100-ամեակ. Հայոց հայրենահանման եւ հայրենալքման աղէտները

Armenian GenocideՅ. ՊԱԼԵԱՆ

Եթէ ենթաքաղաքական իրարանցումները եւ բան չնշանակող քաղքենիի չանհանգստացնող ճառերը մէկդի դնենք եւ ազգային գաղափարախօսութեան արժեչափերով մտածենք մեր կացութեան, ներկային, ապագային եւ նախաձեռնութիւններուն մասին, թերեւս տեսակաւոր ճահճացումներէ դուրս կու գանք: Այսինքն ընել այնպէս որ այսօրը վաղուան իրականացումներու իսկական վէմ ըլլայ:

Առանց յոռետեսութեամբ ամբաստանուելու սարսափի` աւելցնենք, եթէ ուշ չէ:

Ազգ մը համրանք է եւ մշակութային ինքնութեամբ կերտուած որակ:

Առանց համրանքի ազգը կը ջնջուի: Իսկ ինչպէ՞ս կը կորսուի համրանքը: Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ այդ տեսնելու եւ հասկնալու համար: Պատմութեան ընթացքին տիրող ուժեր դիմած են ֆիզիքական բնաջնջման միջոցին` վերջ տալու համար ազգի մը գոյութեան: Այդ միջոցին դիմեց Թուրքիան դար մը առաջ, առանց ամբողջովին յաջողելու:

Հայերը վերապրեցան իրենց հայրենիքի մէկ բեկորին վրայ: Նաեւ որպէս հայրենահանուած գաղթականներ` աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ: Այս հայրենահանուած գաղթականութիւնը պատշաճեցաւ, մերուեցաւ եւ մասամբ ալ ձուլուեցաւ այդ երկիրներուն մէջ` ընդգրկուելով անոնց արժէքներուն եւ մշակոյթներուն մէջ, աս-տիճանաբար կամ վերջնական կերպով կորսնցնելով սեփականը: Այսինքն ամէն օր քիչ մը աւելի կը կորսուի ազգային որակը` իւրացնելով նոր աշխարհներու բարքերը, սովորութիւնները, մշակոյթը, լեզուն, նորի իւրացումով, ինչ որ կը համարուի յառաջդիմութիւն եւ ընկերային կեանքի մէջ աստիճանի բարձրացում: Թէական համրանքի եւ իրական համրանքի միջեւ փոս կայ, զոր չենք ուզեր տեսնել, ի վիճակի ալ չենք առարկայական կերպով գնահատելու:

Այս հայրենահանման գաղթականութիւնը չի բաղդատուիր հայրենալքման գաղթականութեան հետ, որ հակազգային նոր երեւոյթ է եւ ըստ այնմ հարկ է զայն գնահատել` առանց զգացական եւ հայրենակցական թափահարումներու տուրք տալու: Երկու գաղթականութիւններու ո՛չ մեկնակէտերը նոյնն են եւ ո՛չ ալ նպատակները: Հայրենահանում եւ հայրենալքում տրամագծօրէն հակառակ դիրքերու վրայ կը դնեն ազգի հատուածները եւ կը յառաջացնեն որակական եւ տեսակարար տարբերութիւններ:

Հետեւաբար, ներազգային կազմակերպութիւնը, գործակցութիւնները, նպատակներու ճշդումը, գունագեղ ռազմավարութիւնները եւ մարտավարութիւնները եթէ նկատի չունենան այս հիմնական նշանակութիւն ունեցող հաստատումները, վերջնական շիջումէ առաջ դեռ կրնանք երկար կամ կարճ ժամանակ շարունակել խարխափումները` մեր զգացականութիւններու երգ ու պարով:

Առանց զգացումներէ եւ մարդորսական (prosélytisme) շահախնդրութիւններէ տարուելու, կունենա՞նք քաջ իրատեսութիւն` քննելու եւ արձանագրելու, թէ հասարակաց ի՞նչ ունին երկու գաղթականութիւնները: Անոնց հոլովոյթներու յառաջացուցած տարբերութիւնները յաղթահարելի՞ են: Այսինքն մէկութիւն կարելի՞ է յառաջացնել:

Զգացականութեան մշուշներուն մէջ անկարելի է ճիշդ կողմնորոշուիլ: Այս տարրական ողջախոհութիւնը յաճախ հարկ է կրկնել: Բայց էսթեպլիշմընթը չ’ուզեր խանգարուիլ: Երբեմն կը յիշեմ կարեւոր համարուած թերթի մը խմբագրին խօսքը, որ ինք տեղ չի տար հայերէնի ուղղագրութեանսխալագրութեան վէճինընթերցող չկորսնցնելու համար: Այս կ’ըլլայ ազգային ղեկավարո՞ւմ: Եւ ընդարմացուած հանրային կարծիքը չի հակազդեր:

Հայրենահանուածներու սփիւռքի տեղատուութեամբ չէ, որ հայոց ազգային հարցին  լուծումներ պիտի գտնուին: Պարզ է. հայրենահանուածները ժառանգորդ, բարոյական եւ իրաւական տէրերն են բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի: Դժբախտաբար խորհրդային օրերուն Արեւմտահայաստանի դատը փոխարինուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման մխիթարական պահանջով, ինչպէս կ’ըսէին սովետասէրները` խոչընդոտ չըլլալու համար «հայրենիքի քաղաքականութեան», եւ ուրիշներ ալ հետեւեցան եւ կը հետեւին հանգրուանային քաղաքական իմաստութեան` ճանաչումէն ետք կը խօսինք մնացեալի մասին ծակ-պտուկ տարազով:

Հայկական հարցը փակուղիի մէջ է յաչս արտաքին աշխարհին եւ նաեւ հոգեբանօրէն` ներազգային ճակատի վրայ, քանի որ ցեղասպանութեան ճանաչումը ներկայացուեցաւ որպէս նպատակ` առանց անոր հետեւողականօրէն կցելու բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեան անսակարկելի պահանջը, որ միջազգային ճանաչում ունեցած է Սեւրի դաշնագրով: Այսինքն սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը իսկական քաղաքական բովանդակութիւն չունի:

2015-ը «ֆեթիշ» թուականն է ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլ մանաւանդ` անոնց հայրենահանման եւ հայրենիքի իւրացման: Ակնդէտ պիտի սպասեմ լսելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի զանազան կեդրոնական եւ համախոհական յանձնախումբերու այս առիթով կատարելիք յայտարարութիւնները, ծրագիրները եւ մանաւանդ` նախաձեռնութիւնները:

Ո՞ր ազգային հիմնական եւ հիմնարար պագայակերտ առաջադրանքով պիտի ներկայանանք մեր ժողովուրդին եւ աշխարհին:

Հանգրուանային քաղաքական աճպարարութիւնը, եթէ յաջողի, ջաղացքի քար կը դնէ հայոց ազգային հարցին վրայ: Մեզ կը ստիպեն մենք մեզ ալ կը ստիպենք, բաւարարուիլ մանրանկար եւ յարաճուն կերպով դատարկուող Հայաստանի բեկորով: Ապա շատ ալ որոշ չէ, թէ ան ինչպէ՞ս պիտի տեւէ: Ցեղասպանութեան ճանաչումով երջանկացածներու եւ ծագումով հայերու համար ան պիտի դառնայ յիշատակի զբօսաշրջային տաճա՞ր:

Աւելին պահանջող եւ այդ պահանջի ետին կանգնած գիտակից զանգուած կը փնտռուի, որ ինքզինք ներշնչէ իրաւունքի եւ վերադարձի փիլիսոփայութեամբ: Իսկ զանգուածը ինչպէ՞ս առաջնորդել վերադարձի փիլիսոփայութեամբ, երբ հայրենալքումը տարերային է եւ բարեսէրներ ու մարդասէրներ, յաճախ մարդորսական նպատակներով… կը հաշտուին աղէտին հետ:

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ինչպէս կ’ըսեն ծովագնացները, ազգին նաւը կարելի՞ է սոսկ տեսողութեամբ ղեկավարել:

5 Փետրուար 2013, ՆուազիլըԿրան

 http://www.aztagdaily.com/archives/114012

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ