիկա կը փաստէ, որ արեւմտահայութիւն կայ հոն, ոչ միայն իսլամացած հայեր կամ ծպտեալ հայեր են, այլ այդ հայերը գիտեն իրենց պատմութիւնը, կը ձգտին բացայայտել ու պահպանել իրենց ինքնութիւնը. ապրիլ 24-ը նշելը, Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելը կը նշանակէ, թէ իրենք կա՛ն իբրեւ հայ եւ պայքարելու ընդունակութիւն ունեցող մարդիկ են: Ասիկա շատ կարեւոր է գիտնալ, որովհետեւ երբ մենք այս բոլորին մասին գիտենք, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ ու չենք մնար: Մենք կը հասկնանք, որ անոնք մեր արիւնակից եղբայրներն են, որոնք կ՛ուզեն մասնակից ըլլալ հայութեան համազգային համահայկական պայքարին` Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման, պահանջատիրութեան, մեր հայրենիքի վերակերտման, վերադարձին, մեր ինքնութեան ընդհանրացման:

«Ա.».- Ձեր տարած աշխատանքին ընդմէջէն կարելի եղաւ այս թղթածրարը հանրութեան ծանօթացնել: Այդ փոփոխութիւնը զգալի՞ է:

Հ. Ա.- Այս խնդիրները երբ նոր սկսան, երբ նոր սկսանք ուսումնասիրութիւններու, բաւական թերահաւատ մարդիկ կային, թէ այս աշխատանքը ի զուր կատարուած գործ է, բայց քանի մը տարուան աշխատանքը ցոյց տուաւ, որ ասիկա ոչ թէ անիմաստ է, այլ շատ մեծ իմաստ եւ հեռանկար ունի: Խորքին մէջ իրականութիւնը այն է, որ մեր համազգային պահանջատիրական պայքարի առաջին շարքերուն վրայ կանգնողները պէտք է ըլլան նոյնինքն անոնք`  բուն հայրենիքի հողին վրայ ապրող հայերը, որոնց կարգին նաեւ համշէնահայերը:

«Ա.».- Համշէնահայութիւնը ինչո՞վ կը զատորոշուի Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող միւս հատուածներէն:

Հ. Ա.- Համշէնահայերը բացառութիւն կը կազմեն այն իմաստով, որ անոնց մէկ մասը` Խոփայի Արդուին քաղաքին մէջ ապրողները, հայախօս են, պահած են իրենց բարբառը, լեզուն, երգերը. նաեւ անոնք ստեղծած են խորհրդանշական մշակութային միութիւն մը` «Հատիկ» անունով. այդ հատիկը իրենք հիմա կը ցանեն, որպէսզի ծիլ տայ, բերք տայ: Ամբողջ Արեւմտահայաստանի մէջ մեծ գործ սկսած է հատիկները նետելու, որպէսզի հայրենի հողին վրայ այդ հատիկները ծիլեր տան եւ արձակեն: Մեր ճանաչողութեամբ մենք պէտք է հասկնանք այդ հարցերը, նաեւ մասնակից դառնանք այս գործին: Այս իմաստով շատ ողջունելի նախաձեռնութիւն է ասիկա, եւ ուրախ եմ, որ Պէյրութը անգամ մը եւս յառաջամարտիկի եւ նախաձեռնողի դերակատարութեամբ հանդէս կու գայ:

http://www.aztagdaily.com/archives/118362

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ