Թուրքիոյ մէջ հայերու վրայ յարձակումներու հարցը խորհրդարան կը հասնի

Ումութ ՕրանԹրքական «ՀապերԷքս» լրատուական կայքը ուրբաթ, յունուար 25ին հաղորդեց, թէ վերջին շաբաթներուն Պոլսոյ Սամաթիա շրջանին մէջ հայ տարեց կանանց վրայ յարձակումներուն առնչութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հարցումներ ուղղած է գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ումութ Օրան:
Երեսփոխանը, որ նաեւ կուսակցութեան փոխնախագահն է, հարց տուած է. «Այս յարձակումները անհատակա՞ն բնոյթ ունին, թէ կազմակերպութեան մը կողմէ կը համադրուին: Որո՞նք են այս բռնարարքներուն հեղինակները: Ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմել՝ երաշխաւորելու համար Սամաթիոյ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը»: Պատգամաւորը նաեւ շեշտած է, թէ կան վկաներ, որոնք տեսած են յարձակումը իրականացնողները, սակայն ցարդ ոչ ոք ձերբակալուած է յարձակումներուն կապակցութեամբ:
Հայ կանանց դէմ իրականացուած բռնութեան դէպքերուն մասին «Զաման»ի մէջ յունուար 25ին անդրադարձ մը ունի նաեւ սիւնակագիր Նիքոլ Փոփ, որ գրած է, թէ հայերու դէմ ակնյայտ արշաւ մը սկսած է: «Յանցագործները նոյնիսկ կանանց պայուսակներ չեն գողցած՝ հերքելով գողութեան վարկածը», գրած է ան՝ զարմանք յայտնելով, թէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, թրքական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կրնան արտօնել, որ ատելութեան վրայ հիմնուած նման յանցագործութիւններու թիւը աճի:
Իր կարգին, «Ակօս» կը գրէ, թէ Թուրքիա կը շարունակէ լռել այս յարձակումներուն դիմաց, իսկ Թուրքիոյ հայերուն ձայնը չի՛ լսուիր ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ հանրային դաշտերուն մէջ:

http://asbarez.com/arm/152235/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ