ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, կիրակի, ապրիլ 14ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ «Իսլամացած հայերը Թուրքիոյ մէջ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ֆիլմը պիտի ներկայացնէ Արմէն Արոյեանը, որ բազմաթիւ առիթներով ուխտաւորներու այցելութիւններ կազմակերպած է դէպի Պատմական Հայաստան, ուր արձանագրուած աւելի քան 400 ժամեայ տեսաերիզներու արգասիքն է սոյն ֆիլմը:
Ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta CA, 91214):
http://asbarez.com/arm/159157/
Leave a Reply