«Հայոց ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ» նիւթով դասախօսութիւն

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Գրականութեան ՄէջՖՐԵԶՆՕ, «Հայ շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին ուսանողները այս տարուան յունուարէն ի վեր առիթն ունին հետեւելու Վենետիկի համալսարանէն դոկտ. Սոնա Յարութիւնեանի ներկայացուցած դասանիւթերուն, իսկ փետրուար 25ին, ամբողջ համայնքը առիթն ունեցաւ հետեւելու անոր ներկայացուցած շահեկան դասախօսութեան, որ նուիրուած էր «Հայոց ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ» նիւթին:
Դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան Հայագիտական ծրագիրի այցելու դասախօսներու «Գազան» ծրագիրին 10րդ այցելու դասախօսն է:
Դասախօսութեան կիզակէտն էր Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակը» վէպը, որուն միջոցաւ, Յարութիւնեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան նիւթը գրականութեան մէջ թափանցելու գործընթացի տարբեր հանգրուաններուն մասին:
Յայտնենք, թէ դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան իր դասաւանդած դասանիւթիւն ընդմէջէն շեշտը կը դնէ բանաւոր պատմութեան կարեւորութեան վրայ, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային` հետաքրքրութիւն ստեղծելով ուսանողներուն մօտ:

http://asbarez.com/arm/159066/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ