«Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը մեզի պիտի օգնէ, որպէսզի մեր գլուխը բարձր պահենք»

Թարքան«Սես-Oն-Լայն» համացանցի լրատու գործակալութեան էջերուն վրայ Տողան Թարքանի ստորագրութեամբ հրատարակուեցաւ յօդուած մը, որուն մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, որ «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը մեզի կ՛օգնէ, որպէսզի աւելի բարձր պահենք մեր գլուխը»:

Յօդուածագիրը այն կարծիքը կը յայտնէ, որ սա օրերուն, երբ կարեւոր քայլեր կ՛առնուին քրտական հարցի լուծման ի նպաստ, պէտք է քայլեր առնել նաեւ ճանչնալու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը: 24 ապրիլ 2013 թուականը այսպիսի արշաւի մը սկզբնակէտը կրնայ ըլլալ, թուրք ժողովուրդը հայ ժողովուրդէն ներողութիւնը պիտի խնդրէ եւ անկէ ետք աւելի բարձր պիտի կարենայ բռնել իր գլուխը: Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը, սուտի վրայ հիմնուած անցեալի մը հետ երես առ երես գալը մեզ չի պզտիկցներ, ընդհակառակը կը մեծցնէ, կ՛ապահովէ, որ այս երկրին մէջ ապրող մարդիկը աւելի բարձր կարենան բռնել իրենց գլուխը: Ասիկա կը նպաստէ նաեւ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ու քրտական հարցի լուծման:

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը քանի մը կարեւոր պատմական դէպքերու վրայ հիմնուեցաւ: Ասոնցմէ մէկն է քիւրտերու ինքնութիւնը անհետացնելու, քիւրտերը ձուլելու քաղաքականութիւնը: Կայ նաեւ միւս փոքրամասնութիւններուն գոյութիւնը ջնջելու քաղաքականութեան գործադրութիւնը: 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը գրեթէ ամբողջովին ոչնչացուց այս հողերուն ամէնէն հին բնակիչներէն ուրիշ ժողովուրդ մըն ալ` յոյները, մէկ կողմէ ջարդուեցան, միւս կողմ ալ այս հողերէն վտարուեցան: Այս գործընթացը շարունակուեցաւ մինչեւ մօտաւոր շրջաններ: Հայերու ու յոյներուն կողքին, ուրիշ բազմաթիւ ոչ իսլամ ժողովուրդներ ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան: Թուրքիոյ Հանրապետութեան նոր իշխող դասակարգերը կազմուեցան հայերու ու յոյներու հարստութիւններուն վրայ նստելով: Այսինքն Թուրքիոյ իշխող տարրերը եւ քիւրտ հողատէր աղաները ձեւաւորուեցան սպանդներու ու աքսորներու շնորհիւ: Յօդուածագիրը կը յիշեցեցնէ, որ երկու տարի ետք 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարեդարձը պիտի ըլլայ: Աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներ այս ցեղասպանութիւնը ճանչցած են, միայն Թուրքիան է, որ կը մերժէ ճանչնալ ու հազարումէկ պատրուակներ յառաջ կը քշէ: Այս օրերուն, երբ կարեւոր քայլեր կ՛առնուին քրտական հարցին ի նպաստ, պէտք է քայլեր առնուին նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար: Այս կերպով է, որ այս երկրին մարդիկը պիտի կարենան աւելի բարձր պահել իրենց գլուխը:

«Այս բոլորը կը գրեմ 24 ապրիլ թուականով եւ Զատկուան օրով սպաննուած զինուոր Սեւակի սպանութեան դատավճիռը կարդալով: Սեւակ զոհ գնաց ցեղապաշտ ոճրի մը, եւ անոր ոճրագործը երեք տարի ետք ազատ պիտի արձակուի: Մենք պիտի չմոռնանք ու պիտի չմոռցնենք ո՛չ Հրանդը, ո՛չ ալ Սեւակը», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը:

ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»)

http://www.aztagdaily.com/archives/115780

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ