«Առաջին լրատուական» լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Փարիզի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան` անդրադառնալով նոր օրինագիծին շուրջ ծաւալող հոլովոյթներուն յայտնեց, որ ֆրանսահայ համայնքը կը սպասէ Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող նոր օրինագիծի մշակման:
Ան տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ որեւէ նորութիւն չկայ, աւելի՛ն` Վալերի Պուայէի նախաձեռնութիւնն ալ սառած է: Ըստ անոր, ֆրանսահայ համայնքը տակաւին կը սպասէ, որ Էլիզէի պալատի յանձնախումբը մշակէ Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող նոր օրինագիծը, ինչպէս խօսք տուած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ: «Մենք սպասողական վիճակի մէջ կը գտնուինք եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին անպայման փորձնական յայտարարութիւններ պիտի կատարուին նոր օրէնքին կապակցութեամբ, որմէ ետք երբ գործնական դառնայ եւ օրակարգ բերուի, ապա պիտի յստականայ օրինագիծի ներկայացման ձեւը Ազգային ժողովին մէջ», յոյս յայտնեց Հրաչ Վարժապետեան:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծի վերաներկայացումը խորհրդարանին մէջ երկփեղկուածութեան պատճառ դարձած է: Թէեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ վստահեցուցած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող նոր, իրաւական առումով ապահով օրինագիծ պիտի մշակուի Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ, որպէսզի Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը ատիկա ընդունի, Պուշ Տը Ռոնի շրջանէն ընտրուած երեսփոխան Վալերի Պուայէ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ սահմանող իր օրինագիծը, որ նախորդ տարի Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին մէջ մերժուած նախագիծին կրկնութիւնն է:
http://www.aztagdaily.com/archives/104241
Leave a Reply