Ահմեթ Ինսել. 1915-ին միայն հայերու ինչքերը չէին, որ թալանուեցան

Ahmet İnsel«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Մարդու իրաւունքներու միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, 24 ապրիլին ոգեկոչումներ կատարուեցան 1915-ի զոհերուն ի յիշատակ: Այս առիթով «Ռատիքալ»-ի սիւնակագիր Ահմեթ Ինսել ստորագրած է ուշագրաւ յօդուած մը` «Մեր պատմութեան հետ հաշտուիլ» խորագրին տակ: Ինսել յիշեցնելով, որ 24 ապրիլը 98-րդ տարելիցն է աղէտալի այն գիշերուան, որուն ընթացքին ձերբակալուեցան հայ համայնքի երեւելի երեսփոխանները, գրողները, լրագրողները, փաստաբանները, երաժիշտները բժիշկները եւ գիտնականները, կը գրէ, թէ անոնք աքսորուեցան դէպի Այաշ եւ Չանքըրը եւ մեծ մասամբ սպաննուեցան ճամբու վրայ: Անոնց մէջ կային անունի թիւրիմացութեան պատճառով ձերբակալուած աննշան մարդիկ ալ:

Ինսել դիտել կու տայ, որ 24 ապրիլ 1915-ը ազդանշան մըն էր այն մեծ մաքրագործումին, որ հայերու դէմ պիտի սկսէր ամիս մը վերջ, մաքրագործում, որուն նպատակն էր անկարեւոր թիւի վերածել հայ ժողովուրդին թիւը: Ասիկա միայն ազգաբնակչութեան քաղաքականութիւն չէր, այլ կը միտէր հայերու ինչքերն ու հարստութիւնները բռնագրաւել եւ զանոնք  մահմետական օսմանցիներուն բաժնելու քաղաքականութիւն որդեգրել: 1920-ին, երբ Անատոլուի մէջ բազմաթիւ մահմետականներ յանկարծ հարստացան, ատոր պատճառը տնտեսական զարգացումը չէր:

Ահմեթ Ինսել կարեւորութեամբ կը յիշեցնէ, թէ 1915-ին միայն հայոց ինչքերը չէին, որ թալանուեցան, մահմետական օսմանցիներու միջեւ բաժնուեցան նաեւ հայերու կիներն ու զաւակները, անոնք մահմետականացուեցան: Կան նաեւ հայեր, որոնք իսլամ կրօնը ընդունեցին տեղահանութենէ փրկուելու համար: Վերջապէս, հայ ժողովուրդը Անատոլուի աշխարհագրութեան վրայ ոչնչացուեցաւ սպանութիւններով, դէպի Սուրիա աքսորով, մահետականացուելով եւ անկէ ետք ալ հանրապետութենէն վախցող հայերուն արատասահման խոյս տալը ապահովելով: Ասիկա հայերու հազարաւոր տարիներու հետքերը սրբելու համար պետութեան կողմէ ծրագրուած հետեւողական ծրագիր մըն էր:

Իթթիհատականները ծայր աստիճան ծանր յանցանք մը գործած էին, եւ եթէ այդ շրջանին ցեղասպանութիւն բառը գոյութիւն ունենար, ատիկա այսպէս պիտի կոչուէր: Եւ միայն Իթթիհատականներու ղեկավարները չէին, որ յանցաւոր էին, յանցաւոր էին նաեւ թուրք, քիւրտ, չերքեզ, մահմետական օսմանցիներու մեծ մասը, որոնք զօրակցեցան կառավարութեան այն քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր Անատոլուն մաքրել քրիստոնեաներէն: Ոմանք նոյնիսկ եթէ սպանդին չմասնակցեցան կամ թալանէն բաժին չստացան, լուռ մնալով զօրակցեցան կառավարութեան այս մեղքին: Ինչպէս  Թաներ Աքչամ ըսած է` «Նոր Թուրքիոյ գոյութիւնը իրականացաւ հայերու այդ չգոյութեամբ»:

Ինսել իր յօդուածին վերջաւորութեան կը յիշեցնէ, թէ կային նաեւ մահմետական օսմանցիներ, որոնք այս յանցագործութեան դէմ եկան եւ պայքար մղեցին: Ահաւասիկ ասոնցմէ մէկը` Քիւթահիոյ «Մութթասարըֆ» Ֆայիք Ալի Պէյ Օզանսոյ:

Ինսել կը յիշեցնէ, թէ այսօր հաշտութեան մթնոլորտը այլեւս միայն քրտական հարցին մէջ չէ, այլ պէտք է ըլլայ նաեւ հայկական հարցին հետ: Այսպիսի հաշտութեան մը առաջին մասնիկն է մեր հասարակաց յիշողութեան մէջ մեր խղճմտանքին հետ հաշտուելու եւ մեր պատմութիւնը ճանչնալու հրամայականը:

http://www.aztagdaily.com/archives/117915

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ