«Մօրս Ձայնը» պիտի ցուցադրուի Հանդուրժողականութեան թանգարանին մէջ

Մօրս ՁայնըԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ա-րեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի Հանդուրժողականութեան թանգարանին հետ համագործակցութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 28ին, կ.ե. ժամը 4ին, նոյն թանգարանին մէջ կազմակերպուած է Քէյ Մուրատեանի «Մօրս Ձայնը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում՝ ֆիլմի հեղինակ եւ համաարտադրող Քէյ Մուրատեանի, բեմադրիչ Մարք Ֆրիտմընի եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանի հետ:
«Մօրս Ձայնը» կը պատմէ Հաճընէն 14ամեայ Ֆլորա Մանուշեանի սրտառուչ պատմութիւնը: Ֆլորան, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, կորսնցուցած է իր ընտանիքը ու Միացեալ Նահանգներ հասած՝ ամուսնանալու համար մէկու մը հետ, որուն լուսանկարին ծանօթ էր միայն:
«Ֆլորայի ձայնով կը խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերն ու վերապրածները: Անիկա այնպիսի պատմութիւն մըն է, որ պէտք չէ մոռցուի», կ՛ըսէ Քէյ Մուրատեան:
«Անհատական պատմութենէն աւելի հզօր զէնք չկայ՝ կեանքը պատմութեան վերածելու համար: Մեզի համար պատիւ է Հանդուրժողականութեան թանգարանին մէջ ցուցադրել «Մօրս Ձայնը» ֆիլմը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յատուկ ծրագիրի մը ծիրէն ներս», կը յայտնէ թանգարանի տնօրէն Լիպէ Կեֆթ:
Այս յատուկ ցուցադրութիւնը կը հովանաւորեն Հերի եւ Շերլի Նաճարեանները եւ «Իկնէյշըս» հիմնադրամի հոգաբարձուներ՝ իրաւաբաններ Ուոլթըր Քարապեան, Ճորճ Ֆիլիփս եւ Մայքըլ Ամերեան:
Մուտքը ազատ է, սակայն պէտք է կանխաւ տեղեր ապահովել՝ այցելելով http://bit.ly/11FX9gi կայքը: Թանգարանին հասցէն է՝ 9786 West Pico Blvd., Los Angeles, CA, 90035:

http://asbarez.com/arm/161013/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ