Ցեղասպանութեանց ուսուցման Սառա Քորնինկ հիմնարկը սկսաւ իր աշխատանքներուն

Սառա ՔորնինկՀայ որբերու պահապան հրեշտակ գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի անունը կրող ցեղասպանութեան ուսուցման նոր հիմնարկ մը իր դռները բացաւ Թորոնթոյի մէջ:
Սառա Քորնինկ կեդրոնի հիմնական նպատակն է գանատական վարժարաններու, նախակրթարանի եւ Երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն փոխանցել ցեղասպանութեանց վերաբերող դաստիարակչական նիւթեր, ինչպէս նաեւ հետազօտական եւ ուսումնասիրական ծրագիրներ:
Ապրիլ 26-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Սառա Քորնինկ կեդրոնի հիմնադիր Րաֆֆի Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ հիմնարկի առաջնահերթ նպատակն է գանատացի աշակերտներուն սորվեցնել մարդկային իրաւանց արժէքներուն մասին: Կեդրոնի հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ Դանիէլ Օհանեանի հաստատումով, կեդրոնի դաստիարակչական ծրագիրները կը նպատակադրեն գանատացի ուսուցիչներուն վարժողական ծրագիրներով ծանօթացնել համաշխարհային պատմութեան ընթացքին գործադրուած տարբեր ազգերու ցեղասպանութիւններու պատմութեան:
Կեդրոնը արդէն իսկ հանրութեան ներկայացուցած է Ճորճթաունի հայ որբ տղոց Կանատա հաստատման 90-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը: Կեդրոնի պաշտօնական կայքէջն է www.corningcentre.org:

Սառա Քորնինկ ծնած է 1872-ին Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Չեգոկին քաղաքին մէջ: Առաջին Աշխարհամարտին անդամագրուած է ամերիկեան Կարմիր խաչին եւ որպէս կամաւոր գործուղուած է Օսմանյան կայսրութիւն` օգնութեան ձեռք երկարելու թրքական կոտորածներէն փրկուած բազմաթիւ հայ փախտականներուն եւ որբերուն: Այդ օրերուն գանատական մամուլը (Toronto World, The Halifax Herald, La Presse) բազմիցս անդրադարձած է հայկական կոտորածներուն:
1922-ին անդամագրուելով Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյց կազմակերպութեան` Սառան կը գործուղուի Զմիւռնիա: 1922-ի Սեպտեմբերին, քեմալական զօրքերը կը ներխուժեն Զմիւռնիա, որուն բնակչութեան 30 հազարը հայեր էին: Սեպտեմբերի 13-ին քեմալականները հրդեհեցին Զմիւռնիան, որուն զոհ գացին աւելի քան 100 հազար հայ եւ յոյն բնակչութիւն: Հրդեհէն փրկուած քրիստոնեաներու դէպի ծով փոխադրութիւնն ու նաւերու վրայ տեղաւորումը կը կազմակերպէին Կարմիր խաչը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցը:
Սառա Քորնինկի ջանքերուն շնորհիւ, կը հաւաքագրուի իգական սեռի մինչեւ 12 տարեկան շուրջ 5000 հայ եւ յոյն երեխաներ, որոնց ամերիկեան ռազմանաւերով կը տեղափոխեն Յունաստան: Հիմնելով իր որբանոցը Յունաստանի մէջ, ան կը լծուի իր սաները կրթելու աշխատանքին:
1923-ին, Յունաստանի Գէորգ Բ. թագաւորը Քորնինկին կը պարգեւատրէ Յունաստանի բարձրագոյն շքանշանով:
Քորնինկ իր կեանքի վերջալոյսի օրերը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ, ուր մահացաւ 1969-ին, 97 տարեկան հասակին: Իր դամբարանի յուշաքարին վրայ գրուած է «Ապրեցաւ՝ ուրիշներուն ծառայելու համար»:

http://www.horizonweekly.ca/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ