ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն՝ ապրիլ 23ին, Իսրայէլի Քնեսեթը իր լիագումար նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը. այս մասին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակից՝ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:
Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի համակարգող դոկտ. Ժորժէթ Աւագեանի համաձայն՝ այս լուրը իրեն անձամբ յայտնած է «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Զահաւա Կալոնը, ապրիլ 21ին իրեն հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին: Հայ Դատի յանձնախումբը այժմ աշխատանք կը տանի ապահովելու համար հայկական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը՝ Քնեսեթի նշեալ նիստին. նաեւ, Քնեսեթի բոլոր անդամներուն ուղարկուած է բացատրական նամակ մը, ուր հակիրճ բացատրութիւն տրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
«Քնեսեթի այս գումարման մէջ շատ անդամներ նոր են եւ անոնք շատ տեղեկութիւն չունին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Քնեսեթի խոսնակը եւս նոր է: Ուստի կարեւոր է, որ մենք անոնց տեղեկութիւն փոխանցենք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին», ըսած է Աւագեան:
Իսրայէլի մէջ Քնեսեթի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ անցած յունուար 22ին, իսկ անոր ամառնային նստաշրջանի աշխատանքները սկսան ապրիլ 22ին:
http://asbarez.com/arm/160450/
Leave a Reply