Թուրք երեսփոխանը կը փորձէ քիւրտերու մասին իր խօսքը մեղմացնել, սակայն…

Պիրկիւլ Այման ԿիւլերՊՈԼԻՍ, «Մարմարա»- Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութենէն երեսփոխան Պիրկիւլ Այման Կիւլեր կը շարունակէ բանավէճի նիւթ դառնալ՝ անցեալ շաբաթ խորհրդարանին մէջ իր ըրած մէկ խօսքին պատճառով, որ շատերու կարծիքով ցեղապաշտ մօտեցումի փաստ էր։ Հաղորդած էինք նախապէս, թէ Կիւլեր խորհրդարանին մէջ հրապարակաւ ըսած էր՝ թուրքն ու քիւրտը կարելի չէ իրարու հաւասար նկատել: Քիւրտերը նուաստացնող այս յայտարարութիւնը փոթորիկ ստեղծած էր նաեւ Կիւլերի կուսակցութենէն ներս։

Այս պայմաններուն մէջ կ՛ակնկալուէր, որ Կիւլեր նոր յայտարարութեամբ մը մեղմացնէ իր ըսածը, բայց ան երկուշաբթի` յունուար 28ին, խորհրդարանին մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ո՛չ միայն չթեթեւցուց իր խօսքը, այլեւ դուռ բացաւ նոր բանավէճի մը։

Երեսփոխանը ո՛չ միայն ներողութիւն չխնդրեց, այլ նաեւ աւելցուց, թէ հիմա ի՛նք կը սպասէ, որ իրմէ ներողութիւն խնդրեն բոլոր անոնք, որոնք զինք ցեղապաշտ կամ ազգայնամոլ անուանեցին։

Կիւլեր նախորդ խօսքը պաշտպանել փորձեց՝ մէջտեղ նետելով «ազգ» եւ «ժողովուրդ» բառերուն միջեւ տարբերութիւն մը։ Ան յայտնեց, թէ ըսել կ՛ուզէր, որ թուրքը ազգ է, իսկ քիւրտը՝ ժողովուրդ։

Իր կարծիքով՝ խնդիրը այն է, որ հիմա քիւրտերը կը փորձեն ազգ դառնալ եւ ատիկա կրնայ երկիրը բաժանումի առաջնորդել։

http://asbarez.com/arm/152611/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ