Թրքական դրամատուներուն դէմ հայերու բացած դատը Վճռաբեկ ատեան պիտի ներկայացուի

Թրքական Դրամատուներուն ԴէմԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, ապրիլ 4ին, իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի գրասենեակը տեղեկացուց, թէ որոշուած է Շրջանային 9րդ վճռաբեկ ատեանին դիմել՝ Թուրքիոյ պետական «Զիրաաթ» եւ Կեդրոնական դրամատուներուն դէմ բացուած դատին հարցով:
Ըստ նշեալ դատին՝ սոյն երկու դրամատուները Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն ապօրինի միջոցներով գրաւած են հայերուն լքուած կալուածները եւ այդ պատճառով ալ պէտք է վնասուց հատուցում վճարեն անոնց իրաւատէրերուն:
Մարտ 26ին, Լոս Անճելըսի մէջ հաստատուած դաշնակցային ատեանի դատաւոր Տոլի Ճի վճռած էր դատավարութիւնը չշարունակել՝ պնդելով, թէ քաղաքական հարցեր դիմագրաւող նման դատավարութիւն մը պիտի կատարուէր միայն այն ատեն, եթէ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային կառավարութիւնը ընդունած ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Սակայն, յատկանշական է, որ դատաւորը անհիմն համարած է թրքական դրամատուներուն այն պնդումը, թէ իրենց դէմ կարելի չէ դատ բանալ ամերիկեան ատեանի մը մէջ՝ շեշտելով, թէ դրամատուները հաշուետու կրնան ըլլալ, երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու:
Յիշեցնենք, թէ նշեալ դատը բացուած էր 2010ին, երեք հայերու անունով, Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած կալուածներուն փոխարէն հատուցում ստանալու նպատակով. սոյն դատով կը շեշտուի, թէ նշեալ դրամատուները Ցեղասպանութեան ժամանակ մեղսակից էին Թուրքիոյ կառավարութեան:

http://asbarez.com/arm/158784/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ