Բողոքի արշաւ Սամաթիոյ մէջ հայերու վրայ կատարուած յարձակումներուն դէմ

Բողոքի ԱրշաւԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայերու վրայ կատարուած յարձակումներուն դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար խումբ մը թուրքեր կիրակի յունուար 27ին, Սամաթիոյ եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագէն ետք բողոքի քայլարշաւ մը կատարեցին՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխաններու մասնակցութեամբ։

Ըստ «Ակօս» թերթին՝ երթին մասնակիցները Քոճամուսթաֆա Փաշա կանգառէն քալած են դէպի Սամաթիոյ հրապարակ:

Ցուցարարները «Հայ ժողովուրդի կողքին ենք. խտրականութեան ճամբայ պիտի չտանք», «Մի՛ դպչիր իմ հայ դրացիիս», «Ատելութիւնը՝ ձեզի, մարդկութիւնը՝ մեզի» գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած են: Մասնակիցները մեխակներ զետեղած են 2012-ի դեկտեմբերին սպաննուած տարեց հայ կնոջ՝ Մարիձա Քիւչիւքի տան առջեւ: Սամաթիոյ բնակիչները ցոյցը ողջունած են ծափահարութիւններով:

Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց ուսումնասիրման յանձնախումբի անդամ եւ Մերսինի շրջանի երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւքչիւք Սամաթիոյ հրապարակին վրայ իր ունեցած ելոյթին ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ յարձակումները կատարուած են խտրականութեան հողի վրայ եւ ընդգծած պատահարին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հաւաքին մասնակցած է նաեւ Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր։ Սամաթիոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր ըսած է, որ պիտի չարտօնուի խանգարել խաղաղութեան մթնոլորտը։ Իսկ Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր շեշտած է, որ ապահովութեան տնօրէնութիւնը միջոցառումներու դիմած է  թաղի ապահովութեան համար, եւ այդ առումով արձանագրութեան գործիքներ պիտի զետեղուին՝ ապագային նման ոճիրներ կանխարգիլելու համար։

«Պիանեթ» այս մասին հրատարակած է Նիկայ Վարտարի ստորագրութեամբ հետեւեալ թղթակցութիւնը.

«Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ քահանան կը քարոզէ։ «Մինչեւ այս օրերը անցնին, երիտասարդները թող ընկերանան տարեցներուն»,-կ՛ըսէր ան։ Կիրակի է, պատարագ կը մատուցուի, մոմեր կը վառին։ Մարդիկ հոս շարունակ կը խօսին յարձակումներու մասին։ Երկու քոյրեր, որոնք պատարագէն դուրս կու գան, կ՛ըսեն, որ չեն ուզեր մտածել, թէ յարձակումները ատելութեան հարց են, բայց ինչո՞ւ հայերը կ՛ընտրուին։ «Տարիներէ ի վեր հոս կը բնակինք, իրարու զաւակ տուեր-առեր ենք, իրարու հետ մէջմէջի ենք։ Մե՞նք միայն այսպէս կը մտածենք արդեօք»,-կ՛ըսեն անոնք։

«Ամէն մարդ կը վախնայ հիմա. առանց պատուհանէն նայելու դուռ չի բացուիր, գիշերուան ժամերուն փողոց չեն ելլեր, կ՛ըսուի, որ շէնքերէ ներս մտնել ուզող մարդիկ կան, կարգ մը յարկերու դրան վրայ խաչի նշան գծուեր է։ Կը պնդուի, որ նախայարձակները եկեղեցւոյ ելքին կը հետապնդեն տարեց կիները ու կը ճշդեն անոնց տան հասցէները։ Բայց ատոր փոխարէն, մէկ հատ իսկ ոստիկան չկայ եկեղեցւոյ դրան առջեւ։ Իսկ եկեղեցւոյ վարիչները կ՛ըսեն. «Թող ոստիկան տնկելով՝ մեզ մեր թշնամիներուն թիրախ չդարձնեն, բայց թաղին մէջ կարգ մը միջոցներ պէտք է առնուին»։

«Այս Կիրակիի պատարագն ալ վերջացաւ բնականոն կերպով։ Այս անգամ արարողութեան ընթացքին եկեղեցի եկան նաեւ երեսփոխաններ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ, Սեպահաթ Թունճել, Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր եւ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, որոնք մասնակցեցան բողոքի քայլարշաւին: Մասնակիցներուն մէջ կային նաեւ Խոսրով Տինք, Կարօ Փայլան, Ուֆուք Ուրաս, Ֆեհատ Թունչ եւ բազմաթիւ գործիչներ։ Սամաթիոյ տուներու պատուհաններէն շատեր սուլիչներով զօրակցեցան քայլարշաւին։ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւի կողքին Թունճել եւս կառավարութիւնը քննադատեց եւ պնդեց, թէ կառավարութիւնը մէկ կրօնք, մէկ լեզու քարոզելով՝ ատելութեան հիմը դրաւ այս երկրին մէջ։ Ան պահանջեց, որ երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ աշխատանք տանին, որպէսզի ժամ առաջ ընդունուի ատելութիւնը յանցագործութիւն նկատող օրէնքը։

«Մամուլին յայտարարութիւն մը ըրաւ Ահմետ Սայմատի, որ ըսաւ, թէ այս յարձակումները, անհատական բնոյթ ունենալով հանդերձ, կարծես հետեւողական ու կազմակերպուած արշաւի մը արդիւնքն են։ «Ասոնք ցեղապաշտ ազդարարութեան մը նշաններն են։ Ասոնք, այս օրերուն, երբ կը մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի՛ քաղաքականութիւն մը պիտի վարեն իշխանութիւնները»,-ըսաւ ան եւ յիշեցուց զինուորական տարազով սպաննուած Սեւակ Պալըքճըն, նաեւ՝ Թաքսիմի մէջ այն հաւաքոյթը, ուր ներքին գործոց նախարար Նայիմ Շահին կանգնած էր «Բոլորդ ալ հայ էք, բոլորդ ալ բոզի զաւակ էք» գրուած ցուցատախտակին առջեւ։ Ան յիշեցուց նաեւ, թէ Պոլսոյ նախկին կուսակալ Մուամմեր Կիւլեր, որ թերացումներ ունեցած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ, հիմա ներքին գործոց նախարար նշանակուած է։ Ան հարցուց, թէ հիմա այդ Կիւլերին ստեղծած ոստիկանութի՞ւնն է, որ երեւան պիտի հանէ Մարիձա Քիւչիւքի ոճրագործները։ «Արկածով արձակուած այս գնդակները միշտ հայերո՞ւն պիտի հանդիպին»,-հարց տուաւ ան»։

Իր կարգին «Թարաֆ»ի սիւնակագիր Մարգար Եսայեան, անդրադառնալով հայերու վրայ յարձակումներուն, գրած է այն բոլոր զրկանքներուն մասին, զորս իր ընտանիքը կրած է Թուրքիոյ մէջ 1915-էն ի վեր, պարզապէս՝ որովհետեւ հայ եղած է: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ բոլոր հայերու ցանկութիւնն է արժանապատիւ եւ հանգիստ կեանք ունենալ: «Ինչ որ էր պատճառը 85-ամեայ Մարիձա Քիւչիւքի սպանութեան եւ միւս հայ կանանց վրայ յարձակումներուն ետին, միեւնոյն է, այս երկիրին մէջ հայ ըլլալը կը շարունակէ վտանգաւոր ըլլալ: Այս երկիրը մէկ օրուան մէջ չի փոխուիր: Այդ փոփոխութիւնը կրնայ ըլլալ միայն այս դէպքերուն մեր տուած արձագանգին եւ պետութեան դրսեւորած դիրքորոշման շնորհիւ: Ինչպէս բոլորը, մենք եւս պարզ փափաք ունինք՝ հայ ըլլալով ապրիլ առանց վախնալու, առանց մեր ծոծրակին փամփուշտ ստանալու եւ հանգիստ մահ գտնել մեր սեփական անկողինին մէջ»,-եզրափակած է Մարգար Եսայեան:

«Թարաֆ»ի այլ յօդուածագիր մը` Գուրթուլուշ Թայիզ, «Սամաթիոյ զառիվերը» խորագրեալ յօդուած մը գրած է յարձակումներուն մասին: Յօդուածին մէջ ան դիտել կու տայ, որ հայ կիները այժմ կը վախնան Սամաթիոյ մէջ, եւ ասիկա կը յիշեցնէ Հրանդ Տինքի կողմէ արտասանուած «Աղաւնիին անհանգստութիւնը» խօսքը։ «Հիմա բանավէճի նիւթ դարձած է թէ` Սամաթիոյ յարձակումները կազմակերպութեա՞ն մը կողմէ կը գործադրուին, թէ ոչ։ Բայց ասիկա մեծ տարբերութիւն մը կ՛ընէ՞։ Ոստիկանութիւնը այս յարձակումներէն ոչ մէկուն հեղինակը կրցաւ յայտնաբերել ցարդ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնն իսկ կը հետապնդէ այս դէպքերը, իսկ Պոլսոյ կուսակալը կը պնդէ, թէ «այս յարձակումներուն նպատակը գողութիւն է եւ ցեղային նպատակ մը չկայ մէջտեղը»,-գրած է Թայիզ:

http://asbarez.com/arm/152438/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ