Ինչե՞ր մտածել կուտայ Արամ Սրբազանին հետ հեռատեսիլէն կատարուած հարցազրոյցը

Ռոպեր ՀատտեճյանՌոպէր Հատտէճեան

Ա.

Շաբաթ օրուան մեր թիւով մանրամասնօրէն արձագանգ հանդիսացած էինք Պուկիւն Հեռատեսիլի Կայանէն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը։

Յայտագրի հանդիսավարը՝ Էրքամ Թուֆան շատ դիպուկ հարցումներ ուղղած էր Արամ Սրբազանին, հարցումներ որոնք ցոյց կուտային որ ինք քաջատեղեակ անձ մըն էր Թուրքիոյ մէջ Հայոց մօտաւոր անցեալին ու այժմու կացութեան։ Այս հարցումները առիթ դարձած էին որպէսզի Արամ Սրբազան իր մատը դնէր մեր կարգ մը ցաւոտ հարցերուն վրայ։ Թերեւս հարիւր տոկոս կրնայինք չբաժնել Արամ Սրբազանին պատասխանները, բայց կարեւոր անդրադարձումներ կային հոն, որոնք լաւ որ օրակարգի կը բերուէին։ Թերեւս ամէն ինչ ալ խօսուած չէր այս կարճաշունչ զրոյցի ընթացքին։ Բայց կրնանք ըսել որ այդ հարցազրոյցը մեզ ալ հրաւիրեց այդ հարցումներուն շուրջ մտածելու ու հարց տալու թէ մենք ի՞նչ կը պատասխանէինք եթէ նոյն հարցումները մեզի ուղղուէին։

Որպէս առաջին հիմնական խնդիր, Արամ Սրբազան կը պատասխանէր թէ ի՞նչ կը նշանակէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ըլլալ եւ թէ ի՞նչպէս ինք ընտրուած էր այս պաշտօնին, եւ մանաւանդ թէ ինչո՞ւ Հայ համայնքը չէր կրցած ընտրել նոր Պատրիարք մը։ Արամ Սրբազան յիշեցուցած էր որ Մեսրոպ Պատրիարքին հիւանդութեան պատճառաւ Կրօնական Ժողովը որոշած էր ընտրել Աթոռակից Պատրիարք մը, բայց այս որոշումը պառակտում յառաջացուցած էր համայնքէն ներս ու այսպէս՝ կարելի չէր եղած Պատրիարքի ընտրութիւնը։

Հիմա հոս մենք ահաւասիկ ըսելիք մը կրնայինք ունենալ եւ պիտի ուզենք ըսել։ Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութեան յայտնուելէն ետք այս համայնքէն ներս պատահեցաւ ամէնէն ամօթալի պատահարը, Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրուելու պաշտօնով կազմուած ու պաշտօնի հրաւիրուած « Պատրիարքական Ընտրութեան Յանձնախումբ » մը, դէմ գալով կանոններու ու աւանդական պատշաճութիւններու, անտես առաւ Կրօնական Ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումը եւ ինքնագլուխ կերպով իշխանութիւններու մօտ դիմում կատարեց ընտրելու համար Պատրիարք մը, այլ ո՜չ թէ Աթոռակից Պատրիարք։ Ասիկա կը նշանակէր չարաչար գործածել իրեն յանձնուած պաշտօնը, որովհետեւ այդ Յանձնախումբը Պատրիարքարանի կողմէ կազմուած էր Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու համար։ Ինչպէս միշտ ըսինք, եթէ այդ Յանձնախումբի անդամները կողմնակից չէին Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու որոշումին, այն ատեն պէտք է մերժէին այդ պաշտօնը կամ շուտով հրաժարէին այդ պաշտօնէն։ Կը հրաժարէին, ու անկէ վերջ՝ եթէ ուզէին, կրնային անհատապէս կամ խմբովին աշխատանք տանիլ Կրօնական Ժողովին կողմէ ընդունուած որոշումին դէմ։ Բացարձակապէս իրաւունք չունէին Պատրիարքի ընտրութեան համար կառավարութեան մօտ ինքնագլուխ դիմում կատարելու։ Համայնքային կամ ազգային կեանքէ ներս մարդիկ կամ մարմիններ ինչ պաշտօնի համար որ գործի կոչուած կամ ընտրուած են, այդ պաշտօնը պէտք է կատարեն միայն, ո՜չ թէ այդ պաշտօնին ներհակ գործունէութիւն ցոյց տան։

 

Ընտրական Յանձնախումբին կողմէ իր պաշտօնին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումը ու հակառակ ուղղութեամբ կատարուած դիմումը ամէն ինչ տակնուվրայ ըրաւ եւ այս կերպով մենք զրկուեցանք Պատրիարք մը ընտրելու մեր արդար ու շատ կարեւոր իրաւունքէն։ Այդ օրէն ի վեր ազգովին գրեթէ ամէն օր կը տեսնենք թէ մեր համայնքը որքան ծանր վճարեց ու դեռ ալ կը շարունակէ վճարել Պատրիարք մը չունենալու գինը։ Համայնքը ահաւոր նահանջի մը մէջ է, բանիմաց ու աւանդապահ ամէն ազգային կրնայ անդրադառնալ թէ համայնքէն ներս ինչպիսի անիշխանական վիճակ մը կը տիրէ ներկայիս, թէ հիմա չունինք հեղինակաւոր իշխանութիւն մը որ արգելք պիտի հանդիսանար կարգ մը անգիտակից կամ ազգային աւանդութիւններու անտեղեակ մարդոց ինքնագլուխ ու վնասակար արարքներուն, եւ ընդհակառակը ուղիղ ճամբաները ցոյց պիտի տար մեր հանրային գործիչներուն։ Պատրիարքական Փոխանորդ մը, որքան ալ բարի նպատակներ ունենայ, չի կրնար Պատրիարքի մը տեղը բռնել, Պատրիարքի մը անսակարկ հեղինակութիւնը ունենալ։ Ոմանք պիտի հասկնա՞ն արդեօք թէ ինչ ըսել կ՛ուզենք, եթէ ըսենք որ նոյն անձը սա կամ նա գործին նկատմամբ տարբեր պիտի մտածէր եթէ Պատրիարք ըլլար, եւ տարբեր պիտի մտածէր եթէ Պատրիարքի Փոխանորդ ըլլար։ Բաց խօսինք եւ ըսենք որ Պատրիարքարանը այսօր շատ բան կորսնցուցած է ազգային գործիչներու եւ գործերու վրայ իր ունեցած հեղինակութենէն, եւ ասիկա պատահած է պարզապէս անոր համար որ չենք կրցած Պատրիարք մը ունենալ։ Եւ, նկատի առնելով Մեսրոպ տարաբախտ Պատրիարքին ցաւալի ու անմխիթարելի վիճակը, կրնանք մտածել որ այսօրուան կացութիւնը անյայտ տեւողութեամբ մը դեռ պիտի շարունակուի նոյնութեամբ։

 

Ինչո՞ւ կ՛ըսենք այս բոլորը։ Որովհետեւ, երբ կարդացինք Արամ Սրբազանին կողմէ այս հարցին մասին տրուած բացատրութիւնը, անգամ մը եւս յիշեցինք որ Պատրիարքարանն ու Կրօնական Ժողովը այդ անբախտ շրջանին չկրցան հեղինակութիւն մը ցոյց տալ ինքնագլուխ գործող այդ Յանձնախումբին կատարած շեղումին դէմ, չկրցան մինչեւ իսկ լուծել այդ Յանձնախումբը ու վերջ տալ անոր գոյութեան, հակառակ որ ան հիմա արդէն գրեթէ գոյութիւն չունի։ Կրօնական Ժողովը եւ Պատրիարքի Փոխանորդը, կարծես առիթէն օգտուելով, անմիջապէս ընդունեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ մը ընտրելու լուծումը եւ գործերը հոն սառեցան։ Մենք երբեք պիտի չդադրինք հաւատալէ որ Պատրիարքարանը ներկայացնող հոգեւորականներն ու Կրօնական Ժողովը չկրցան կատարել իրենց պարտականութիւնը, չկրցան անդրդուելի մնալ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու իրենց որոշումին վրայ, պարտութիւնը ընդունելու հոգեբանութեամբ մը կուլ տուին իրենց որոշումը ու իշխանութիւններու համաձայնութեամբ րնդունեցին Արամ Սրբազանին անձին մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ մը նշանակելու այլընտրանքը։

Հեռատեսիլէն կատարուած այս հետաքրքրական զրոյցի միւս նիւթերուն մասին ալ կարգաւ պիտի ընենք կարգ մը խորհրդածութիւններ։

Բ.

Արամ Սրբազանի հետ հեռատեսիլի կայանէն կատարուած զրոյցի նիւթերէն մէկն ալ« ըստ մեր մօտ հրատարակուած կրճատեալ ձեւին,  Հայ համայնքին թիւն էր, նաեւ թիւը այժմու մեր եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն։ Արամ Սրբազան Հայ համայնքին թիւը գնահատած է որպէս 70 հազար, որուն երկու հազարը կը բնակի Անատոլուի մէջ։

Այս թիւը հաւանաբար մօտաւոր թիւ մըն է։ Մենք ալ մեր բնակչութեան թիւը տասնամեակներէ ի վեր կը գնահատենք որպէս 70 հազար, թէեւ կրնանք մտածել որ հիմա շատ աւելի բարձրացած պէտք է ըլլար այս թիւը։ Սակայն համրելու, մարդահամար մը կազմակերպելու կարելիութիւնը չունինք։ Եթէ Հայ մարդոց մարդահամար մը ընէինք, անակնկալի մը հետ դէմ յանդիման կուգայի՞նք։ Յայտնի չէ։

Անշուշտ հոս կայ հարց մը որուն մասին Արամ Սրբազան լաւ որ չէ խօսեր, որուն մասին մենք պիտի խօսինք սրտի ցաւով։ Ասիկա, համայնքին թիւը գնահատելէ վերջ, համայնքին որակն ալ գնահատելու խնդիրն է։  70 հազարնոց այս համայնքին մէջ ի՞նչ է տոկոսը այն Հայերուն որոնք կը գուրգուրան իրենց Հայկական պատկանելիութեան ու ինքնութեան վրայ, որքա՞ն ուժեղ կապ կը պահեն իրենց ազգային հաստատութիւններուն, իրենց դպրոցներուն, իրենց մշակութային ակումբներուն հետ, եւ ամէնէն կարեւորը, որքա՞ն կարեւորութիւն կուտան իրենց մայրենի լեզուն պահելու ու գործածելու խնդրին,  որքա՞ն կարեւոր կը նկատեն Հայալեզու մամուլ ունենալու ու այդ թերթը կարդալու աւանդութեան, որքա՞ն հաւատարիմ կը մնան խառն ամուսնութիւններէ խուսափելու ու զուտ հայկական ընտանիքներ կազմելու, իրենց զաւակները տոհմիկ կրթութեամբ մեծցնելու հրամայականներուն։ Այս բոլոր հարցումներուն պատասխաններն են որ պիտի ճշդեն 70 հազարնոց մեր համայնքին որակը։

Բայց մենք չենք որ պիտի ուրանանք 70 հազարնոց մեր համայնքին բազմաթիւ գովելի ու հպարտացուցիչ կողմերն ալ։ Այո՜, հակառակ վերեւ համրուած ժխտականութիւններուն, մեր համայնքը ունի դիմագծութիւն մը որուն ամբողջ Հայաշխարհը կը նայի հիացումով ու քիչ մըն ալ նախանձով։ Մեր վարժարանները կը շարունակեն գործել օրհնութիւն տեղացնելով մեր զաւակներուն վրայ, մեր եկեղեցիները կը լեցուին ու անխափան կը հնչեցնեն իրենց կրօնաշունչ զանգակները, մեր ժողովուրդը հրաշալի նուիրատուութիւններով ոտքի կը պահէ ո՜չ միայն իր դպրոցները,  այլ նաեւ իր մշակութային կազմակերպութիւնները, հաւատարմօրէն կը շարունակենք ապրեցնել մեր երգը, մեր երաժշտութիւնը, մեր թատրոնը, մեր գրականութիւնը, մեր գեղարուեստը, եւ դեռ շատ բան, որոնք եւս կը պայմանաւորեն 70 հազարնոց այս համայնքին որակը։ 70 հազարնոց այդ համայնքին մէջէն քանի՞ հոգիներու մասնակցութեամբ ու օրհնեալ նուիրումով է որ կը ստեղծուի ու կը պահուի Համայնքին կուրծքը ուռեցնող այս փայլուն պատկերը։ Պատասխանը յստակ է։ Գիտենք որ համայնքին ամբողջ թիւին հետ եթէ բաղդատուի, փոքրամասնութիւն մըն է որ կը ստեղծէ այս պատկերը, բայց թերեւս ուրիշ հաւաքականութիւններու մօտ ալ կացութիւնը նոյնն է։ Միշտ փոքրամասնութիւնն է որ կը ստեղծէ լաւ բաները։ Երանի թէ մեծամասնութիւնն ալ կարենայ օգտուիլ այդ լաւ բաներէն։

Արամ Սրբազանին հետ կատարուած զրոյցի ընթացքին կարգը շուտով եկած էր մեր դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն թիւին։ Հոս է որ կը բացուի ահաւասիկ լայն դուռ մը որուն ետին ունինք ուրախութիւններ, նաեւ տխուր յիշողութիւններ։ Հաղորդավարը յիշեցուցեր է որ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին կը գործէին 2170 եկեղեցիներ  եւ աւելի քան 2000 վարժարաններ։ Իսկ հիմա ի՞նչ է պատկերը, հարցուցեր է ան։

Պատկերը հիմա ահաւոր անկումի մը պատկերն է։ Այդ հազարներէն հիմա մնացած է 45 եկեղեցի ու 16 վարժարան։ Վստահ ենք Արամ Սրբազանին ալ սիրտը կոտտացած է երբ տուած է մեր այսօրուան կացութիւնը ցոլացնող այս թիւերը։ Հաղորդավարին կողմէ նշուած 2170 եկեղեցիներու ու աւելի քան 2000 դպրոցներու թիւը որքա՞ն կը ցոլացնէ ճշմարտութիւնը, հիմա ի վիճակի չենք ստուգելու, բայց աւելի կրնայ ըլլալ, քան թէ պակաս։ Իսկ այսօրուաններուն թիւը յստակօրէն ճիշդ է։ 45 եկեղեցիներուն 38-ը Իսթանպուլի մէջ է, ըսած է Արամ Սրբազան։ Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ ունինք ուրեմն քանի մը գործօն եկեղեցի։ Բայց Անատոլուի մէջ չունինք ո՜չ մէկ դպրոց։ Անշուշտ չէինք կրնար ունենալ։ Գոնէ Վագըֆլըգիւղի նման իր հայկականութիւնը պահել յաջողած գիւղի մը մէջ չէի՞նք կրնար ունենալ փոքրիկ դպրոց մը, գոնէ մանկապարտէզ մը։ Պէտք է ունենայինք։ Պէտք է ունենայինք որպէս տժգոյն յիշատակ մը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի աւելի քան 2000 եկեղեցիներէն։ Բայց այդ ալ չունինք։ Հոն ուր ժողովուրդ չկայ, հոն ուր ծաղկող, մեծցող, ճիւղեր արձակող ժողովուրդ չկայ, հոն դպրոց չ՛ըլլար։

Բայց հարցը այս չէ։ Վերեւ յիշուած հազարաւոր եկեղեցիներէն ու դպրոցներէն մեզի մնացեր է 45 եկեղեցի ու 16 դպրոց եւ Արամ Սրբազան զրոյցի ընթացքին ըսեր է որ ասկէ աւելիին հետ այս համայնքը պիտի չկարենար արդէն գլուխ ելլել ու այսքանն ալ կը բաւէ համայնքին։

Շատ հետաքրքրական դիտողութիւն մը ահաւասիկ։ Չենք կրնար համաձայն չըլլալ Արամ Սրբազանին հետ, երբ մէկ կողմէ կը յիշենք որ հոգեւորականի անբաւարարութեան պատճառաւ այս Զատկին կարելի չեղաւ արարողութիւն կատարել Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցիին մէջ եւ երբ միւս կողմէ գիտենք թէ մեր համայնքէն ներս ունինք գործիչներ ու ղեկավարներ որոնք շարունակ կը պնդեն որ այս 16 դպրոցները շատ են մեզի համար եւ պէտք է անոնցմէ մէկ քանին միացնել իրարու։ Վարժարաններուն թիւը պակսեցնել ուզող այդ անձերը իրենց տեսանկիւնէն իրաւունք ունին թերեւս։ Եթէ այս խնդրին նայինք տնտեսական ու նիւթական տեսանկիւնէն,  ճիշդ է, այս համայնքը կը դժուարանայ պահելու իր այսքան քիչ թիւով վարժարաններն ալ, մանաւանդ որ հիմա աշակերտներուն թիւն ալ կը պակսի շարունակ։ Քանի՞ Հայ ծնողներ իրենց զաւակները կը նախընտրեն ղրկել օտար վարժարան։ Ի՞նչպիսի արդիւնք մը կը ստացուէր արդեօք եթէ կարենայինք գիտնալ թէ քանի՞ Հայ աշակերտ ներկայիս կը յաճախէ օտար դպրոցներ։ Այս բոլորը ճիշդ են։ Բայց կայ մետայլին միւս երեսակը որ փայլուն չէ։

Եթէ Արամ Սրբազան ըսած է որ այս եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն թիւը կը բաւէ մեզի, թէ աւելիին պէտք չունինք, մենք ալ մեր կարգին պիտի ըսենք որ մենք կը տառապինք ո՜չ թէ դպրոցներու կամ եկեղեցիներու թիւին բարձրութենէն, այլ մեր ժողովուրդին ունեցած ցած թիւէն։ Մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները չե՜ն որ շատ են, մեր ժողովուրդին թիւն է որ քիչ է։ Մենք,  որ մեր դպրոցներուն թիւը պակսեցնելու մասին կը մտածենք շարունակ, բնաւ մտածեցի՞նք մեր ժողովուրդին թիւը բարձրացնելու հարցի մը մասին։ Մեր մօտ ի՞նչ է ընտանիքներու ծննդաբերութեան թափը, ամէն ընտանիք քանի՞ զաւակ աշխարհ կը բերէ։

Օսմանեան շրջանի հազարաւոր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն յիշատակը մեզ կը հրաւիրէ մտածելու թէ մենք հիմա որքան փոքր թիւ մը կը կազմենք այստեղ։

Գ.

Արամ Սրբազանի հետ հարցազրոյցի հաղորդավարը, իր իսկ ունեցած տուեալներուն վրայ հիմնուելով ըսեր է որ Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին ունէին 2170 գործօն եկեղեցի ու աւելի քան 2000 գործօն վարժարան։ Ասիկա մեծ թիւ մըն է, եւ սակայն անկասկած այդ շրջանի Կրօնական Առաջնորդներէն կամ Պատրիարքներէն ո՜չ մէկը կրնար ըսել որ այդքանը շատ էր մեր ժողովուրդին համար։ 

Մեր ժողովուրդը եթէ այդքան շատ կառուցեր էր, կը նշանակէ որ անոնց կարիքը ունէր։ Արամ Սրբազանի հետ կատարուած զրոյցին հաղորդավարը թէեւ ըսեր է որ Հայերը ունէին 2170 եկեղեցի ու աւելի քան 2000 դպրոց, սակայն չենք գիտեր թէ ըսե՞ր է նաեւ թէ ի՞նչ էր Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին բովանդակ Անատոլուի ու Պոլսոյ մէջ ապրող Հայերուն թիւը։ Քանի՞ միլիոն էր ճշգրիտ թուանշանով։ Եւ եթէ այսօր մօտաւորապէս գիտենք թէ քանի միլիոն Հայ կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, գիտենք նաեւ որ այդ եկեղեցիներն ու դպրոցները ժողովուրդին պէտք ունեցածէն աւելին չէին։ 1915-ին է որ յանկարծ այս պատկերը փոխուեցաւ։ Ամբողջ ժողովուրդ մը ստիպուեցաւ բաժնուիլ իր հայրենի հողերէն, իր ինչքերէն, իր դպրոցներէն ու եկեղեցիներէն, նոյնիսկ իր կեանքէն։ Ո՜չ մէկը սակայն իրեն հետ կրցաւ տանիլ եկեղեցի մը կամ վարժարան մը։ Մարդիկը գացին, շէնքերը մնացին։

Այսօր ի՞նչ մնացած է այդ հազարաւոր շէնքերէն։ Արամ Սրբազան հարցազրոյցի ընթացքին ըսեր է որ 1915էն վերջ այդ հազարաւոր եկեղեցիները առնուեցան Հայերու ձեռքէն, անոնց մէկ մասը մզկիթի վերածուեցաւ։ Այս առթիւ հետաքրքրական կարծիք մըն ալ յայտներ է Արամ Սրբազան։ Ըսեր է որ մասամբ մխիթարական է որ եկեղեցիները մզկիթի վերածուեցան, որովհետեւ գոնէ այդ կերպով անոնք շարունակեր են մնալ որպէս աղօթավայր, հոգ չէ թէ ուրիշ կրօնքի մը հաւատացեալներուն համար։ Մեր կարծիքով, ասիկա հետաքրքրական կարծիք մը ըլլալով հանդերձ վիճելի կողմ մըն ալ կրնայ ունենալ։ Ըսենք որ եկեղեցին եկեղեցի է, մզկիթն ալ՝ մզկիթ։ Երկուքն ալ յարգանք կրնան ունենալ իրարու նկատմամբ, բայց չեն կրնար իրարու տեղը բռնել,  քանի որ կը ծառայեն տարբեր կրօնքներու, այսինքն տարբեր սրբութիւններու։ Ի՞նչպէս կրնանք հաւանութիւն յայտնել, եթէ ենթադրենք որ մզկիթի վերածուած եկեղեցիներուն խորանները վար առնուեցան, որմնանկարները սրբուեցան, եւ դեռ չենք գիտեր ինչ։ Բայց անցնինք։ Արդէն չենք գիտեր թէ 1915-ին յաջորդող տարիներուն քանի՞ եկեղեցի մզկիթի վերածուեցաւ։ Հաւանաբար ասիկա այդքան ալ մեծ թիւ մը չէ։ Ատոր փոխարէն կային անշուշտ մեծ թիւով եկեղեցիներ ալ որոնք իրենց բախտին, կամ ժամանակի աւերումին լքուեցան։ Արամ Սրբազան ճիշդ դիտողութիւն մը ըրեր է այս նիւթի շուրջ։ Բայց, ըսեր է ան « աղօթավայրերու գերակշիռ մասը քարուքանդ եղաւ, հիմա այդ եկեղեցիները աւերակ դարձած են։ Անկարգապահ ձեռքեր եկեղեցիներու մէջ գանձ փնտռելու նպատակով քարուքանդ ըրին եկեղեցիները եւ զգետնեցին արուեստի այդ նմոյշները »։ Բոլորս ալ գիտենք որ աւելի քան ճիշդ են այս ըսուածները։ Այդ հազարաւոր եկեղեցիներէն քանի՞ն հիմա արդեօք գոյութիւն ունի գոնէ որպէս ուրիշ նպատակի, օրինակ, մշակոյթի ծառայող շէնք։ Քանի՞ն տակաւին բաներ մը կը պահեն իրենց աւերակ դարձած պատերով ու փուլ եկած գմբէթներով։ Բնաւ գաղափար չունինք։

Մօտաւորապէս հարիւր տարիներ անցան այն օրէն ասդին երբ այդ դպրոցներուն ու եկեղեցիներէն տէրերը հեռացան անոնցմէ։ Եւ հիմա բան մը փոխուած է։ Քաղաքներու վարիչներ, կուսակալ կամ քաղաքապետ կամ նահանգապետ, անդրադարձան որ աւերակեալ վիճակ ներկայացնող եկեղեցիները պատմական ու զբսաշրջական արժէք պիտի ներկայացնեն եթէ նորոգուին։ Դպրոց չէ մնացած, բայց եկեղեցի տակաւին մնացած է։ Սա պահուն կան քանի մը եկեղեցիներ ալ զանազան քաղաքներու մէջ, որոնք կը նորոգուին ու մասամբ կը փրկուին ամբողջովին անհետանալէ։ Արամ Սրբազանին նման մենք ալ կրնանք մասամբ « Մխիթարականՙ » նկատել նորոգութեան այս նոր հոսանքը, բայց միւս կողմէ պիտի ըսենք որ այդպիսի հին եկեղեցիներու վերականգնումը ու անոնց տարբեր նպատակներով գործածուիլը միշտ մեզի պիտի յիշեցնէ այն տխուր օրերը զորս մեր նախնիները ապրեցան ասկէ հարիւր տարի առաջ։ Վերանորոգուած այդ եկեղեցիները կարծես տխուր յուշարձան կը դառնան մեզի ու յաջորդ սերունդներուն համար։ Մանաւանդ որ, եթէ շէնքերը կրնան նորոգուիլ ու վերականգնիլ, ոչ մէկը կրնայ ետ բերել այն ժողովուրդը որ ատենօք տէրն էր այդ շէնքերուն։

Մեզի բան մը տուող չկայ անշուշտ, բայց պահ մը երեւակայենք կամ երազենք որ օր մը կը հասնին բարի ժամանակներ երբ երկու ժողովուրդները իրենց միջեւ կը յաջողին հաստատել առողջ ու սիրալիր նոր յարաբերութիւններ, կը յաջողին դարմանել հին ցաւերը, ու այդ բարենպաստ պայմաններուն մէջ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանէն մնացած քանի մը եկեղեցիներ մեզի կը վերադարձուին որպէսզի զանոնք թանգարաններու նման պահենք որպէս մեր սեփականութիւնը։ Եթէ այսպիսի երջանիկ զարգացում մը արձանագրուէր, մենք պիտի ըսէի՞նք արդեօք որ այսքանը շատ է մեզի համար։ Անկասկած, գլխաւորութեամբ Արամ Սրբազանի մը, բոլորս ալ սիրով տէր կը կանգնէինք անոնց եւ ամէն միջոցի կը դիմէինք որպէսզի զանոնք վերականգնենք, ինչպէս ըրինք Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագային։

Բայց իրողութիւնն այն է որ այսօր ունինք միայն 45 եկեղեցի ու 16 վարժարան։ Ասկէ աւելին շա՞տ պիտի գար մեր ժողովուրդին։ Թերեւս պիտի գար, եւ ատիկա մեզի համար բեռ մը պիտի ըլլար հակառակ որ ըսուած է որ աւելի ապրանքը աչք չի հաներ։ Բայց խնդիրն այն է որ եթէ շէնքերը շատ գալ կը սկսին, կը նշանակէ որ ժողովուրդն է որ պակսիլ սկսած է։ Մեր ժողովուրդը միայն 1915-ի՞ն է որ ստիպուեցաւ հեռանալ այս հայրենիքէն։ Պահ մը յիշենք թէ 1915-էն վերջ ալ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին, քանինե՛ր ու քանիներ թողուցին երկիրը ու մեկնեցան արտասահման, հարստացնելու համար այն ինչ որ Սփիւռք կը կոչուի։ Քսան դասակարգի զինուորակոչութիւնը, Ունեւորութեան Տուրքր, 6-7 Սեպտեմբերի թալանը, եւ դեռ նմանօրինակ անարդարութիւններու հետեւանքով քանիներ լքեցին ու գացին ընտանեօք, նկատելիօրէն աղքատացնելով մեր թիւը։ Բնաւ չենք գիտեր թէ այսօր Թրքահայ համայնքը, որուն համար 70 հազար կ՛ըսենք, քանիի՞ հասած կ՛ըլլար եթէ Հանրապետութեան մօտաւորապէս 90 տարիներու ընթացքին ո՜չ միայն այսքան շատ Հայ մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդներ, ձգած գացած չըլլային, այլ նաեւ աւելի առաջ հեռացածներն ալ վերադարձած ըլլային։ Եւ ասկէ զատ, տակաւին մեր շարքերէն ներս տեղ մը գրաւէին այն անծանօթ թիւով քաղաքացիները,  որոնց համար հիմա նորաձեւութիւն դարձած է գործածել « Թաքուն Հայեր»ՙ բացատրութիւնը։  Այն ատեն արդեօք այս եկեղեցիներն ու դպրոցները կը բաւէի՞ն մեզի։

Այս բոլորը բան չեն փոխեր այսօրուան իրականութեան մէջ։ Մենք հիմա երջանիկ ենք մեր ունեցածներով։ Բայց ունինք նաեւ որոշ մտահոգութիւններ։ Ի՞նչպէս կասեցնել մեր թիւին նուազիլը։ Ի՞նչ ընել որպէսզի այս 70 հազարն ալ վաղը յիսուն հազարի, միւս օր քառասուն հազարի չիջնէ։ Ի՞նչ ընել որպէսզի այսօր իրարու միացուած դպրոցները վաղը դարձեալ աւելի գալ չսկսին մեզի։

Մենք որ այնքան վարպետ ենք շէնք շինելու մէջ, պիտի կարենա՞նք նոյն վարպետութիւնը ցոյց տալ մարդ շինելու գործին մէջ։

http://hyetert.blogspot.com/2013/05/blog-post_7784.html#more

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2013
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ