ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիրի օգնական Նանօր Պարսումեան ուրբաթ, ապրիլ 19ին կը տեղեկացնէ, թէ Պոսթընի Մարաթոնի դէպքի կասկածելիներուն հետապնդումին հետեւանքով, նոյն օրը Մեսեչուսեցի նահանգապետարանին մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցի ոգեկոչումը յետաձգուած է, որովհետեւ քաղաքին մէջ արտակարք դրութիւն հաստատուած է, եւ կասեցուած է փոխադրական միջոցներու գործունէութիւնը:
Ան կ՛աւելցնէ, թէ Ուոթըրթաուն գտնուող «Հայրենիք»ը, Հայ կեդրոնը, դպրոցը, եկեղեցին ու հայկական այլ հաստատութիւններ ցարդ վնասներ չեն կրած։
Յայտնենք, թէ չէչէն երկու կասկածելիներու լուսանկարներու բացայայտումէն միայն 7 ժամ ետք, անոնք հինգշաբթի գիշեր գողութիւն մը կատարելու ընթացքին բացայայտուած են, սակայն անոնք Մեսեչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի պահակներէն մէկը սպաննած են ու ապա գողցած ինքնաշարժ մը՝ ազատ արձակելով անոր վարորդը: Ոստիկանութիւնը կրցած է կասկածելիները Ուոթըրթաունի մէջ անկիւնել. հոն տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումին ընթացքին սպաննուած է կասկածելիներէն մէկը, իսկ միւսը՝ փախուստ տուած է: Հետապնդումը կը շարունակուի, մինչ իշխանութիւնները իրենց տուներէն ներս մնալու կոչ կ՛ընեն շրջանի քաղաքացիներուն:
http://asbarez.com/arm/160273/
Leave a Reply