Հայ եւ թուրք ուսանողներ քաղաքացիական յարաբերութիւնները զարգացնելու ծրագիրի կը նախաձեռնեն

Հայ Եւ Թուրք ՈւսանողներԹուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքացիական յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակով հայ եւ թուրք ուսանողութեան ներկայացուցիչներ Պոլսոյ Կալաթասարայի համալսարանին մէջ ստորագրած են երեք յօդուածներէ բաղկացած արձանագրութիւն: Արձանագրութեամբ սկիզբ առած է «Թուրքիա-Հայաստան ուսանողական նախաձեռնութիւններ» կոչուած նախագիծը: «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Հայաստանի ուսանողական միութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ մամուլի յանձնաժողովի անդամ Տաթեւիկ Սարգսեանը: Արձանագրութիւնը ստորագրուած է Հայաստանի ուսանողական ազգային միութեան եւ Թուրքիոյ ուսանողական խորհուրդին կողմէ: Հայ-թրքական  ուսանողական նախաձեռնութիւնը, որուն տրուած է «Արարատ» անունը, կը նախատեսէ յառաջիկայ ամրան գործադրել ուսանողներու փոխանակման առաջին ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ երկու երկիրներէ հինգական ուսանողներ կարելիութիւն պիտի ունենան միամսեայ լեզուի դասընթացքներու հետեւիլ դրացի երկրին մէջ: Արձանագրութեան մէջ նշուած է, որ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կրթական եւ մշակութային աշխուժութիւնը առողջացնելու նպատակ հետապնդող արձանագրութեան մեծագոյն առանձնայատկութիւնը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքացիական երկխօսութեան սկսիլն է՝ առանց որեւէ երրորդ ուժի մասնակցութեան»: Նախագիծի թրքական կողմէ համակարգող Էլիֆ Շահին իր կարգին դիտել տուած է, որ ուսանողական այդ նախաձեռնութիւնը ջերմօրէն ընդունուած է իրենց կողմէ։

http://asbarez.com/arm/152052/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2013
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ