ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պահպանողական շրջանակներու յայտնի բանաստեղծ Իսմեթ Էօզել զգայացունց յայտարարութիւն մը կատարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրելու վերաբերեալ։ «Ինթերնեթհապեր» կայքին համաձայն՝ Էօզել պնդեց, թէ Իսրայէլի ներողութիւնը հող կը պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանէն ներողութիւն խնդրելու եւ նոյնիսկ հատուցում վճարելու հաւանականութեան։ Ըստ Էօզելի՝ Իսրայէլի «ներողութիւն»ը Ամերիկայի կողմէ «բռնութեամբ» պարտադրուած, «Սի.Այ.Էյ.»ի ճնշումներով ու 2015ի համար պատրաստուած մեծ ծրագիրի մը մէկ մասը կը կազմէ:
«Թուրք ժողովուրդը այս կացութեան համար ունի «առիւծը խեղդել տալ կատուին» դարձուածքը։ Այս բացատրութիւնը ես զինուորութեան ընթացքին սորվեցայ։ Թուրք ժողովուրդը համբերատար է։ Պատմութեան մէջ իր տեղը գրաւած օրերէն սկսեալ գիտէ, թէ ինչո՞ւ եւ մինչեւ ո՞ւր պէտք է հանդուրժէ։ Խեղդուող առիւծն ու խեղդող կատուն յայտնի են։ Յայտնի է, թէ առիւծը ի՞նչ տեսակ առիւծ մըն է, ինչպէ՞ս ձեռք ձգած է իր «առիւծ»ութիւնը եւ գիտէ, թէ կատուն, եթէ նոյնիսկ առիւծը խեղդած է, կատու ըլլալէ չի դադրիր։ Յայտնի է, թէ խեղդող ձեռքը որո՞ւն կը պատկանի։ Պէտք է ուշադրութեան յանձնել այն կէտը, որ եթէ իսկապէս ներողութիւն խնդրելու նիւթ մը խնդրոյ առարկայ է, Իսրայէլ ի՞նչ գետնի վրայ իրմէ գերիվեր երկիրէ մը ներողութիւն կը խնդրէ։ Իսրայէլ ո՛չ մէկ գերակայ ուժի դիմաց զիջում կ՛ընէ ներում խնդրելու աղաչանքով, այլ կը բանայ ճամբայ մը, որպէսզի 2015ին Թուրքիա ներողութիւն խնդրէ Հայաստանէն։ Թուրքիայէն հատուցում պահանջելու շարժումը մտահոգիչ զարգացման մը սկզբնաւորութիւնն է։ Ամերիկայի կառավարութիւնը Իսրայէլին կը յիշեցնէ՝ «մէկ դիր, հինգ ստացիր» տարազը։ Միայն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն է, որ չի հասկնար, որ եթէ Թուրքիա Հայաստանին հատուցում վճարէ, ատկէ օգուտ պիտի քաղեն թէ՛ Թել Աւիւը եւ թէ Աթէնքը», գրած է ան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիայէն ներում խնդրելու Իսրայէլի քայլը ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիա այլեւս այն երկիրը չէ, «որուն կարելի է որեւէ բան պարտադրել կամ զայն մղել լռութեան»:
Leave a Reply